ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Խօսքս սփիւռքեան համբերութեան մասին է, որուն բաժակը այս օրերուն արդէն իսկ լեցուած է: Անկեղծօրէն այս մասին գրելու շատ բան կայ: Նաեւ կ’ուզեմ խօսիլ շատ մը այլ «բաներու» մասին: Չեմ գիտեր` ուրկէ՞ սկսիմ, ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանամ: Արդէն կրկնութիւն պիտի սեպուի: Կրկնութիւն մը, որուն հետ արդէն երկար ատենէ ի վեր հաշտ սկսած ենք ապրիլ: Բայց այդ «բաները» յաճախ լռութեամբ ըսած եմ: Լռութիւնը արդեօք համաձայնութեա՞ն նշան է: Չեմ գիտեր: Ըսէ՛ք… որքա~ն կարելի է լռելեայն նայիլ այսօրուան կամաց կամաց նահանջող մեր հայրենիքի իրավիճակին եւ անոր անկախութեան:
Ներկայիս բացայայտ պայքար կայ մեր երկրին մէջ` մտքով եւ հոգեբանութեամբ, որ աւելի վտանգաւոր է, քան` «Քորոնա» համավարակը: Ինչո՞ւ… Որովհետեւ պատմութեան ծոյլ աշակերտները եղանք եւ չկրցանք մեր դասերը լաւ սերտել: Անոր համար ձախողեցանք… Անոր համար պարտուեցանք… Պարտուեցանք ծանր եւ ցաւալի:
Այնպէս կ’երեւի, որ հոն` հայրենիքի մէջ հիմա մեծ «մէկը» չկայ, որ ըսէ՛ ա՛լ կը բաւէ, գիտակցեցէ՛ք, ամօ՛թ է, մեզի վայել չէ՛: Կամ թերեւս ալ մտահոգ կամ մտահոգներ կան, բայց զիրենք մտիկ ընողներ չկան:
Ու ամէն առիթով նոյն եւ անմեղ հարցումը. ե՞րբ կարելի պիտի ըլլայ անկեղծանալ, լրջանալ: Արդեօք չե՞նք տեսներ, որ ողբերգական աւարտ մը մեզ կը սպասէ: Տեսանելի է անշուշտ, եթէ ուզենք տեսնել: Բայց մենք չենք ուզեր, որովհետեւ մենք ամէն բան գիտենք: Դուրսէն` արտերկրէն յուշողներու պէտք չունինք: Բայց դժբախտաբար չենք անդրադառնար, որ սկսած ենք մէկ թեւով «թռչիլ», որովհետեւ, չենք տեսներ, որ արդէն թեւատ ալ եղած ենք: Փառքի սիրոյն` մանրադրամ դարձած:
Պէտք է գիտնանք, որ ներկայ մեր իրականութեան դիմաց, բոլորս ալ, մեծ ու պզտիկ, մեղաւորներ ենք: Բոլորս ալ մեր մանր-մունր անձնական հաշիւները ունինք: Իշխանութիւն կամ ընդդիմութիւն եւ, անշուշտ, քաղաքացի: Բոլորս ալ բարի պտուղներ չենք: Այս մէկը միշտ կրկնած ենք: Անոր համար հայ մտահոգ «գրիչներ» միշտ գրիչ շարժած են, յիշեցուցած, քննադատած` ո՛չ միայն հայրենի ներկայ ղեկավարները, այլ աւելի անկեղծանալով` նաեւ մենք զմեզ:
Ինչո՞ւ սակայն այս բոլորը. որովհետեւ մեր բոլորին համբերութեան բաժակները լեցուած են արդէն: Մենք այլեւս Յոբի համբերութիւնը չունինք: Բնականաբար այն կարծիքին չենք, որ մեր մատնանշած թերութիւնները յատուկ են միմիայն մեր երկրին, կամ մեզի եւ մեր հասարակութեան: Ո՛չ: Երբեք: Նման «բաներ» առկայ են բոլոր երկիրներու ու անոնց ժողովուրդներուն մէջ: Բայց… օտարը մեր հոգը չէ: Էականը մենք ենք եւ ՄԵՐԸ: Ու այս բոլորը «շտկելու» համար շատ հաւանաբար տակաւին ելք կամ ելքեր կան: Եթէ փնտռենք: Կամ եթէ ուզենք փնտռել: Կարեւորը հարցերուն գիտակցօրէն մօտենալն է: Էականը անոնց լուծում մը գտնելու մեր կամեցողութիւնն է: Ու այս պարագային, նախ իշխանութիւնը ի՛նք պէտք է առնէ նախաքայլը: Քաղաքացին իրեն պիտի հետեւի, անկասկած: Լաւ յիշեցէ՛ք, «աղտոտ ծովերուն մէջ դրախտային ծաղիկներով կղզիներ չես կրնար գտնել», ըսած են շատ մը ժողովուրդներ: Եւ ճիշդ են:
Բացայայտ է, որ մեր ժողովուրդին հանդուրժողութիւնը, կամքն ու տրամաբանութիւնը հասկցող եւ չափող չկայ: Այնպէս կ’երեւի, թէ նման «բաներ» մեր երկրէն ներս գոյութիւն չունին: Չէ մնացած: Մենք ուրիշ «բաներով» զբաղած ենք: Յաճախ սարսափով կը մտածեմ, թէ ներկայ հայրենի այս մթնոլորտին մէջ ինչպէ՞ս քաղաքացին պիտի կարենայ իր կեանքը շարունակել, եւ թէ` ինչպէ՞ս նոր սերունդ պիտի դաստիարակուի: Մենք, որ զանազան յարգելի կամ ոչ յարգելի պայմաններու եւ յատկապէս ճակատագրի բերումով, մեր հայրենիքը հեռուէն կը դիտենք, սակայն ամէն օր անոր մասին կը կարդանք, մօտէն կը հետաքրքրուինք, կը զգանք, կը պոռանք, կը խօսինք, կը մատնանշենք, կը տառապինք, կը սրդողինք, կը բողոքենք, եւ միեւնոյն ատեն ալ կ’ապրինք անոր ուրախութիւնն ու յուսախաբութիւնը:
Բայց… Ա՜խ, ո՞վ է մեզ մտիկ ընողը:
Ուրեմն… ո՞ւր մնաց «Մէկ հայրենիք, մէկ մշակոյթ, մէկ եկեղեցի» լոզունգը: Վրա՛ս գրէ:
Ամէն հայ կրնայ ըսել, որ ինք հայրենիքը շատ կը սիրէ: Բայց հայրենիքը սիրել` չի նշանակեր միայն հպարտանալ անոր նուաճումներով, կամ կենացներ խմելով, կամ երգեր երգելով եւ կամ տողեր, էջեր, գիրքեր նուիրելով անոր լեռներուն, բնութեան, գետերուն եւ գիրին ու գրականութեան: Սիրել հայրենիքը` կը նշանակէ ամէն օր աշխատիլ անոր բարգաւաճման համար: Բոլորս ալ կը տենչանք մեր հայրենիքի վաղուան «լուսաւոր» նոր օրը տեսնել:
Այո՛, սակայն այնպէս կ’երեւի, թէ հիմա այդ լուսաւոր օրը դժբախտաբար մշուշի մէջ է: Նոր յոյսերով լեցուն օրը հիմա անտեսանելի է: Ցաւալի իրողութիւն: Ձեւով մը խաբկանք կայ: Ականատեսներ ենք, թէ ինչպէ՛ս ամէն օր եւ ամէն առիթով հայրենի երկնակամարին տակ մէկը միւսին ետեւէն նոր հիմնախնդիրներ կը ծագին: Ու ամէնէն վտանգաւորը, տակաւին մենք` պարզ քաղաքացի կամ ղեկավար, չենք տեսներ անոնց արմատական լուծման քայլերը:
Ինչո՞ւ նման յոռետես տողեր. որովհետեւ մտահոգ եմ եւ ինծի հետ` միլիոնաւոր հայրենակիցներս: Կ’ուզեմ խօսիլ շատ մը բաներու մասին: Երբեմն չեմ ուզեր շարունակել երթն ու շարանը այն բոլոր «բաներուն», որոնք մեզի վայել չեն: Բայց… ա՛լ համբերութիւն չունիմ եւ չունինք: Ի՞նչն է վտանգաւորը, ըսեմ. այս ընթացքով մեր երկիրը մաս պիտի կազմէ երրորդ եւ աղքատ ու տկար երկիրներու շարքին, եւ ամէնէն սոսկալին` ուրիշին «խոհանոցներուն» առջեւ անվերջ թափառող մուրացիկ: Մեղա՜յ… Ահա՛ այն խոր տրտմութիւնը, որ չի թեթեւնար:
Իր անկախութենէն ի վեր, այսինքն` երեսուն տարի, տեսած ենք արցախեան երկու պատերազմ: Տեսած ու կերտած ենք առաջինին յաղթանակը, իսկ երկրորդին` ծանր պարտութիւնը: Տեսած ենք քառօրեայ պատերազմն ալ: Տակաւին ասոնցմէ շա՜տ շատ տարիներ առաջ` «համտեսած» նաեւ Սպիտակի երկրաշարժի աւերը եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` անմոռանալի եւ ամօթալի հոկտեմբեր 27-ն ու մարտ 1-ը: Այսօր ալ ամէն ինչ խառնակ է: Թէ՛ հետաքրքիր ու թէ՛ վախազդու: Անոր համար շուարած եմ` ըսի: Ու մտահոգ հայու մը համար լուրջ վախի ստուեր մըն է այս մէկը, որ կարծես սկսած է նշմարելի դառնալ ամէն տեղ: Հայկական ինքնախաբէութիւնն է մեզ ապրեցնողը: Բոլորս ալ զինաթափ կեցած ենք կեանքի անակնկալներուն առջեւ: Շշմած: Ըսէ՛ք, կը խնդրեմ, վերջապէս ե՞րբ բոլորս ալ իջնելու ենք իրական աշխարհ` ազատուած այս «ուրուականներէն», մեր եսասիրութիւններէն եւ մեր անձնասիրութիւններէն անջատուած, լայն ու գիտակից ուշադրութեամբ եւ հանգիստ ու դրական սրտով ու մօտեցումով:
Չեմ փորձեր գրիչս կրկին անգամ լալկան վազքի մը մէջ նետել, թէեւ ունինք անգոյն ու գունաւոր յոյսերու քայքայում: Ժամանակի թելադրանքով, իրականութիւնը չտեսնողներ կան եւ կան հրաշք փնտռողներ: Միշտ յիշեցուցած ենք, որ հայրենիքը կարելի է նաեւ հեռուէն ալ սիրել: Բայց մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է մեր սիրած ու պաշտած այս հայրենիքը երկիր դարձնել: Երկիր, ուր ամէն մարդ կրնայ տեսնել վաղուան յոյսով եւ լոյսով լեցուն օրը եւ մեր նոր սերունդին ապագան: Այս եւ նման բոլոր մտահոգիչ հարցերու շուրջ կարելի է անվերջ խօսիլ: Բայց մեզի համար այս բոլորը «ծանր» խօսակցութիւն պիտի ըլլայ:
Քաղաքական վերլուծումներ կատարող մը չեմ, բայց ի սէր մեր երկրի փայլուն ապագային` փորձե՛նք գոնէ ոչ միայն մեջբերել պատմութեան տողերը, այլեւ անոր էջերը թղթատելով` անոնցմէ խելացի դասեր քաղել: Մէկ խօսքով` ազգային մտածողութեամբ եւ հարցերը քննարկելու իւրայատուկ եղանակով դաստիարակուիլ:
Յիշեցնեմ: Մեր երկիրը աշխարհէն մեկուսացած չէ: Ունինք հսկայ սփիւռք մը, հարուստ` իր նիւթականով եւ իր մարդուժով, իր գիտելիքներով եւ նորութիւններով, եւ մանաւանդ` աշխարհի փորձառութիւնը ապրած պերճախօս եւ ուսանելի մարդուժով: Փորձենք լայն բանալ մեր մտածողութեան կարկինները ու ներառել այս ուժերը:
Այսօր Հայաստանը պարտաւոր է սփիւռքահայուն համար ստեղծել ենթահողը, որպէսզի ան կարենայ համարձակ եւ դրական ու նոյնքան ալ վստահելի մթնոլորտի մէջ իր ներդրումը կատարել: Ուրեմն հայրենիքէն առաւել կ’ակնկալենք: Մեզի` արտերկրի հայութեան մօտենալ է պէտք: Անշահախնդիր եւ արդար: Սերտանալ: Գնահատել: Արժեւորել: Տեղ տալ անոր մտածողութեան, անոր գաղափարներուն: Լսել զինք: Յարգել անոր կարծիքը: Մասնակից դարձնել հայրենի կեանքի ներքին եւ արտաքին բոլոր ոլորտներուն: Վերջապէս, չէ՞ որ բոլորս ալ նոյն նպատակին կը ծառայենք: Ներկայիս այն տպաւորութիւնը ձգած ենք, թէ կարծես կ’ապրինք տարբեր մոլորակներու վրայ: Պատահական կապը նոյնիսկ հիմնուած է պարագայական առիթներու վրայ, եւ մենք զիրար տակաւին չենք ճանչնար: Մինչդեռ արագ հաղորդակցութեան այս դարուն, երբ համակարգիչի մէկ կոճակին սեղմումով աշխարհը կը խուժէ գրասենեակէդ ներս, կրնաս հասնիլ բոլորին: Ահա՛ սփիւռքի եւ Հայաստանի կապի ամրապնդման լաւագոյն ձեւն ու միջոցը: Ճիշդ է, որ մեր հայրենիքը շատ մը «բաներու» կարիքը ունի: Լաւատեղեակ ենք: Անոր համար իշխանութիւններէն կ’ակնկալուի ունենալ պատասխանատու մօտեցում եւ խորաթափանց ու արդար գնահատում: Մանաւանդ` գործնական քայլեր առնելու քաջութիւն եւ յստակ ռազմավարութիւն: Ու այս բոլորը, որքան հնարաւոր է, արագ:
Կարճ խօսքով` կազմել ազգային համաձայնութեան նոր կառավարութիւն մը եւ բոլոր մտահոգ մտքերուն դիմաց համախոհութեամբ բանալ երկխօսութեան ազնիւ եւ արդար ու մանաւանդ անհաշիւ դռները: Որովհետեւ, հաւատացէ՛ք, հոն անպայման պիտի գտնուին լուծումներ` մեր ինքնութեամբ մտահոգ մարդոց շնորհիւ: Փորձեցէ՛ք, պիտի համոզուիք եւ մեծապէս պիտի գնահատուիք: Ուշանալը անիմաստ է: Այս բոլոր քայլերը այսօր իսկ պէտք է առնուին: Ա՛լ ժամանակն է, որ խօսքէն անցնինք գործի: Վաղը արդէն ուշ է: Մեր երկրի սահմանները սկսած են կծկուիլ մեր սրտերուն նման: Այսքան անհոգութիւն եւ անտարբերութիւն քիչ մը շատ է:
Չէ՞ք նշմարեր, որ սփիւռքի համբերութեան բաժակն ալ արդէն լեցուած է, իր յուսախաբութեան կողքին: Ժամանակի հրամայականն է, որ լրջօրէն մտածենք մեզի առաւել տոկուն դարձնող այնպիսի պետութիւն մը կառուցելու մասին, որ Հայաստանը դառնայ բոլորիս համար մեր գիտցած ու տենչացած դրախտավայրը:
Ու այս մէկը անկարելի չէ, եթէ կայ ու գոյութիւն ունի երկրի ղեկավարներուն բարի կամեցողութիւնը: