աբաթ, 30 հոկտեմբերի կանուխ առաւօտեան, արդարութեան մարտիկ Համբիկ Սասունեան, մօտ 40 տարի Քալիֆորնիոյ բանտերուն մէջ արգելափակուած մնալէ ետք, հայրենիքէն ամբողջ հայ ազգին յղուած պատգամով մը աւետեց ազատութեան մէջ գտնուիլը: Պատգամին մէջ Համբիկ Սասունեան կը նշէ.
«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Ամենայն ուրախութեամբ կը գրեմ պատգամս ձեզի` Հայաստանէն: Մօտաւորապէս 40 տարիներ անց, պատիւը ունիմ ըլլալու հայրենի հողի վրայ, խմել հայրենի ջուրը, շնչել օդը եւ զգալ ընտանեկան ջերմութիւնը:
Ձեր ցուցաբերած աջակցութիւնը տարիներու ընթացքին մշտապէս քաջալերած է զիս եւ դրական ներդրում ունեցած է իմ դժուարագոյն օրերուս: Խորին շնորհակալութիւններս կ’ուզեմ յայտնել բոլոր անոնց որոնք նամակցած են, այցելած են, եւ ընդմիշտ պահած են զիս իրենց սրտերուն մէջ: Վերջապէս հասած եմ տուն®
ՍԻՐՈՎ`
ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ»
Հայոց պահանջատիրութեան մարտիկ Սասունեանին օդակայանին մէջ դիմաւորած են եղբայրը եւ ընկերները:
Համբիկ Սասունեանը ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած էր Լոս Անճելըսի մէջ 28 յունուար 1982-ին Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Քեմալ Արըքանի սպանութեան կասկածով: Այդ ժամանակ ան 19 տարեկան էր:
Դեկտեմբեր 2019-ին Լոս Անճելըսի նահանգի Ներման հարցերով յանձնախումբը որոշած էր ազատ արձակել Սասունեանը, սակայն Քալիֆորնիոյ նահանգապետը մայիս 2020-ին մերժած էր անոր ազատ արձակման հայցը: 2021-ի սկիզբը դատարանը որոշեց, որ նահանգապետարանի պնդումները Սասունեանի ազատ արձակման դէմ անհիմն են եւ վերականգնեց դեկտեմբեր 2019-ի ազատ արձակման որոշումը: Թուրքիան բազմիցս պաշտօնապէս իր դժգոհութիւնը յայտնած է Սասունեանի ազատ արձակման կարելիութեան առնչութեամբ:
Սասունեանը ծնած է 1 յունուար 1963-ին, Պէյրութի մէջ: Ան բանտարկուած էր 39 տարի: