ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Արցախի ռազմական գործողութիւններու ամբողջական դադրեցման շուրջ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն կողմէ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն գլխաւոր արդիւնքն է՝ իրավիճակին կայունացումը հակամարտութեան գօտիին մէջ, 28 Սեպտեմբերին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը նպաստէ կայունութեան, որուն շնորհիւ որեւէ բռնի գործողութիւն այժմ չենք տեսներ: Փոքր միջադէպերը, որոնք պատահեցան սկզբնական փուլին, արագօրէն լուծուեցան», նշեց Լաւրով՝ աւելցնելով, թէ ԵԱՀԿի Մինսքի խմբակի համանախագահները Պաքուի եւ Երեւանի հետ համաձայնած են, որ աշխատանքային այցելութիւնները պիտի վերսկսին դէպի Արցախի հակամարտութեան տարածաշրջանը: