Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

ՀԱՄԵՍՏ  ԵՐԱԽՏԻՔ ՄԸ  ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ  ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԻՆ

September 20, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Կ՚ԱՊՐԻ՛ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆԸ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

    ԾԽ.Լիբանանահայուիւնը վերջերս  կորսնցուց   հանրածանօթ ազգային-գաղափարական գործիչ, մտաւորական, խմբագիր, իրաւաբան,  Հայ Դատի  ջերմ պաշտպան, խիզախ  հրապարակագիր Մեթր Գասպար Տէրտէրեանը: Գաղափարի   ընկեր մը  ըլլալէ աւելի, սկզբունքայնութեան  տիպար մըն էր  Մեթրը՝ ինծի եւ  շատ- շատերու համար:

Դժբախտաբար, առողջական պատճառներով   չկրցայ ներկայ  գտնուիլ Անոր  վերջին   հրաժեշտին:

Ներքեւի  խօսքս  համեստ երախտիք մըն  է Մեթրին, արտասանուած՝  « 2015-ի Մեծ Ստուգատեսին՝ Մեր  Հողային  Պահանջատիրութիւնը Միջազգային Հանրային Իրաւունքի Մէջ»     հատորին   շնորհանդէսին առիթով,  ուրբա,թ  27  նոյեմբեր  2015-ին,  Հայկազեան  Համալսարանին մէջ:   

 

Հայոց  ցեղասպանութեան   հարիւրամեակի  տարուան սեմին՝ «յիշել, յիշեցնել եւ պահանջել»  կարգախօս մը  արձակուեցաւ  մեր բեմերէն:  Զայն արձակողները  դժբախտաբար  չյստակացուցին՝  պահանջատիրութեան  բովանդակութիւնը:

Ահաւասիկ,  հարիւր տարի է  կը պահանջենք  եւ   պիտի  շարունակենք  պահանջել,  բայց առանց  յստակ բանաձեւելու մեր պահանջատիրութիւնը:

 

Այսօր, ինծի թելադրուած է  տասը  վայրկեանի  մէջ  ներկայացնել  սփիւռքահայ  իրաւաբան,  Հայ  դատի   ջերմ պաշտպան, խմբագիր,  հանրածանօթ խիզախ հրապարակագիր, մտաւորական  մեթր Գասպար Տէրտէրեանի  « 2015-ի մեծ ստուգատեսին՝ մեր  հողային  պահանջատիրութիւնը միջազգային հանրային իրաւունքի մէջ»  գիրքը:

Հարիւր տարուան  պահանջատիրական  մեր պայքարը վերաքաղի  ենթարկելէ ետք՝ իրաւաբան Տէրտէրեան  արդարացիօրէն նախ կը պահանջէ սահմանել մեր պայքարին ուղղութիւնը. որու՞ դէմ  ուղղուած է ան:  Ապա ան  կը յստակացնէ՝   Ցեղասպանութեան մարդկային  կորուստներու կողքին՝   մեր կորսնցուցած հողերը,   մշակութային ժառանգութիւնները,  անշարժ ու  շարժուն  գոյքերը, որպէսզի անսխալ  ու ամբողջական  գնահատենք մեր պահանջելիք հատուցումը:

Ո՞վ է   հանգամանաւոր  պահանջատէրը  միջազգային  հանրային  իրաւունքի  տեսանկիւնէն Արեւմտահայաստանի  եւ  արեւմտահայութեան:

Մենք՝ Արեւմտահայութիւնն է    դատին պահանջատէրը:  Որովհետեւ արեւմտահայութիւնն է, որ բռնի   հայրենազրկուած է իր հողերէն, հետեւաբար անոր վերապահուած է   իր պապենական հողերուն վերադառնալու  իրաւունքը:

 

«Մինչեւ ե՞րբ  պիտի  գոհանանք   ցեղասպանութեան բարոյական   ճանաչումներով, թէ՞ դուրս գալով  մեր  թմբիրէն՝ պատրաս՞տ  ենք թեւակոխելու արդարութեան վերականգնումի քաղաքական  հանգրուանը, որ  մեզմէ կը  պահանջէ  հաւաքական  կամք, կազմակերպչական ատակութիւն, իրաւագիտական  ճիշդ  ուղղուածութիւն».-հարց  կու տայ  Գասպար Տէրտէրեան, երբ  տակաւին կ’աշխատինք, որ Մ. Նահանգներու նախագահը գործածէ կամ չգործածէ «ցեղասպանութիւն» եզրը:

Մինչդեռ Մ. Նահանգներու նախագահները կատարած են այնպիսի սահմանումներ, որոնք իրենց բովանդակութեամբ՝ ոչ միայն համազօր են «ցեղասպանութիւն» եզրին, այլեւ՝ աւելի ծանրակշիռ  ու ամբողջական:

Գասպար Տէրտէրեան ցաւ կը յայտնէ, որ  մեր  մտաւորականութեան 95 առ  հարիւրը  մոռցած է Արեւմտահայաստանը  եւ կը  զբաղի  ցեղասպանութեան բարոյական ճանաչումով:

Ճիշդ վերոյիշեալ  մտահոգութիւններէն մղուած, հեղինակը  կը պահանջէ     համահայկականօրէն լծուիլ Արեւմտահայաստանի  հողային դատի քաղաքական պահանջատիրութեան, որուն   համար      աշխարհացրիւ  տարագիր արեւմտահայութիւնը  միաւորել կեդրոնական, ներկայացուցչական  եւ միակ լիազօր կառոյցի մը  մէջ, որ պայմանականօրէն կը կոչէ «Տարագիր արեւմտահայութեան  համաշխարհային  քոնկրէս»:

Գասպար  Տէրտէրեան  ցաւ ի սիրտ կ’աւելցնէ, թէ   հարիւրամեայ  մոռացումը Արեւմտահայաստանի   հողային  դատին՝   հետեւանք էր այն  պատմական  փաստին, որ  Սփիւռքի մէջ  Հայ  դատը   վերածուեցաւ Սովետական  Հայաստանը ազատագրելու դատի, իսկ  հակառակորդ  ճակատին համար՝  Սովետական Հայաստանի պաշտպանութիւնը դարձաւ հիմնական  դատ:  Այս  երկու   ճակատները  մոռցան Արեւմտահայաստանը  եւ բաւականացան  միայն  Ցեղասպանութեան բարոյական   ճանաչումի  պահանջով:

Գիրքի առաջին  բաժինը  կը կրէ  «Մեր հողային պահանջատիրութեան  հիմքերը, միջազգային   հանրային  իրաւունքի մէջ» խորագիրը: Այստեղ,  Մեթր  Գասպար Տէրտէրեան  կը  թուէ   միջազգային իրաւունքի դաշտի մէջ    քսան եւ աւելի   մեկնակէտեր,  որոնց վրայ  յենելով պիտի  հետապնդենք մեր պայքարը:

Թուելու  համար մէկ   քանին՝

  • Սան Սթեֆանոյի դաշնագիրը.
  • Իթթիհատի գաղտնի  ժողովին  որդեգրած «Տասը       պատուիրաններ» կոչուած փաստաթուղթը.
  • Եռեակ դաշնակիցներու (Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա) ազդարարագիրը՝ ուղղուած սուլթանին, ուր տեղահանութիւնները եւ  կոտորածները  կը  բնութագրէր  իբրեւ «մարդկութեան դէմ  գործուած  ոճիրներ», որոնց պատասխանատուները պիտի դատուէին ու պատժուէին.

 

  • 1919-1920 թուականներու Օսմանեան զինուորական ատեանի  դատավարութեանց հրապարակած  թղթածրարը: Այս մէկը կը բովանդակէ բոլոր ոճրային արարքներն ու խոստովանութիւնները, ծածկագիր  հրահանգներն ու թղթակցութիւնները, որոնք բաւարար   են  մեր դատը հիմնաւորելու.

 

 

  • ՄԱԿ-ի Պայմանակցութիւնը՝  Ցեղասպանութեան  ոճիրի  կանխարգիլումին      եւ  պատժումին մասին, որ մանրամասնօրէն կը թուէ այն բոլոր արարքները,  որոնք ցեղասպանական  ոճիր կը հանդիսանան եւ որոնք գործուած  են՝ միաժամանակ 1915 թուականին.

 

  •  ՄԱԿ-ի Պայմանակցութիւնը ցեղասպանութեան մարդկութեան  դէմ ոճիրներու անժամանցելիութեան մասին.

 

 

  • Ալճերի  ժողովուրդներու                                                                  իրաւանց  տիեզերական հռչակագիրը: Ան, հիմնաքարը կը կազմէ հողային  պահանջատիրութեան.

 

  • Ժողովուրդներու իրաւանց մնայուն դատարանի 16 ապրիլ 1984-ի վճիռը՝ տարագիր արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ եւ բազմահպատակ  բեկորները  ճանցչաւ  իբրեւ ժողովուրդ.

 

 

  • Սեւրի դաշնագիրը, որ թէեւ անկատար մնաց, բայց  չեղեալ  չհամարուեցաւ Լոզանի դաշնագրով եւ  պահեց իր ուժը:
  • Նախագահ  Վուտրօ  Ուիլսընի տուած իրաւարար որոշումը:

 

Գիրքին  երկրորդ  բաժինը կը կրէ  «Հանգամանաւոր  պահանջատիրոջ՝ ՏԱՀՔ-ի  կազմակերպումը» խորագիրը:

Այստեղ   Գասպար Տէրտէրեան, լուսարձակի տակ կ’առնէ Պաղեստինի ազատագրութեան  կազմակերպութեան  օրինակը, որ, ըլլալով  տարագրեալ  պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւական միակ լիազօր ներկայացուցիչը, ստացաւ  միջազգային՝   ՄԱԿ-ի դիտորդ անդամ պետութեան կարգավիճակ:  Հեղինակը միեւնոյն ճանապարհը կ’առաջադրէ  Արեւմտահութեան  համար, Տարագիր Արեւմտահայութեան  համաշխարհային քոնկրէսի  ստեղծումով:

Ապա ան կը  կեդրոնանայ ՏԱՀՔ-ի ծնունդին, անոր գաղափարախօսութեան  եւ ծրագիրին:  ՏԱՀՔ-ի  հիմնական նպատակը  համահայկական  ոգիին ստեղծումն է, որուն զուգահեռ՝   Հայաստանի հանրապետութեան հետ  անվտանգութեան միացեալ  հայեցակարգի  մը վրայ աշխատանքը կեդրոնացնելու անհրաժեշտութիւն մը:

 

Գասպար Տէրտէրեան ցաւով կ’արձանագրէ, որ տարագրեալ հայութեան մէկ մասը ունէր  Ազգերու  լիկային  կողմէ տրուած   «Նանսէնեան անձնագիր»-ը: Թուղթի այս  փոքր պատառիկը կը հաստատէր Արեւմտահայաստանէն աքսորուած ըլլալու փաստը  եւ  հետեւաբար  Արեւմտահայաստան վերադառնալու  իրաւունքը:Այսպիսի կարեւոր փաստաղուղթի մը  առկայութիւնը մեր պահանջատէր  ղեկավարութիւնները  մինչեւ օրս  անտեսած են դժբախտաբար….

Գասպար Տէրտէրեան   դիտել կու տայ, որ հայութիւնը օտարներէն աջակցութիւն եւ արդարութիւն կրնայ ակնկալել  միայն ա՛յն պարագային,  երբ հզօր եւ  ինքնավստահ  պահանջատէր  մըն է:  Հեղինակը կը  շեշտէ  իրաւագէտներու անհրաժեշտութեան, որոնց  շնորհիւ միայն արեւմտահայութիւնը  պիտի  յաւակնի  ներկայանալու  միջազգային ատեաններու առջեւ՝ իբրեւ հայրենազուրկ  քաղաքական հաւաքականութեան մը լիազօր ներկայացուցիչը:

 

Հեղինակին համար անվաւեր կը  մնան  Ալեքսանդրապոլի,  Մոսկուայի  եւ Կարսի համաձայնագիրները,    որովհետեւ անոնք կնքուած  են  իրաւական հանգամանք  չունեցող  կողմերու միջեւ:

Գասպար Տէրտէրեան առաւել  եւս  կը  հիմնաւորէ  Ուիլսընեան իրաւարար  վճիռին պարտադիր   ուժը, որովհետեւ ան  գոյացած է  երկու   պետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ  հաւանութեամբ:  Պարտադիր  ուժ   ունի, որովհետեւ երկու  պետութիւնները կանխաւ  ընդունած են իրաւարար անձը, այս պարագային՝  Միացեալ Նահանգներու նախագահը: Այս  կը  կոչուի  «միջազգային իրաւարարութիւն»: Կ’արժէ արձանագրել, որ Ուիլսընեան իրաւարարութեան  գործընթացը  սկսաւ Սեւրէն առաջ  եւ աւարտին  հասաւ Սեւրէն  ետք :

Մեթր  Տէրտէրեան  նաեւ կ’անդրադառնայ  չյիշատակուող բայց՝ վտանգաւոր թշնամիներու՝ սկսելով  Փանթուրքիզմէն,  սիոնիզմէն ՝ հասնելու մեր ներքին  թշնամիներուն:

 

Գիրքին  երրորդ մասը կ’ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման  վերաբերեալ միջազգային  կարեւոր փաստաթուղթերու յաւելուած մը՝ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, թրքերէն լեզուներով՝  մեծամասնութիւնը   հեղինակին կողմէ  հայերէնի  թարգմանուած:   Անշուշտ գիրքի աւարտին՝   աղբիւրագիտութեան բաժինը:

Ընդամէնը  159 էջերէ բաղկացած եւ Շիրակ հրատարակչատան  կողմէ լոյս  ընծայուած, մատչելի հայերէնով   այս   ուսումնասիրութեան   իւրաքանչիւր պարբերութիւնը խոր  վերլուծումներու  կը մղէ  ընթերցողը: Տէրտէրեան իրաւաբանի  հմտութեամբ եւ միջազգային օրէնքի սահմաններուն   մէջ  կ’առաջադրէ    պահանջատիրութեան բովանդակութիւնը  ճշդելու, զայն  հետապնդող  իրաւական   կառոյցին հանգամանքը ձեռք բերելու  աշխատանքի  հրաւէր մը, որպէսզի   յարաբերաբար աւելի  դիւրին  ճանապարհներով  թեւակոխենք   հողային հատուցումի երկարաշունչ  պայքարի  հանգրուանը:

Այս գիրքը իւրաքանչիւր   պահանջատէր հայու անհրաժեշտ ուղեցոյց մըն  է: Բացատրական կարեւոր  բանաձեւերով  , Հայ  դատի  եւ  պահանջատիրութեան,  ցեղասպանութեան  ճանաչման,  տունդարձի իրաւական  հիմունքներու եւ մեր դատի անժամանցելիութեան վերաբերեալ անհրաժեշտ  մանրամասնութիւններով ու   վերլուծութիւններով   յագեցած:

Գիրքին  տողերուն  ընդմէջէն  կը դիտենք  Հայ դատով տագնապող մարդը, պահանջատէր    Գասպար Տէրտէրեանը:  Իբրեւ զգաստութեան հրաւէր,  Տէրտէրեան կը  մէջբերէ  Յովհաննէս  Թումանեանի  դիպուկ խօսքերը. «Էսքան  փորձութիւն ու տառապանք ունեցած մեր ժողովուրդին այլեւս անվայել է անգիտանալ  մեր կեանքի պահանջները ու  ծփալ,     ժամանակի ալեկոծութեան  քմահաճոյքին անձնատուր:  Ամէն ազգի մէջ ալ կան  եւ միշտ ալ կը լինեն՝ ամէն տեսակի հասարակական  ու քաղաքական  կուսակցութիւններ ու հոսանքներ, բայց բոլորովին  ուրիշ բան է  ժողովուրդի ամբողջութեան     միասնութիւնը»:

Հարցը այն է, որ Ամենայն  հայոց  բանաստեղծը այս մարգարէաշունչ  խօսքերը արտասանած է  Հայոց ցեղասպանութենէն  շատ առաջ՝  1913-ին:   Հասկցողին շատ բան….:

Պարտինք  անբասիր  մտաւորականի  ահազանգ  գնահատել  մեթրին յախուռն  ոճը:

Թոյլ տուէք  յայտնելու, որ  նման խորունկ բովանդակութեամբ գիրք  մը   բաւական դժուար  եղաւ  ամփոփել սահմանուած տասը  վայրկեաններուն  մէջ:

Քաջառողջութիւն  եւ անսպառ կորով  կը մաղթեմ  մեթր Գասպար  Տէրտէրեանին՝ խիզախ  գրիչէն   նորագոյն այս  հրատարակութեան  առիթով:

Այս գիրքը  ընթերցելու  միջոցին  յաճախակի     հարցում մը կը յառաջանար մէջս՝  Սփիւռքի մէջ ո՞վ  պիտի շարունակէ    մատի վրայ  հաշուող  մեր այսօրուան մտաւորականութեան,  հրապարակագիրներուն,  գրողներուն, բանաստեղծներուն, կրթական  մշակներուն  բարի աւանդը :

Ու  դժբախտաբար   պատասխան  չէի  գտներ  ….:

 

 

Previous Post

US encircling China on multiple new Cold War fronts

Next Post

Turkey taking leading role against Islamophobia: Erdoğan

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.