Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող խորհուրդը, հիմնուելով 29 փետրուար – 1 մարտ 2020-ին Անթիլիասի մէջ կայացած իր նիստին որոշումներուն վրայ, մէկ տարուան ժամանակամիջոցի մէջ կազմակերպեց տարածաշրջանային առցանց խորհրդակցութիւններ: Արդէն իսկ կայացած են Մերձաւոր Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկաներու եւ ԱՊՀ երկիրներու մէջ գործող հայկական լրատուամիջոցներու խմբագիրներու առցանց հանդիպումները:
Այս փուլի 5-րդ եւ եզրափակիչ առցանց ժողովը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 15 մարտ 2021-ին, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 18:00-ին:
Իբրեւ նիւթ նկատի առնուած է «Հայաստանի եւ Արցախի լրատուամիջոցը ներկայ պայմաններուն մէջ. դժուարութիւններ եւ դիմագրաւման միջոցներ»-ը:
Մասնակցիլ փափաքողներէն կը խնդրուի կապուիլ հետեւեալ ե-նամակի հասցէին` [email protected]
Ծանօթ.- Հայկական լրատուամիջոցներէն կը խնդրուի այս ազդը հրապարակել:
ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՀԱՄԱԺՈՂՈՎՆԵՐԸ ՀԱՄԱԿԱՐԳՈՂ ԽՈՐՀՈՒՐԴ