ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով արդէն փորուած են 3 խորքային հորեր Մարտունի եւ 1 այլ հոր Ասկերան շրջաններուն մէջ:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ յայտնած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Անոյշ Մարտիրոսեան՝ տեղեկացնելով, որ խորքային հորերէն մէկը կը գտնուի Ասկերանի շրջանի Յովսէփաւան համայնքին մէջ, ուր, սակայն, ջուրի պաշարներ չեն յայտնաբերուած: Միւս 3-ը կը գտնուին համապատասխանաբար Մարտունիի շրջանի Հաղորտի համայնքի տարածքին, շրջանի կեդրոնի «Արցախկազ» ընկերութեան տարածքային մասնաճիւղի եւ Մարտունի քաղաքի մերձակայքը:
«Ջուրը շուտով պիտի հասնի արցախեան հողատարածքներ: Աշխատանքներու աւարտէն ետք այս 4 հորերուն շնորհիւ պիտի ոռոգուի շուրջ 70 հեկտար հողատարածք: Այգիներու, ցորենի արտերու եւ տեխնիկական (արհեստագիտական-Խմբ.) մշակաբոյսերու ոռոգման համար ջուր պիտի ունենան շուրջ 40 ընտանիքներ: Այժմ շինարարները նոր հերը կը փորեն», պատմեց Ա. Մարտիրոսեան: