Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Համահայկական օրակարգի բացակայութիւնը (Արցախի միասնական կեցուածքէն մինչեւ գագաթնաժողով)

October 29, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Համահայկական օրակարգի բացակայութիւնը (Արցախի միասնական կեցուածքէն մինչեւ գագաթնաժողով)

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Արցախի խորհրդարանական ուժերուն միացեալ յայտարարութիւնը ներկայ պայմաններուն մէջ եզակի երեւոյթ է: Արցախի խորհրդարանը տարբեր առիթներով եւս հանդէս եկաւ միասնական դիրքորոշումով: Յատկապէս ապաբռնագրաւման օրէնքին շուրջ համախմբուած Արցախի խորհրդարանը յստակ սահմանեց հետագայ քաղաքական աշխատանքներու ուղղութիւնները թէ՛ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման եւ թէ՛ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ պայքարը շարունակելու ճանապարհային քարտէսը յստակացնելով:

Դժբախտաբար Արցախի օրինակը չդարձաւ վարակիչ: Ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ո՛չ ալ սփիւռքը յաջողեցան ճգնաժամային պայմաններուն մէջ համախմբուիլ Արցախի նման: Ընդհակառակը, պաշտօնական Երեւանի բաժանարար վարքագիծը տեղափոխուեցաւ սփիւռք, ուր ամէնէն համահայկական օրակարգի վերածուելու կոչուած խնդիրներուն շուրջ բացակայեցաւ համախմբումը:

Նախկին տասնամեակներուն եռամիասնութեան խորհուրդը կ՛առարկայանար Հայաստան-սփիւռք համագումարներով: Որքան ալ որ շեշտուի, թէ նման համաժողովներ փառատօնային բնոյթ ունէին, որքան ալ քննադատութիւններ հնչեն, որ այդ համաժողովներէն չէին բխեր շարունակական աշխատանքներ, համակարգուած մեքենաներ, այդուհանդերձ փաստը կը մնայ փաստ, որ հերթական անգամ կը համախմբուէին Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի ներկայացուցչութիւնը հանդիսացող մարդուժը: Հերթական անգամ կը հրապարակուէր համահայկական օրակարգի համապատասխան յայտարարութիւն: Նոյնիսկ աննախընթաց աշխատանքային ուղեցոյց-փաստաթուղթ` Համահայկական հռչակագիր խորագիրին տակ: Այս բոլորին առընթեր մասնագիտական համախմբումներ կը կայանային, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛օժտուէր համակարգող կառոյցներով: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովն ու տարածաշրջանային յանձնախումբերը կ՛առաջնորդուէին նոր կառուցակարգի` Համազգային խորհուրդի:

Իշխանափոխութենէն ետք ի սպառ բացակայեցան այս բոլորը: Պետականութիւնը շարունակականութիւն է. եւ կանոնակարգման ընթացքին մէջ եղող այդ ժառանգութիւնը, թէկուզ վերափոխելով, այդուհանդերձ եռամիասնական ձեւաչափը պահպանելը հրամայական էր:

Այս օրերուն գումարուող գագաթնաժողովը փաստօրէն չէ յաջողած ներառել սփիւռքի ներկայացուցչական կազմը. այլ դուրս մնացած են նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնական ուժերը: Խորհրդարանական ուժերը կ՛ընդգծեն, որ անցած տասնամեակներուն Արցախը եղած է այդ համախմբման հիմնական առանցքը, հանդիսացած է հայկական աշխարհի խմորիչը, մարմնաւորած է հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի տեսլականը: Արցախով սկսուած է եւ Արցախով իմաստաւորուած իւրաքանչիւր համախմբման կոչ, իւրաքանչիւր համահայկական գաղափար:

Հիմա փաստօրէն այդպէս չէ. գագաթնաժողովի օրակարգը եւ նախատեսուած ձեռնարկները պատշաճ ու համարժէք չեն անդրադառնար Արցախին եւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն: Արցախը կը բացակայի այս գագաթնաժողովէն, այն պարագային, երբ պէտք է համազգային տագնապի կոչնակ հնչեցնել:

Պէտք չէ զարմանալ. երբ չկայ համազգային օրակարգ, չի կայանար որեւէ համահայկական համագումար, թէկուզ գագաթնաժողովի տպաւորութեամբ: Համահայկական օրակարգի մշակման համար ներգրաւուած պիտի ըլլային ինչպէս Երեւանը, այնպէս նաեւ Ստեփանակերտն ու սփիւռքը: Համահայկական օրակարգը միայն կրնար համախմբել եռամիասնութիւնը:

Արցախեան օրակարգի բացակայութիւնը միայն ներազգային բնոյթ չունի: Նման հրատապ խնդիրներու ոչ լիարժէք ներառումը գագաթնաժողովի աշխատանքներուն քաղաքական բացատրութիւն ունի: Երեւանը այսօր նոյն ներգրաւուածութեան տարողութիւնը չունի արցախեան հիմնահարցին: Նոյն երաշխաւորութիւնը չունի: Նոյն դիրքորոշումը չունի եւ իբրեւ այդպիսին վերապահ է Արցախի Հանրապետութեան որդեգրած ապաբռնագրաւման օրէնքին եւ Արցախէն հնչած համահայկական օրակարգ առաջադրող միասնական հրապարակումներուն նկատմամբ:

Ուրեմն, ներազգային հարթութեան վրայ ա՛յլ նախաձեռնութիւններ պէտք են միասնական հարթակներու ձեւաւորման համար: Եւ այդ հարթակներու կայացման իբրեւ նախապայման` համահայկական օրակարգի մշակման:

 

Previous Post

Լուսադէմին տեսայ վանքը

Next Post

Որևէ պարագայում մեր պետականությունը, ինքնիշխանությունը, սուվերենությունն ու անկախությունը որևէ մեկին չենք զիջի. Փաշինյան

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.