Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կոչ մը յղեց Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայութեան, ՈՒՐ Կ’ըսուի.«… կոչ կ’ընեմ վստահիլ միայն պաշտօնական աղբիւրներուն եւ զգօն մնալ թշնամական տեղեկատուական հոսանքներէն: Ամուր կեցէք մեր պետութեան, մեր բանակի թիկունքին՝ մեր սուրբ հայրենիքի պաշտպանութեան դիրքերուն: Մենք պիտի յաղթենք:
Կեցցէ ՜ հայոց փառապանծ բանակը: Կեցցէ՜ հայոց պետականութիւնը: Կեցցէ՜ հայ ժողովուրդը». նշեց վարչապետ Փաշինեան:
Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Շուշան Ստեփանեան հրապարակեց Կիրակի առաւօտեան Արցախի ուղղութեամբ Ազրպէյճանի յարձակումին հետեւանքով թշնամիին կորուստները:
Հայկական կողմը խոցած է թշնամիի երկու ուղղաթիռ եւ երեք ԱԹՍ: Հայկական զօրքերը յաջողած են ետ մղել քանի մը ուղղութիւններէ կատարուող ազերիական յարձակումները: Բախումները կը շարունակուին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան հեռախօսազրոյց ունեցաւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպշիկի հետ: Նախարարը յայտնեց սահմանին տիրող իրավիցակը եւ տեղեկացուց ազերիական հերթական սադրանքը:
ՄՆԱՑԷՔ ԵՒ ՀԵՏԵՒԵՑԷՔ ՄԵՐ ԼՈՒՐԵՐՈՒՆ – www.yerepouni-news.com