Վերջին տարիներուն այժմէական դարձաւ մահմետականաց(ու)ած հայերու գոյութեան հարցը: Կատարուեցան բազմաթիւ մեկնաբանութիւններ այս խմբաւորումին պատկանող հայերու կրօնական պատկանելիութեան եւ ազգային գիտակցութեան առերեւումին շուրջ: Իրականութենէ խուսափում է հայկական այս խմբաւորումները ամբողջութեամբ պիտակաւորել իբրեւ թաքնուած հայեր, կամ թրքացած հայեր եւ կամ ալ` քրտացած հայեր: Ատենն է, որ ընդունինք մերկ իրականութիւնը, թէ` այսօր գոյութիւն ունի մահմետական(ացած) հայու տիպարը, որ կ՛ապրի իր իսկ հողին վրայ:
Ըստ որոշ տուեալներու, ներկայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ կ՛ապրին գուցէ երկու միլիոն եւ նոյնիսկ աւելի գնահատուող մահմետական(ացած) հայերու զանազան խմբաւորումներ: Աշխարհագրականօրէն կեդրոնացած Համշէնի, Տէրսիմի, Սասնոյ լեռնաշղթային եւ Վանայ ծովու շրջանին մէջ:
Այսօր հաճոյքը ունինք պէյրութահայութեան ներկայացնեու մահմետական հայրենակից մը, ժամանակակից համշէնցիներու զարթօնքի առաջատար անուններէն, մտաւորական, մանկավարժ, հեղինակ` Մահիր Էօզքանը:
Վստահաբար շատեր առաջին անգամ է, որ կը լսեն Համշէն եւ համշէնցի եւ կամ համշէնահայ տարազները: Համշէնցիները պատմութեան մէջ կը յիշուին 8-րդ դարէն: Արաբական արշաւանքներու ժամանակաշրջանին, Հայաստանի գլխաւոր նախարարական տոհմերէն` Ամատունիները կը գաղթեն աւելի ապահով վայրեր եւ կ՛ապաստանին Սեւ ծովու հարաւարեւելեան շրջանները, Բարձր Հայքի հիւսիսը գտնուող Տայք նահանգը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն աւանը, որ ժամանակի ընթացքին կը վերածուի Համշէնի, եւ շրջանը ժամանակի ընթացքին կը ճանչցուի այդ անունով: Օսմանեան իշխանութեան բռնարարքներէն եւ նաեւ պարտադրուած ծանր հարկատուութենէն խուսափելու ձգտումները պատճառ կ՛ըլլան, որ շրջանի բնակչութենէն մաս մը ընդունի մահմետականութիւնը` առանց իրենց կապը խզելու ազգային նոյն պատկանելիութիւնը ունեցող համշէնահայերու հետ: 19-րդ դարու առաջին տասնամեակին շրջան այցելող Մխիթարեան վարդապետ հայր Մինաս Բժշկեան իր «Պատմութիւն Պոնտոսի որ է Սեաւ ծով» խորագրեալ ուղեգրութեան մէջ կը վկայէ կէս-կէս համշէնցիներու մասին, որոնք պահպանած են քրիստոնէական իրենց սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները, եւ իրենց նուէրն ու օգնութիւնը չեն զլանար իրենց եկեղեցիին: 18-րդ եւ 19-րդ դարուն յաճախակի դարձած օսմանեան-ռուս պատերազմները աւեր կը գործեն շրջանին մէջ եւ պատճառ կը դառնան համշէնցիներու գաղթելուն դէպի հիւսիս-արեւելք եւ դէպի արեւմուտք, հեռու` սահմանամերձ գօտիէն:
Հիւսիսային համշէնցիներու Վրաստանի, Աբխազիոյ, Ռուսիոյ, Խըրխըզիստանի, Ղազախստանի, Իւզպեքիստանի խմբաւորումները հայախօս են եւ քրիստոնեայ, եւ ունին «Ձայն Համշէնական» ամսաթերթը` իբրեւ պաշտօնաթերթը «Համշէն հայրենակցական բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան»: Թերթին երկարամեայ խմբագիրն է Սերգէյ Վարդանեան, եւ թերթը կը հրատարակուի Երեաւան, 8 էջ ծաւալով, 1000 օրինակ տպաքանակով եւ կը տարածուի անվճար: Այս տարի թերթը կը նշէ իր հրատարակութեան 10-ամեակը:
Դէպի արեւմուտք գաղթած համշէնահայերը տեղակայուած են Ռիզէ քաղաքէն Պոլիս տարածուած շրջաններուն մէջ, եւ գրեթէ բոլորն ալ մահմետական են եւ` թրքացած ու թրքախօս:
Կեդրոնական Համշէնի կամ բուն Համշէնի բնավայրը կը տարածուի վրացական սահմանէն դէպի սեւծովեան Ռիզէ քաղաքը, եւ իր մէջ կը ներառէ Արդուին, Հոփա եւ Պորչքա բնավայրերը: Աշխարհագրութիւն մը, ուր տակաւին պահպանուած են հայկական անուանումներ, ինչպէս` Քաչկարի (Խաչքար) լեռներ, Խաչիվանաք, Խաչափիթ (Խաչափայտ), Ափիվանաք, Բալովիտ, Գիւմպէթ (Գմբէթ). աշխարհագրութիւն մը, ուր տակաւին պահպանուած է լեզուն իբրեւ արեւմտահայերէնի իւրայատուկ բարբառ, որ դարերու ընթացքին եղուած է պոնտական յունարէնի եւ թրքերէնի ազդեցութեան տակ. Իբրեւ օրինակ` կու տամ հանելուկ մը համշէներէնով
ԳԻՏԷՔ ԴԱ՞ – Առաջ շիմշիրան կ՛էլլիր, հիմի մէթալան կ՛էնին
Շիմշիրան էլլողովը մածունը շատ սոյ կ՛ուտուի
(ԳԵՏԱԼ)
Պերլինի պատին հետ կը փլէին բազմաթիւ պատեր եւ կը փլէին նաեւ սահմանային պատուարներ: Սահմանին երկու կողմի համշէնցիները կը տեղեկանային այլ համշէնցիներու գոյութեան եւ կը ծանօթանային իրարու, Համշէնէն մինչեւ Երեւան, Պաթում, Սոչի, Քրասնոտար, Խըրխըզիստան եւ Ղազախիստան: Այս ժամանակահատուածին, այլ փոքրամասնութիւններու նման, համշէնցիներն ալ կը սկսէին հետաքրքրուիլ իրենց ինքնութեամբ, մայրենիով եւ մշակոյթով: Ուսեալ եւ լուսաւորեալ համշէնցիները կը զգային, թէ համշէնական տեղագրական եւ ազգագրական տուեալները լրջօրէն վտանգուած էին: Մանաւանդ որ երիտասարթները կը լքէին իրենց ծննդավայրը եւ չէին վերադառնար: Տնտեսական պայմանները համշէնցիներուն կը ստիպէին իջնել իրենց սարահարթերէն եւ յարիլ քաղաքային ապրելակերպի: Քաղաքաբնակ դառնալուն կը յաջորդէր լեզուական եւ մշակութային այլասերումը եւ ձուլումը: Համշէնցի մոմիներուն (մեծմայրերուն) ծունկերուն տակ չէին ծուարեր լեզուն եւ դարաւոր աւանդութիւնները սորվելով մանուկներն ու պատանիները: Մեծ քաղաքներուն մէջ համալսարանական ուսումի հետեւող գաղափարապաշտ համշէնցիներ պարբերաբար կը վերադառնային իրենց ծննդավայրերը, կը վերագտնէին իրենց մոմիները եւ կը պեղէին իրենց մայրենին, աւանդութիւնները, պատմութիւնը, երաժշտութիւնը եւ այն, ինչ որ կը գտնէին ազգագրական եւ մշակութային ծիրէ ներս: Ինքնութեան այս փնտռտուքլը խթան կը հանդիսանար համշէնեան ինքնութեան եւ մշակութային զարթօնքի մը: Համշէնցի մտաւորականներու վկայութեամբ, այս զարթօնքին կայծը կու տար 1996-ին տպագրուած փոքր գիրք մը, Ռակըփ Զարագոլուի «Պելկէ» հրատարակչատունէն լոյս տեսած փրոֆ. Լեւոն Խաչիկեանի «Հէմշին կիզէմի. Համշէն էրմենիլերի թարիհինտէն սայֆալար (Համշէնի գաղտնիքը. էջեր համշէնահայերու պատմութենէն): Գիրքը թրքերէն թարգմանութիւնն էր Խաչիկեանի «Էջեր համշինահայ հայերու պատմութիւնից» լայնածաւալ ուսումնասիրութեան, եւ` այլ աղբիւրներէ կատարուած յաւելումներու: Իսկ գիրքին թարգմանի՞չը… նոյն ինքն «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի երկարամեայ խմբագիր, նորոգ հանգուցեալ Սարգիս Սերովբեանը:
Ժամանակագրական կարգով այս հատորին կը յաջորդէր, 2001 թուականին, համշէնցի Էօզճան Ալփերի նկարահանած «Մոմի» ժապաւէնը: Համշէնեան զարթօնքը իր լրումին կը հասնէր նաեւ համշէնեան երաժշտութեան զարգացումով, համշէնեան երգով, պարով, հորոնով, զուռնայով, տուտուկով, քեմանչայով եւ տզկարով: Ժամանակագրական կարգով Քազըմ Քոյունճու, Կէօքհան Պիրպեն, Այշենուր Քոլիվար, Հիքմեթ Աքչիչեք կը վերականգնէին համշէնեան երգերը, յաճախակիօրէն` համշէնահայերէնով. դուն սարի, մազդ սարի, ծափիկ պար, էլլա էլլա, չօպնի երգը, տա իմ Եուսուֆ օրդի, նորհարս էլլիմ… 2005-ին կը կազմուէր համշէնցիներու ՎՕՎԱ խումբը (հայերէն բառ մը, որ կը նշանակէ ո՞վ է), եւ յաջող նուագահանդէսներ կը սարքէին Երեւանի, Սոչիի եւ Մոսկուայի մէջ: 2011-ին Պոլսոյ մէջ կը հիմնուէր «ՀԱՏԻԿ»-ը` Համշէնի մշակոյթի ուսումնասիրման եւ պահպանման միութիւնը: 2014 սեպտեմբերին լոյս կը տեսնէր համշէներէն առաջին գիրքը (եռալեզու հրատարակութիւն)` հեղինակութեամբ մեր այսօրուան հիւրին` Մահիր Էօզքանի: Նոյն տարուան աշնան կը հրատարակուէր, վեցամսեայ պարբերականութեամբ, համշէնեան առաջին պարբերաթերթը` «Կոր» (համշէներէն բառ մը, որ կը նշանակէ համագործակցութիւն):
19 յունիս, 2015