Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
«Ես Հայ եմ»։
«Հայը քրիստոնեայ է»։
«Հայը առաջին քրիստոնեայ պետութիւնն է աշխարհի վրայ»։
Ու տակաւին։
Բայց ո՞վ եւ ո՞վքեր են այս արտայայտութիւններուն հեղինակները։
Անոնք ոչ մտաւորականներ են ոչ ալ ակադեմական գործիչներ, ոչ ալ մասնագիտութիւններու տիրացած անձիք։ Այս խօսքերուն հեղինակները հայ փոքրիկներ եւ պատանիներ են, որոնք կ՚ապրին սփիւռքեան տարբեր երկիրներու մէջ։
Հոկտեմբեր 2021-էն սկսեալ եւ քանի մը ամիսներու վրայ երկարած, առիթը ունեցայ մեծերու աշխարհէն փոխադրուիլ փոքրիկներու եւ պատանիներու աշխարհ։ Երկար ժամանակէ ի վեր անջատուած էի անոնց հետ հաղորդակցելու ուրախութենէն։ Ուրախութիւն կ՚ըսեմ, քանի ուրիշ աշխարհ է եղեր մանուկներու հետ ըլլալը։ Աստուածաշունչի ընկերութեան հրատարակած «Մանուկներու Բացատրական Աստուածաշունչ»ը բաժնելու ժամանակ առիթը ունեցայ հայկական վարժարաններ այցելելու Լիբանանի, Կիպրոսի, Քուէյթի, եւ Տուպայի մէջ։ Յիսուսի վկայութիւնը շատ ճիշդ է. «Եթէ մանուկներու պէս չըլլաք, երկինքի թագաւորութիւնը բնաւ պիտի չմտնէք» (Մատթէոս 18.3)։
Այցելութիւններուս մէկ յատկանշական երեւոյթը այն էր, որ առիթը ունեցայ խօսելու պատանիներուն հետ։ Եթէ մէկ կողմէ հարցումներ ըրի հայուն, անոր պատմութեան եւ Աստուածաշունչին մասին, բայց նոյնքան նաեւ անոնց ազգային ինքնութեան եւ հաւատամքներուն մասին։ Այս բոլորը եթէ զիս ուրախացուցին, բայց նաեւ յոյսով եւ լաւատեսութեամբ լիցքաւորեցին զիս մեր ազգային ու հաւաքական կեանքերու ապագային մասին։
Հայ մանուկ-պատանին ուշիմ է, արթուն, խելացի, սրամիտ, համարձակ եւ խիզախ։ Անոնք մեծ խանդավառութեամբ պատասխանեցին բոլոր հարցումներս։ Տեսայ հայ մանուկ-պատանին որ կ՚ուզէ իր սորվածը, գիտցածը, եւ տեսակէտը ըսել։ Բայց կար աւելին։ Հայ երեխան-պատանին կ՚ուզէ իր սորվածը ըսել հպարտութեամբ։ «Ես հայ եմ», «քրիստոնեայ», եւ «առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը»։ Հանդիպումներս հայ մանուկ-պատանիներուն հետ ջերմացուցին հոգիս։ Այս ջերմութիւնը տարաւ զիս անցեալին, երբ ես ալ կը մեծնայի իրենց նման եւ քրիստոնէական հաւատքի հպարտութիւնը կեանքիս մէջ բոյն կը շինէր։
Անցնող ամիսներուն ընթացքին եւ իմ հանդիպումներուն մէջէն տեսայ նաեւ իւրայատկութիւններ։ Իւրայատուկը մեր հայ մանուկ-պատանիին խիզախութիւնը եւ ուշիմութիւնն էր։ Տեսայ հայ պատանին որ արթուն է եւ գիտէ թէ ինք ով է եւ ինչ կ՚ուզէ, թեկուզ իր պատանեկան պրիսմակէն։ Այս բոլոր իրականութիւններն են, որ զիս լաւատեսութեամբ ներշնչեցին։ Թէ ունինք հայ նոր հասակ առնող սերունդ մը որ ուժ է եւ որ ուժ կրնայ դառնալ։ Ուժը ոչ ֆիզիքական եւ կամ թիւի հաշուարկով։ Ֆիզիքականը եւ թիւը իրենց տեղը եւ կարեւորութիւնը կրնան ունենալ։ Ուժը նոյնքան մտաւոր եւ իմացական իմաստով։ Ուժը, որ կրնայ աւելցնել հայու Արժէքի կեանքին եւ ուր կ՚ունենանք նոր սերունդ մը, որ կը դառնայ հայ եւ քրիսոտնեայ։ Այս գործընթացքն է, որ պիտի յանդգնինք կոչել ՀԱՅԱՊԱՀՊԱՆՈՒՄ։ Հայապահպանումը կը շինուի եւ կը կերտուի։ Շինուելու եւ կերտուելու այս գործընթացքներուն գրաւականը ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնն է։ Դաստիարակութիւն մը, որ հայուն եւ իր արժէքի կեանքը կը շինէ, կը պահէ, եւ կ՚ապահովէ հայուն պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթը։
Հայապահպանումը հայը հայ պահելու մէջ չէ միայն։ Հայապահպանումը կեանք է։ Հայը կ՚ապրի իր կեանքը անհատական, ընտանեկան ու տակաւին ընդհանրական իրականութիւններուն մէջէն։ Այս իմաստով հայապահպանումը ինքնամփոփ եւ ինքն իր մէջ ապրուած իրականութիւն մը չէ։ Ան կը բացուի շրջապատին եւ աշխարհին եւ կը վկայէ, բայց նաեւ իր ներդրումը կունենայ՝ մէկ կողմէ ներ հայկական իմաստով, բայց նոյնքան նաեւ համամարդկային իրականութիւններու մէջէն։ Ահա թէ ինչու հայապահպանումը արդիւնք է ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակոթեան, որ կը շինէ եւ կը կերտէ հայը եւ անոր կեանքը իր աբողջական հասկացողութեան մէջէն։
Այս տարի կը ոգեկոչենք Ցեղասպանութեան 107-րդ ամեակը։ Ցեղասպանութիւնը, որ հայուն պատմութիւնը եթէ լեցուց արիւնով, ցաւով, ողբերգութեամբ եւ մարդկային, հողային եւ մշակութային ահաւոր կորուստով, բայց այս բոլորը չընկրկեց հայը։ Եթէ հայուն պատմութիւնը շարունակուեցաւ եւ մինչեւ այսօր, որովհետեւ հայը հաւատաց, որ ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւնը ամուր հիմքն են իր գոյատեւումին։ Եթէ հայուն համար Տէր Զորը եղաւ մէկ կողմէ «մահուան շուքի ձոր», այդ եղաւ նոյնքան նաեւ կեանք։
Հայը Տէր Զորէն սկսաւ գիտակցիլ, թէ իր կեանքը պիտի շարունակէ ապրիլ անկախ իրեն վիճակուած պատմութեան դժուար եւ դժբախտ ճակատագրին։ Հայկական կեանքը ապրելու այս դաստիարակութիւնը սկսաւ նոյնինքն Տէր Զորէն, անցաւ հիւղաւաններէն եւ մինչեւ այսօր կ՚ապրի սփիւռքեան տարբեր իրականութիւններուն մէջէն։ Դաստիարակութիւնը, որ հայը կերտեց եւ սորվեցաւ, թէ պէտք է ապրի որպէս հայ եւ հայօրէն իր ներդրումը ունենայ ազգային եւ համամարդկային ընդհանրական կեանքեր շինելու առաքելութեան մէջէն։
Հայապահպանումի հիմքը դաստիարակոթիւնն է։ Ազգային եւ քրիստոնէական դաստիարակոթիւնը, որ պիտի կերտէ հայ միտքը։ Հայ մարդը իր ազգային, մշակութային եւ պահանջատիրութեան արժէքներու ինքնութեամբ եւ քրիստոնէական ու հոգեւոր գիտակցութեամբ։ Հայ մարդը իր ազգային եւ քրիստոնէական արժէքներու գիտակցութեամբ է, որ պիտի պահպանուի։ Հայապահպանումը գործընթացք է, ուր հայը կը մեծնայ եւ կը սորվի իր ազգային եւ քրիստոնէական արժէքները։ Եթէ սփիւռքի տարածքին հայը շինեց եկեղեցի, բայց նաեւ դպրոց, մամուլ, ակումբ ու տակաւին։ Այս բոլորը կը միտէր հայապահպանումի անհրաժեշտութեանը եւ մինչեւ այսօր։
Հայապահպանումը միայն սփիւռքեան օրակարգ եւ պարտաւորութիւն չէ։ Հայապահպանումը այժմէական եւ կարեւոր է Հայաստանի եւ Արցախի համար։ Հայերէն սորվիլ եւ խօսիլը կարեւոր են, բայց բաւարար չեն։ Հայը պիտի սորվի իր ազգային արժէքները եւ պիտի պահէ եւ կերտէ զանոնք։ Հայրենի իրականութեան համար այս պիտի նշանակէ Հայաստանի եւ Արցախի պետականաշինութիւն՝ քաղաքացիական, ընկերային, ազգային եւ բարոյական արժէչափերոով։ Պետութիւն կը շինուի երբ կայ գիտակցութիւնը ազգային, քաղաքացիական եւ բարոյական արժէչափերու։ Այս բոլորը կարելի կ՚ըլլայ իրականացնել երբ կայ համապատասխան դաստիարակութիւնը։
Հայաստանի եւ Արցախի անկախացումէն ասդին ի՞նչքան կրցանք պետութիւն հիմնել։ Անկախ ու անկախացած պետութիւն ունենալը լաւ է եւ անհրաժեշտութիւն ազգի մը գոյատեւումին համար, բայց այդ բաւարար չէ։ Ազգը եւ երկիրը գոյատեւելով չէ որ կ՚ապրի։ Անհրաժեշտ է երկիրը, պետութիւնը եւ պետականութիւնը զարգացնել, ուր ազգային եւ քաղաքացիական ամուր արժէչափերը կը տնօրինեն մեր հաւաքական կեանքերը։ Սխալած պիտի չըլլանք երբ ըսենք, թէ շատ յաջողութիւններ չարձանագրեցինք մեր անկախ պետութիւնը զարգացնելու մարտահրաւէրին մէջ։
Պետութիւն հասկացողութիւնը եթէ մէկ կողմէ պիտի ընդգրկէ կառավարական վարչամեքենան բայց նոյնքան նաեւ երկիրը եւ իր հաւաքական, ընկերային կեանքերը եւ կառոյցները։ Հաւաքական կեանքը, ուր ազգային եւ մշակութային արժէքները կարելի չէ որ սակարկուին։ Բարոյական եւ կենցաղային կեանքի գիտակցութիւնը, ուր հայը պիտի սորվի զանազանել շիտակը սխալէն, վատը լաւէն, բարին չարէն։ Պիտի սորվի, թէ կաշառակերութիւնը մեղք է եւ որ երկիր կը քանդէ, թէ կեանքի նկարագիրը պէտք է կերտել քրիստոնէական արժէչափերու վրայ եւ որուն մէջէն կը շինուի հաւաքականութիւն եւ պետութիւն։ Պետականաշինութիւնը այս իմաստով պիտի ընդգրկէ շինել երկիր իր հաւաքականութեամբ։ Երկիր եւ հաւաքականութիւն շինելու համար պէտք ունինք ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութիւն։
Մեր նախահայրերը, որոնք անցան ցեղասպանութեան դժոխքին մէջէն չի բաւարարուեցան միայն ապրելով։ Անոնք հաւատացին, որ իրենց այդ դժոխային կեանքի մէջէն պիտի վերապրին եւ վերապրեցնեն հայը։ Անոնք հաւատացին հայապահպանումի տեսլականին։ Այդ ընելու համար հաւատացին ազգային դաստիարակութեան անհրաժեշտութեան։
Արժէ այսօր փորձ մը ընել եւ համեմատել ներկայ հայկական իրականութիւնը հայրենի եւ սփիւռքեան իր բոլոր ճգնաժամերով եւ մարտահրաւէրներով Ցեղասպանութեան եւ տարագիր մեր նախահայրերու օրերուն հետ։ Եթէ մեր ներկայի օրերը ունին իրենց իւրայատկութիւնները, բայց արժէ հարց տալ. «Արդիօք հայուն ապրած ցեղասպանութիւնը աւելի նուազ տագնապալի էր քան այն որ մենք այսօր կ՚ապրինք»։
Հայը տոկաց Ցեղասպանութենէն ետք։ Ան ոչ միայն տոկաց այլ կերտեց եւ շինեց հայը եւ հաւատաց հայապահպանումի առաքելութեան։ Այս կրցաւ ընել քանի կառչեցաւ ազգային դաստիարակութեան, որ ապահովեց հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը։
Հայը այսօր ալ պարտի ընել նոյնը։ Մեր շատ մը դժուարութիւններուն եւ նեղութիւններուն մէջէն, պիտի տեսնենք, թէ հայուն պատմութեան շարունակականութիւնը իր ազգային եւ քաղաքացիական դաստիարակութեան մէջ է։ Դաստիարակութիւն մը, որ հայուն ազգային եւ քրիսոտնէական կեանքի արժէքները պիտի կերտէ եւ շինէ։ Արժէքներ, որոնք չեն սակարկուիր։ Արժէքներ որոնք պատմութիւնը կը կերտեն եւ կը զարգացնեն։
«Ես հայ եմ»։
«Ես Քրիստոնեայ եմ»։
Հայ փոքրիկները եւ պատանիները կը հաւատան այս Արժէքին։
Ես ոչ թէ միայն լսեցի իրենցմէ, բայց նաեւ տեսայ։
Տեսայ իրենց մատղաշ հոգիները եւ հայօրէն տրոփող սրտերը։ Այս մատղաշ հոգիները եւ տրոփող հայու սրտերը պէտք է որ կերտենք եւ շինենք։
Կերտելու եւ շինելու համար պէտք է հաւատանք դաստիարակութեան։ Հայապահպանումի դաստիարակութիւնը իր ազգային եւ քաղաքացիական պարունակներուն մէջէն։
Հայապահպանումը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք։
Այս հայապահպանումը եւ անոր դաստիարակութիւնն է, որ հայուն կեանքի պատմութեան շարունակականութիւնը պիտի ապահովեն։
Քուէյթ, 28 Մարտ, 2022