Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան նախանցեալ օր ուշ գիշերին սկսաւ լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ «ներխուժում»-ներ կատարել դեղորայքի պահեստանոցները, ուրկէ ան բացայայտեց մեծ քանակութեամբ դեղորայք:
Համատ Հասանի կատարած այս «ներխուժում»-ներուն շնորհիւ բացայայտուեցան թոներով դեղորայք եւ մանուկներու յատուկ կաթ, ինչպէս նաեւ քաղցկեղի եւ մահացու այլ հիւանդութիւններու յատուկ դեղորայք, որոնք պահուած էին պահեստանոցներուն մէջ:
Հասան ուղղուեցաւ Ժատրա, ուր ան բացայայտեց մեծ քանակութեամբ դեղորայք` շաքարախտի, երիկամներու, արեան գերճնշումի, կաթուածի, այրուածքի, ստամոքսի պաշտպանութեան եւ ցաւազրկիչներու, որոնք լիբանանեան շուկային մէջ գոյութիւն չունին:
Համատ Հասան Թուլի եւ Աքիպիէի մէջ նաեւ բացայայտեց դեղորայքի պահեստանոցներ: «Այս կացութիւնը կը մղէ հարց տալու, թէ ինչպիսի՞ ոճիրի դիմաց կը գտնուի երկիրը` քաղաքացիին առողջութեան հաշուոյն կատարուող այս ապօրինի առեւտուրին առընթեր», ըսաւ Հասան` աւելցնելով, որ բացայայտուած դեղորայքի տեսակն ու քանակը ցնցիչ գայթակղութիւն կը նկատուին` չարաշահումի արարքներու առումով:
«Նոյնիսկ եթէ ընթացիկ կառավարութեան իշխանութեան մէկ օր մնայ, ապա ինք նոյն թափով ու կորովով պիտի շարունակէ: Մենք մեր բացայայտած դեղորայքը պիտի գրաւենք եւ դատական իշխանութիւններուն արտօնութենէն ետք ձրիաբար պիտի բաժնենք ժողովուրդին», ըսաւ ան:
Հասան շեշտեց, որ արդէն իսկ երկու չարաշահողներ ձերբակալուած են` աւելցնելով, որ բոլոր յանցագործները պէտք է արգելափակուին եւ անոնց հաստատութիւնները բացուին` ժողովուրդին դեղորայք վաճառելու:
Հասան իր հեռաձայնի թիւը յայտարարեց եւ քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց որեւէ պահեստանոցի մասին կասկածելու պարագային ուղղակի կապուելու իրեն հետ:
Երէկ կէսօրին Հասան ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց գրառում մը, որուն ընդմէջէն կոչ ուղղեց հանրային այն պահեստանոցներուն, որոնք դեղորայքի մաքսանենգումով կը զբաղին` դէպի ծանօթ շրջաններ, այդ դեղերը յանձնելու դեղարաններուն:
Հասան ընդգծեց, որ դեղորայքին հետեւելու դրութիւնը կատարեալ ճշգրտութեամբ կը բանի, եւ շեշտեց, որ անոնք ստիպուած պիտի ըլլան ըստ օրէնքի եւ կանոնի ներկայացնելու ստացագիրները, այլապէս` անոնք պիտի ենթարկուին նախանցեալ գիշերուան յանցագործներուն ճակատագիրին:
Իր գրառումին մէջ Հասան հաստատեց նաեւ, որ քաղաքացին մասնակից է հաշուետուութեան կանչելու եւ հսկելու:
Ան յետմիջօրէին իր «ներխուժում»-ները շարունակեց նաեւ Հիւսիսային Լիբանանի, Լեռնալիբանանի, Զահլէի եւ Պեքաայի մէջ: