ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ տիար Արմէն Սարգսեան նամակներ յղած է Սփիւռքի կարգ մը հայկական կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն,ներկայացուցիչներուն՝ երախտագիտութիւն յայտնելով « Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործում ներդրած աւանդի համար»:
Կասկածէ վեր է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ճիգերուն մէջ մեծարգոյ նախագահին յիշատակած կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն ներդրումն ու աւանդը՝ անցեալին, այսօր եւ ապագային:
Յարգանք՝ բոլորին:
Սակայն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահին երախտագիտական նամակներուն ցանկը կը մնայ թերի, ո’չ ամբողջական… պարզ այն պատճառով, որ միայն նախագահին հասցէագրած կառոյցները եւ կազմակերպութիւնները չեն, որ օրն ի բուն կ’աշխատին ի խնդիր՝ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ե’ւ հատուցումներուն , այլ՝ սփիւռքի բոլոր կառոյցները, համայնքները, քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները, անխտի’ր:
Նախագահը իրաւունք չունէր նման հասցէատէրեր անուանելու, այլ պարտէր ոչ մէկ կազմակերպութեան անուն տալ, գոհանար իր խօսքը ուղղելով բոլո’ր կազմակերպութիւններուն ընդհանրական տարազով:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումներու ճանապարհը փշոտ է եւ երկար: Անիկա կը պահանջէ հաւաքական եւ միասնական աշխատանք: Սփիւռքի բոլոր կառոյցները այդ գիտակցութեամբ եւ համոզումով կը շարունակեն նահատակներուն ուխտած իրենց առաքելութիւնը: Այ’ս համոզումով կը գործեն Սփիւռքի բոլոր կառոյցները, ինչպէս նաեւ երկրագունդի տարբեր ափերուն վրայ ապրող եւ շնչող հայութեան բեկորները:
Հայրենքը, Արցախը, Սփիւռքը եւ համայն հայ ժողովուրդը միացնող գործօններու, քայլերու ծառաւը կ’ապրի յատկապէ’ս այս օրերուն,
Երկրի նախագահը ժողովուրդի հայր կոչուած է ըլլալ: Հայր մը խտրութիւն չի’ կրնար դնել իր զաւակներուն միջեւ: Հայ ժողովուրդը, մանաւանդ սփիւռքը անցեալին շատ սուղ վճարած է տեղի-անտեղի խտրութիւններուն գինը…: Վճռած ենք չ’իյնալ անցեալի դառն եւ ցաւալի փորձութիւններուն մէջ:
Բոլորս կը հետապնդենք մէկ նպատակ պարոն նախագահ՝ հայրենաշինութիւն, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցում եւ հայապահպանութիւն: Ա’յս Բոլորը հաւաքական եւ միասնական աշխատանքով: