Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու միջնորդական առաքելութեան արդիւնաւէտութեան եւ հարցի լուծման էական կէտերու կարգին փոխզիջման յառաջմղման կարեւորագոյն պայման է:
Վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան Twitter-ի էջը` Armenpress.am-ը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է ԵԱՀԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչը:
«Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին յարաբերական կայունութիւնը կը պահպանուի, զինադադարի խախտումներու թիւն ալ կը նուազի: Մենք կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` յաւելեալ միջոցներով ամրապնդելու լարուածութեան նուազեցման դրական միտումը»,- գրած է ան:
Ըստ Լուքաշեւիչի, զինադադարի պահպանումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքները արդիւնաւորման եւ հարցի լուծման կարեւորագոյն պայմանն է: