ՄՈՎՍԷՍ Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ
Սիրելի՛ ընթերցող`
Այս օրերուն, առանց յանցանք գործած ըլլալու, մենք բոլորս ալ հարկադրաբար ներառուած ենք համաճարակային ոլորապտոյտի մը մէջ, ուր մէկ կողմէն «կամովին»տնային կալանքի կ’ենթարկուինք եւ միւս կողմէ կեանքը տարբեր տեսանկիւնէ դիտելու ճանապարհներ կը փնտռենք ու …
Այսօր դարձեալ պիտի խօսիմ այնպիսի նիւթի մը շուրջ, որ թէ՛ դուրս է իմ մասնագիտութենէս եւ թէ՛ իմ անմիջական հետաքրքրութիւններուս մաս չի կազմեր:
Հարցը հետևեալն է: Վերջերս գրած «Համաճարակը եւ մենք» խորագիրը կրող ակնարկիս մէջ կը բողոքէի, թէ «ինչո՞ւ լրատուամիջոցները աւելի ժխտական լուրեր կը հաղորդեն, քան` դրական»: Առիթը «Քորոնա» համաճարակին ստեղծած վախն ու տագնապն է, որուն ենթակայ ենք բոլորս: Յիշեալ ակնարկին վերաբերող բազմաթիւ ու բազմատեսակ արձագանգներ ստանալէ ետք, պարտք զգացի համացանցային նոր պրպտումներ ընելու, պարզապէս յաւելեալ դրական տեղեկութիւններ հաւաքելու համար համաճարակներու եւ անոնց բուժման մասին: Չեմ գիտեր ինչո’ւ անձնապէս համոզուած եմ, որ համաշխարհային բնոյթի այս աղէտը արհեստականօրէն կը չափազանցուի, եւ ի զուր տեղը մարդկութիւնը կը մղուի յաւելեալ անդոհանքներու ու նոյնիսկ ընկճախտի: Այո՛, ճշմարտութիւնը այն է, որ բուժման միջոցներուն ու համաճարակի համեմատաբար նուազ վտանգաւոր ըլլալուն մասին շատ աւելի քիչ կը ծանուցուի, քան` անոր պատճառած թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեբանական վնասներուն մասին: Սակայն այս ակնարկի գրուելուն պատճառը այդ չէ: Այլ այն որ «Քորոնա» ժահրին պատճառած հետեւանքներէն շատ աւելի վատ տուեալներ կան, որոնց մասին ո՛չ կը խօսին, ո՛չ կը գրեն եւ ո՛չ ալ կը մտահոգուին, թէ՛ իշխանութիւնները եւ թէ՛ լրատուամիջոցները:
Իմ համբերատա՛ր ընթերցող,
Ստորեւ պիտի արձանագրեմ տեղեկութիւններ, քաղուած` ձեր շատերուն ծանօթ «Worldometers.info» կայքէն, որ ոչ թէ ժամը-ժամուն, այլ երկվայրկեանը-երկվայրկեանին կը տեղեկացնէ ամէն ինչ: Այդ պատճառով ալ թիւերը անընդհատ կ’աւելնան:
Այսօր, ուրբաթ, 3 ապրիլի առաւօտեան ժամը 3:00-ի տուեալներով, այս տարի, այսինքն` վերջին երեք ամսուան ընթացքին աշխարհի տարածքին իրարու հետ շփուելու հետեւանքով հիւանդացած (Communicable disease deaths) մարդոցմէն մահացած է երեք միլիոն երեք հարիւր հազարէ աւելի (3.300.000) մարդ: Առ այդ, եղանակային ընթացիկ հարբուխէն մահացած են (seasonal flu deaths) շուրջ հարիւր քսան չորս հազար (124.000) մարդ: Իսկ ՍԻՏԱ-ով (HIV/AIDS) վարակուած են քառասունմէկ միլիոն վեց հարիւր ութսուն երեք հազար (41.683.000) մարդ, որոնց չորս հարիւր քսանութ հազարը (428.000) մահացած է արդէն: Նկատի առէք նաեւ, որ միայն մալարիայէն (որ յաղթահարուած համաճարակ կը նկատուի) մահացած են երկու հարիւր յիսուն հազար (250.000)մարդ: Յստակացնելու համար կը կրկնեմ. այս թիւերը կը վերաբերին այս տարուան վերջին երեք ամիսներուն միայն:
Թէեւ մինչեւ այս պահը երկրի վրայ «Քորոնա»-ով վարակուածներու թիւը անցած է մէկ միլիոնը, սակայն ցարդ մահացած է յիսուն մէկ հազար չորս հարիւր (51.400) մարդ: Եկէք համեմատենք հիմա «Քորոնա»-էն մահացածներուն քանակը մալարիայի կամ թէկուզ ընթացիկ հարբուխէն մահացածներու թիւերուն հետ ու եզրակացնենք: Աւելի ճիշդը դուք ինքներդ կրնաք եզրակացնել…
Իմ կասկածամի՛տ ընթերցող, ես ալ քեզի նման կասկածեցայ թիւերու ճշգրտութեան: Դուն ալ կրնաս ստուգել, աղբիւրը նշած եմ արդէն: Կրկնակի ու երակի ստուգելէ ետք հաւատացի ու չսխալելու համար, թէ՛ տառերով եւ թէ՛ թիւերով արձանագրեցի զանոնք:
