ԱՐՑԱԽԻ ՆԱԽԱԳԱՀ՝ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՍՏԷ՝ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԱՐԴԷՆ ՊԱՐՏՈՒԱԾ Է ԱՅՍ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտնեց, թէ համեմատաբար հանդարտ գիշեր մը բոլորած է Արցախի եւ Ազրպէճանի սահմանագիծը՝ 5 հոկտեմբերի լոյս 6-ի գիշերը:
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտարարեց, թէ պաշտպանութեան բանակը փայլուն կերպով լուծած է իր պարտականութիւնները:
Հայ ժողովուրդին ուղղուած յայտարարութեան մը մէջ, Արայիկ Յարութիւնեան կ’ամփոփէ իննօրեայ պատրեազմին գործողութիւնները եւ կ’եզրակացնէ.« Մեր համազգային միասնութիւնը մէկ անգամ եւս կը փաստէ, որ Ազրպէյճանը արդէն պարտուած է այս պատերազմը: Յաղթանակը մերն է եւ թող ոչ ոք կասկածի»: