Յարութիւն Իսկահատեան- Պայքար 78
Հայասպանութիւնը քննարկող երկու կողմերուն միջեւ սուր վէճ մը գոյութիւն ունի անոր կանխամտածուած բնոյթին նկատմամբ: Առաջինը համոզուած է, թէ հայութիւնը բնաջնջելու համար նախապէս ծրագիր մը մշակուած էր: Երկրորդ տեսակէտը կը միտի ցոյց տալու իշխող երիտթուրքերու համաթրքական գաղափարախօսութեան հետեւանք եղող` հայոց, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները իբրեւ «դէպքեր», կը նսեմացնէ Հայասպանութեան տարողութիւնը, կ’ըսէ թէ անոնք ընդամէնը «ցաւալի դէպքեր» են եւ կը պահանջէ որ յարգուի բոլոր հաւաքականութիւններու, ներառեալ թուրքերու, ունեցած զոհերուն յիշատակը: Այս երկրորդ տեսակէտը պաշտպանողները կ’անտեսեն կարեւոր պատմական իրողութիւններ ու արխիւային փաստագրութիւններ:
Գերմանացի պատմաբան-ցեղասպանագէտ Հիլմար Քայզեր այս նիւթը ուսումնասիրած է վերջին տարիներուն եւ զայն քննարկած իր հրատարակած աշխատութեան՝ «Տիգրանակերտի Շրջանի Հայոց բնաջնջումը» (“The Extermination of Armenians in the Diarbekir Region”- Istanbul Bilgi University Press, 2014, 464 էջ) սկիզբի էջերուն մէջ:
Հիլմար Քայզեր պատմագիտութեան դոկտորական թէզը պաշտպանած է Իտալիոյ Ֆլորենցիա քաղաքի Եւրոպական Համալսարանին մէջ: Ան մասնագիտացած է Օսմանեան Պետութեան վերջին շրջանի ընկերային եւ տնտեսական պատմութեան մէջ, որուն առընթեր ուսումնասիրած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը` վերջինիս առ այսօր նուիրելով երկու մենագրութիւն, քանի մը գրախօսութիւններ ու գիտական յօդուածներ:
Հայասպանութեան կանխամտածուած բնոյթի տեսակէտին պաշտպանները թրքական եւ քրտական հակահայկական վաւերագրութիւնները կը ներկայացնեն իբրեւ փաստարկ: Գրիկեր գրչանունով ծանօթ հայ կաթողիկէ վարդապետ Գրիգոր Կերկերեան վաւերագրական նիւթեր հաւաքողներու մէջ առաջինն է: Ան ուսումնասիրած է օսմանեան զինուորական ատեաններուն առնչուած յոյժ կարեւոր փաստագրութիւններ, որոնք յայտնաբերուած ու հաւաքուած են առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն անմիջապէս ետք: Անոնք յայտնի են իբրեւ «Նաիմ-Անտոնեան» փաստաթուղթեր: Արամ Անտոնեան կրցած էր ձեռք բերել Նաիմ պէյի յուշերը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եւ զանոնք հրատարակած իր «Մեծ Ոճիրը» խորագրեալ երկով:
Արամ Անտոնեան 1915-ի սկիզբը Մեսքենէի մէջ կը տեսնէ Նայիմ պէյը: Վերջինս օսմանեան իշխանութեան կողմէ Հալէպէն Մեսքենէ ղրկուած էր ամբողջ Եփրատի գիծին վրայ տակաւին ապրող հայ գաղթականները Տէր Զօր քշելու համար: Նաիմ պէյ դէպի Տէր Զօր քանի մը խումբ հայոց ձեւական աքսորումներ (սեւքիյաթ) կատարելէ յետոյ Հալէպ կը վերադառնայ: Իշխանութիւնները Նաիմ պէյէն յուսախաբ կ’ըլլան ու զայն պաշտօնանկ կ’ընեն: Մեսքէնէի միւտիւր Հիւսէյն էֆենտին ալ պաշտօնանկ կ’ըլլայ: Անոր փոխարէն Հագգը պէյ անունով մարդակերպ գազան մը միւտիւրի պաշտօնին կը կանչուի եւ բոլոր գաղթականները դէպի Տէր Զօր կը տարագրէ: 1918-ին բրիտանական բանակին Հալէպ մտնելէն քանի մը օր յետոյ, Արամ Անտոնեան իր բարեկամներէն կ’իմանայ, թէ Նաիմ պէյ տակաւին քաղաքին մէջն էր: Ան մեծ ջանք կը թափէ գտնելու Նաիմ պէյը, կը հանդիպի անոր ու անկէ կը խնդրէ որ իրեն յանձնէ այդ կարեւոր վաւերաթուղթերն ու վկայութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Արամ Անտոնեան նախ կը խորհի կաշառել Նաիմ պէյը, սակայն կը տեսնէ, թէ ան կաշառուող տեսակէ չէր` հակառակ նիւթական ոչ-փայլուն վիճակին: Անտոնեան մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի խոստովանեցնել Նաիմ պէյը: Ամբողջական խոստովանութիւնները շաբաթներ կը տեւեն որովհետեւ Նաիմ պէյ «Միշտ գրաւուած մնաց այն սարսափէն, թէ իր ցեղին ընդհանուր շահերուն պիտի վնասեն այն թուղթերը զորս Արամ Անտոնեանի կը յանձնէր»: Մեծաթիւ տեղեկութիւններ քաղելով հանդերձ, Արամ Անտոնեան կ’ըսէ, թէ Նաիմ պէյ շատ բան ալ գաղտնի կը պահէր իրմէ:
Արամ Անտոնեանի աշխատանքը կ’ընդգրկէ 1915-էն մինչեւ պատերազմի վերջաւորութեան ժամանակաշրջանի օսմանեան հարցաքննութիւններու յանձնարարութիւնները եւ անոնց հետ կապ ունեցող նիւթերը: Գրիկերի ուսումնասիրութիւնը հիմնուած է Արամ Անտոնեանի եւ Հայկազն Գ. Ղազարեանի աշխատութիւններուն վրայ: Յիշեցնելու կարգով յայտնենք, թէ 1915-ին, մտաւորական Արամ Անտոնեան ձերբակալութենէ ու բռնագաղթէ խոյս տալով ապաստանած էր Հալէպ, որ կը գտնուէր Ահմատ Ճեմալ փաշայի գլխաւորած օսմանեան 4-րդ բանակի գերիշխանութեան տակ: Ըստ Հիլմար Քայզերի, Ճեմալ փաշա հայոց դէմ գործադրուող վայրագութիւններուն դէմ դրած էր (sic!) եւ փորձած էր պաշտպանել հայերը, մասնաւորաբար` Արամ Անտոնեանի նման հայ ղեկավարները (Ճեմալ փաշա միայն քիչ պարագաներու տակ հայ անհատներու օգնած է, ան հայոց ջարդարարներէն մէկը եղած է – Յ. Ի.): Պատերազմի տարիներուն Արամ Անտոնեան սկսած էր հայերը բնաջնջելու Օսմանեան Պետութեան ծրագիրներու եւ հրամաններու մասին տեղեկութիւններ հաւաքել: Օսմանեան Պետութեան պարտութենէն ետք ան իր ջանքերը բազմապատկեց այս ուղղութեամբ: Անոր ուսումնասիրութիւնները այս օրերուս մեծ փոթորիկ յառաջացուցած են Հայասպանութիւնը հետազօտող շրջանակներուն մէջ: Միայն վերջերս է որ ուսումնասիրողները աւելի լաւ կրցան ըմբռնել Անտոնեանի գործին կարեւորութիւնը:
Մեծն Բրիտանիոյ գաղտնի սպասարկութեան հետ աշխատած Հայկազն Գ. Ղազարեան օսմանեան կառավարութեան գրասենեակներուն մէջ գտնուող վաւերաթուղթերու հաւաքման համար բրիտանական հետախուզութեան գործակցած է եւ կարեւոր փաստաթուղթեր լուսանկարած: Գրիկերի նման, ան իր ձեռք բերած վաւերագրութիւնները հայերէն լեզուով հրատարակած է: Միայն 1965-ին է որ անոր շարք մը յօդուածները լոյս տեսած են անգլերէն լեզուով գիրքի մը մէջ որուն խորագիրը կը թարգմանուի «Թուրքերու Կողմէ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Ծրագրաւորումի Ժողովներուն Արձանագրութիւնները»- Այս Մասին Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աղբիւրները- Հայոց Ջարդերու 50-Ամեակի Ոգեկոչումի Յանձնախումբի Հրատարակութիւն- 212 Սթիւուըրտ Փողոց, Պոսթըն. Մեսսեչուսէթց, 1965 (Minutes of Secret Meetings Organizing the Turkish Genocide of the Armenians-What Turkish Sources Say on the Subject- A publication of the Commemorative Committee of the 50th Anniversary of the Turkish Massacres of the Armenians, 212 Stuart Street, Boston, Massachussets, 1965): Այս համառօտ յօդուածներով Ղազարեան կը քննարկէ յետ-պատերազմեան ժամանակաշրջանի օսմանեան զինուորական ատեանի ամբաստանութիւններն ու վճիռները ուղղուած Հայասպանութիւնը ծրագրած եւ թուրք ժողովուրդը հայոց դէմ հրահրած քաղաքական անձնաւորթիւններու դէմ: Ան կ’անդրադառնայ նաեւ Օսմանեան Պետութեան կողմէ հայոց հարստութիւններն ու գոյքերը իւրացնելու բարդ հարցին:
Վերոյիշեալ անձերը տարբեր նիւթեր առանձին-առանձին ուսումնասիրած են. Գրիկերի նիւթը Եոզկատի ջարդերուն պատասխանատու ոճրագործներու հարցաքննութեան մասին է: Ղազարեան եւ Անտոնեան ուսումնասիրած են տարբեր շրջաններու (ինչպէս Տէր Զօրի, Տիգրանակերտի, Սեբաստիոյ եւ Կեսարիոյ) պատասխանատուներու դատավարութեան մասին: Յետպատերազմեան ժամանակաշրջանը եռանդուն էր այս տեսակի ուսումնասիրութիւններով: Սակայն անկէ ետք երկար ժամանակ այս տեսակի աշխատանքներ դադրած էին: Միայն 1990-էն ետք է որ վաւերագրութիւններու վրայ հիմնուելով այս տեսակի ուսումնասիրութեան աշխատելաձեւը կրկին վերակենդանացաւ ու նոր եռանդ ստացաւ. հազուագիւտ թուրք պատմաբաններ եւ գրողներ սկսան Հայասպանութեան հարցով զբաղիլ ու հետաքրքրուեցան վաւերագրութիւններու ճշգրտութեամբ, բնոյթով եւ կոտորածներու տարողութեամբ: Հայասպանութեան փաստը հաստատելու համար օսմանեան արխիւային վաւերագրութիւնները յոյժ կարեւոր նկատուեցան:
Անհրաժեշտ ու օգտակար աշխատանք մըն է բաղդատել օսմանեան արխիւային վաւերագրութիւնները գերմանական, ամերիկեան, բրիտանական եւ ուրիշ վաւերագրութիւններու հետ: Գերմանական «Պատմութեան Հիմնարկ»ի (Historische Institut) եւ Ամերիկեան Օտար Առաքելութեանց Յանձնախումբի (American Board of Commissioners for Foreign Missions) արխիւներու փաստագրութիւնները, ինչպէս նաեւ անձնական վաւերաթուղթերու եւ վերապրողներու յուշագրութիւնները (memoirs) շատ կարեւոր զուգահեռներ կը պարունակեն օսմանեան արխիւներուն հետ:
Վերոյիշեալ քննարկման մէջ յստակօրէն կ’երեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաջատեղեակ ըլլալը Հայասպանութեան փաստին: Բոլոր ամերիկացի միսիոնարները եւ Կ. Պոլսոյ մէջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանը՝ Հենրի Մորկընթաու պերճախօս վկայած են Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ցաւալի է արձանագրել, թէ մինչեւ օրս՝ Մեծ Եղեռնէն հարիւրէ աւելի տարի ետք, Ա. Մ. Ն.ի վարչակարգը տակաւին կը տնտնայ ընդունելու Հայասպանութիւնը իբրեւ փաստ: Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ ամերիկեան շահերը Ա. Մ. Ն.ը կ’առաջնորդեն խարխափելու սուտի եւ նենգութեան խաւար արահետներու մէջ, քան թէ հպարտօրէն քալելու ճշմարտութեան արեւոտ ճանապարհէն՝ ճանչնալով Հայասպանութիւնը: Այդ շահերուն ետին կը կանգնին մութ ոյժեր, որոնք աշխարհի գրեթէ ամէն մէկ անկիւնին մէջ իրենց սադայէլական արարքներուն սեւ դրոշմը կը ձգեն: Անոնք են Երկրագունդին «բանիմացներ»ը եւ անոնց «իմաստութիւնը» կը կառավարէ Ա. Մ. Ն.ի եւ ուրիշ հզօր պետութիւններու վարչամեքենաները: Այս ընթացքով, աշխարհ ստոյգ կործանման սեմին կը մօտենայ: Եթէ ոճրագործները չեն պատժուիր, այսօրուան եւ վաղուան ոճիրները ի՞նչպէս պիտի կանխարգիլուին…