ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)
Քանի մը օր առաջ, մեր թերթերէն մէկուն մէջ կարդացի.«ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԲԵՐԱՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԱՊԵՏՆԵՐՈՒ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ»։
Իսկապէս, ի՞նչ ըսել. «համայնքապետՆԵ՞Ր», թէ՞ «համայնքապետԵՐ»։
Չկարծէք, թէ ասիկա շատ աւելորդ հարցում մըն է ու չ՛արժեր այս մասին գրել կամ խօսիլ։ Ո՛չ, ընդհակառակն։ Կ՛արժէ՛ արծարծել քերականական այս հարցը եւ ուղղութիւն մը տալ ո՛չ միայն մեր մամուլի խմբագիրներուն, այլեւ հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն ու հայ ուսանողներուն, որոնք բոլորն ալ կը տուայտին «համայնքապետներ»ու եւ «համայնքապետեր»ու երկուութեան միջեւ, առանց յստակ պատկերացում մը ունենալու, թէ ինչո՛ւ կը գրենք սա ձեւով, կամ կը խուսափինք գրելէ նա ձեւով։
Պատասխանե՛նք։
Հայերէնի բառագանձին բոլոր բարդ բառերը, որոնք միավանկ արմատով մը կը վերջանան (օրինակ՝ օդա-նաւ, շոգե-կառք, հօրա-քոյր, ցանկա-պատ, մարզա-դաշտ, նախա-մարդ, յենա-կէտ, շքա-մուտք, խաչ-քար եւ այլն) ու այդ արմատը ԲԱՆ ՄԸ կամ ՄԷԿԸ ցոյց կու տայ (եւ բառին ընդհանուր իմաստը այդ արմատ-բաղադրիչին իմաստին հետ կը նոյնանայ), յոգնակիի կը վերածուին եր-ով։ Այսինքն՝ օդանաւը ՆԱՒ մըն է, շոգեկառքը ԿԱՌՔ մըն է, ցանկապատը ՊԱՏ մըն է, շքամուտքը ՄՈՒՏՔ մըն է, խաչքարն ալ ՔԱՐ մըն է։ Ուրեմն՝ պէտք է գրենք օդանաւեր, շոգեկառքեր, հօրաքոյրեր, ցանկապատեր, յենակէտեր, շքամուտքեր, խաչքարեր եւ այլն։
«Պետ»-ով վերջացող բարդ բառերը եւս բացառութիւն պէտք չէ կազմեն։ Ինչո՞ւ կազմեն։ Ուստի՝ պարտինք արտասանել ու գրել «համայնքապետԵՐ», այլ ո՛չ թէ «համայնքապետներ», որ սխալ է։ Նոյն հետեւողականութեամբ պէտք է գրել խմբապետԵՐ, քաղաքապետԵՐ, կրօնապետԵՐ, մայրապետԵՐ, հայրապետԵՐ, կուսակցապետԵՐ, խմբագրապետԵՐ, ժողովրդապետԵՐ…։
Սակայն՝ զգո՜յշ.- Չենք կրնար գրել «վարդապետԵՐ» կամ «վարժապետԵՐ», որովհետեւ ո՛չ «վարդապետ»ը վարդերու պետ է, ո՛չ ալ «վարժապետ»ը վարժին պետն է…։ Գրել՝ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ ու ՎԱՐԺԱՊԵՏՆԵՐ։
Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ (Հալէպ)