Սիրելի՛ ընթերցող, այս բոլորէն ետք, տրամաբանական կը գտնէ՞ք «Քորոնա»-ի առիթով փրցուած հաւարն ու ստեղծուած ահազանգային վիճակը: Ինչո՞ւ կը լռեն վերոյիշեալ միւս համաճարակներուն մասին, իսկ «Քորոնա»-ի պարագային ամէն ինչ իրար կ’անցընեն, նոյնիսկ կեանքը կը կաշկանդեն,ու չափազանցուած կերպով ահազանգի կը մատնեն ամբողջ աշխարհը: Չէ՞ք կարծեր, որ սխալ եւ անհեթեթ բան մը կայ այս բոլորին մէջ: Երբ իրողապէս անտրամաբանական երեւոյթ մը ի յայտ կու գայ կեանքին մէջ, վստահ եղէք, որ անոր տակը քողարկուած, սակայն տրամաբանական պատճառ մը պէտք է գոյութիւն ունենայ: Խնդիրը այն է, որ այդ «տրամաբանական պատճառը» միշտ չէ որ մենք կրնանք կռահել: Ու բնականաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը, համաձայն իր դատողութեան, կրնայ տարբեր եզրակացութիւններու յանգիլ: Եթէ հիմա իսկ ուղղակիօրէն հետեւինք միջազգային լրատուամիջոցներու հաղորդումներուն, պիտի նշմարենք, որ անընդհատ կը խօսուի տնտեսական մեծ վնասներու մասին (նոյնի՛սկ կարգ մը պետութիւններ կը խոստանան ժողովուրդին վնասուց հատուցումներ յատկացնել որոշ պարագաներու): Արդէն իսկ աշխարհի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութեան գործերը խանգարուած են, միջազգային տնտեսութիւնը յետընթացի մէջ է, ու վնասները հսկայական չափերու հասած:
Իմ արուեստասէ՛ր ընթերցող, քեզի օրինակ մը տամ ֆիլմաշխարհէն: The Good, The Bad and The Ugly ժապաւէնը յայտնի է շատերու: Անձնապէս քանի մը անգամ դիտած եմ զայն, որովհետեւ ունի հետաքրքրական դիպաշար, պատճառաբանուած խաղարկութիւն, հրաշալի բեմադրութիւն, մէկ խօսքով` բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ժապաւէններէն մէկը կը նկատուի: Դէպքը առնուած է Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ օրերէն, ուր ամէն ինչ տակն ու վրայ էր եւ շունը տէրը չէր ճանչնար, ինչպէս կ’ըսէ ժողովրդական առածը: Իսկ գլխաւոր երեք կերպարներուն համար պատերազմն ու տիրող անիշխանական վիճակը դրամ շահելու միջոցներ էին պարզապէս: Թէեւ ասիկա չենք կրնար ընդհանրացնել, այնուամենայնիւ անհաւանական չէ որ ըլլան ընչաքաղց պատեհապաշտներ, որոնք պիտի փորձեն շահագործել տիրող համաշխարհային այս տագնապը: Այսպէս եղած է պատերազմներու ու նոյնիսկ բնական աղէտներու ժամանակ: Այնպէս որ կարիք չկայ մտահոգութիւնը սարսափի, եւ տագնապը խուճապի վերածելու, որովհետեւ արհեստական շատ բան կրնայ «սպրդիլ» լրատուամիջոցներու եւ նոյնիսկ կարգ մը հեղինակաւոր անհատներու յոռետեսական յայտարարութիւններուն եւ կանխատեսութիւններուն մէջ:
Նմանօրինակ պղտոր ու լպրծուն կացութեան մը մէջ դժուար է ապագայի լոյսը յստակօրէն տեսնելն ու եզրակացնելը: Այս համատարած համաճարակը իր մեկնելէն ետք անկասկած իր հետքը կրնայ ձգել կեանքի տարբեր բնագաւառներուն վրայ: Հաւանական է նաեւ, որ մարդ արարածը նոր կենցաղ, տարբեր ապրելակերպ որդեգրէ ու հաւատքը կորսնցնէ որոշ սրբութիւններու հանդէպ: օրինակի համար կրթական համակարգը հաւանաբար վերատեսութեան ենթարկուի, ու նոր եւ աւելի գործնական միջոցներ որդեգրուին:
Այնուամենայնիւ դուք որոշեցէք, թէ նիւթապաշտութիւնը կամ ուղղակիօրէն` տնտեսական գործօնը ինչքան մեծ դեր (ըլլայ դրական թէ ժխտական) կրնայ խաղալ ստեղծուած այս անտրամաբանական, անհեթեթ ու ընկերային գետնի վրայ վատառողջ կացութեան ընթացքին:
Այո՛, եզրակացութիւնը կը վերապահեմ ձեզի, որովհետեւ տնտեսագէտ չեմ, որպէսզի կարենամ վերլուծութիւններ ընել ու յստակ եզրայանգումներու հասնիլ: Բայց մասնագիտութեանս բերումով կրնամ վկայել, որ հինէն ի վեր, սկսեալ նախնադարէն մինչեւ մեր օրերը, տնտեսական գործօնը ո՛չ միայն ուղղակիօրէն միջամտած է մարդկային փոխյարաբերութիւններու (ըլլայ քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային), այլեւ որոշիչ ու հիմնական դեր կատարած է օրէնքներու ձեւաւորման ու զարգացման պարագային: Իսկ թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս, այս մասին յաջորդիւ:
(Երեւան, ուրբաթ, 3 ապրիլ 2020-ի առաւօտեան ժամը 3:16-ին)