ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի հանդիպումէն ետք համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըր (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդէս եկան յայտարարութեամբ:
Համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ, ըստ տեղեկատուութիւններուն՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի սահմանին իրավիճակը 15 Յուլիսի կանուխ առաւօտէն կը մնայ համեմատաբար հանգիստ:
«Համանախագահները եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը կ՛ողջունեն ռազմական գործողութիւններու նուազումը եւ կոչ կ՛ուղղեն կողմերուն՝ բոլոր ջանքերը գործադրելու եւ շարունակելու լարուածութեան մեղմացումը:
«Համանախագահները նաեւ կողմերուն կոչ կ՛ուղղեն ձեռնպահ մնալու բորբոքեցնող հռետորաբանութենէ եւ իրավիճակը տեղւոյն վրայ փոխելու փորձերէ: Համանախագահները կը շարունակեն շեշտը դնել խաղաղութեան գործընթացի վերականգնման նպաստող մթնոլորտի ձեւաւորման անհրաժեշտութեան վրայ:
«Անոնք կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հաստատումը`ունենալու բանակցութիւններ ղարաբաղեան տագնապի կարեւորագոյն հայացքներուն ուղղութեամբ որքան կարելի է շուտ եւ կարեւոր նկատելով ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահներուն այցելութիւնը տարածաշրջան, երբ իրավիճակը արտօնէ», կ՛ըսուի խմբակին յայտարարութեան մէջ: