ԵՐԵՒԱՆ.- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Երկուշաբթի, 16 Յուլիսին ընդունեց Համաշխարհային Դրամատան կառավարման գործառնական խումբի աւագ տնօրէն Տեպորա Վետցելի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի կառավարութեան եւ Համաշխարհային դրամատան աշխոյժ ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող դրական փոփոխութիւնները հնարաւորութիւն կու տան փոխգործակցութեամբ իրականացնել նոր ծրագիրներ:
Տեպորա Վետցել իր հերթին, շեշտեց, որ Համաշխարհային դրամատունը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու կառավարութեան ծրագիրներու իրականացման ու տնտեսութեան կարեւոր ոլորտներու զարգացման: