Յարութիւն Իսկահատեան-Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 191
Կիլիկիոյ 1909-ի Աղէտը Աւստրօ-Հունգարիոյ Դիւանագիտական Արխիւներուն Մէջ
Հայերը կեղեքելու, առեւանգելու, հալածելու, բռնաբարելու, կողոպտելու եւ սպաննելու թուրքին վայրենի բնազդի եւ հիւանդագին հոգեբանութեան դրսեւորման անմարդկային գործելակերպը քանի մը տարին անգամ մը իր գլուխը կը ցցէր, անկախ գործադրող թուրք հրէշի ինքնութենէն՝ սուլթան Ապտիւլ Համիտ թէ Թալաաթ, էնվեր ու Ճեմալ տխրահռչակ եռեակը կամ Մուսթաֆա Քեմալ կոչեցեալը, որ պարտադրած է թրքական խորհրդարանին զինք Աթաթուրք յորջորջել 1934-ին (Համացանցի մէջ կը կարդանք. Թրքական Խորհրդարանը Մուսթաֆա Քեմալի շնորհեց Աթաթուրք մակդիրը, որ կը նշանակէ թուրքերու հայրը, առ ի գնահատանք ժամանակակից Թրքական Հանրապետութեան հիմնադրութեան մէջ անոր խաղցած դերին: The Turkish Parliament granted him the surname Ataturk in 1934, which means «Father of the Turks», in recogntion of the role he played in building the modern Turkish Republic- https://en.wikipedia.org/wiki/Mustafa_Kemal_Atat%C3%BCrk- Յ. Ի.):
Կիլիկիոյ Աղէտին ատեն՝ 1909-ին, վերոնշեալ ոճրագործներէն առաջին երկուքը՝ Ապտիւլ Համիտ եւ Երիտթուրքերը Կիլիկիոյ Հայասպանութիւնն ու աւերը գործեցին 1909-ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն: Մէկ ձեռքով «ազատութիւն, եղբայրութիւն, հաւասարութիւն» եւ միւս ձեռքով «մա՛հ քրիստոնեաներուն» լոզունգներու դաշոյնը բարձրացուցած, զառամած սուլթանն ու չարիքով արբեցած Երիտթուրքերը մահ ու սարսափ տարածեցին Կիլիկիոյ բոլոր կողմերը: Հազուագիւտ պարագայով մը Կիլիկիոյ հայաբնակ Չորք Մարզպանն ու Կարս Պազարը այդ շրջանին շնորհիւ իրենց քաջարի դիմադրութեան փայլուն ինքնապաշտպանական յաղթանակներ արձանագրեցին: Կարս Պազարի այրերը հաճընցի Ճին Թորոսի՝ բուն անունով Թորոս Տարտաղանեանի օգնութեամբ, հայութիւնը հաւաքեցին եկեղեցի-դպրոցին մէջ եւ երեք շաբաթ թեթեւ զէնքերով դիմադրեցին թուրքերուն (տեսնել Յակոբ Թերզեանի «Կիլիկիոյ Աղէտը» գիրքը, էջ 141/ տեսնել նաեւ Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներուն Մէջ»ը, ուր հեղինակը մօտաւորապէս քսան էջ յատկացուացած է Կարս Պազարի հերոսական դիմադրութեան): Կիլիկիոյ Աղէտին Եւրոպական երկիրները անտարբեր աչքերով դիտեցին հայոց տառապանքներն ու խողխողումը, որովհետեւ անոնք միայն իրենց շահերուն տուած էին նախապատուութիւնը:
Կիլիկիոյ կոտորածներուն սկզբնաւորման եղելութիւնը այն է թէ երբ հինգ զինուած թուրքեր հայու մը վրայ կը յարձակին, վերջինս ինքնապաշտպանութեան մղումով անոնցմէ երկուքը կը սպաննէ: Այս դէպքին մասին աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական աղբիւրներուն մէջ կը կարդանք, Մերսինի մէջ Աւստրօ-Հունգարիոյ հիւպատոս Տարասի 15 Ապրիլ 1909 թուակիր հեռագիրը ուղղուած Կ. Պոլսոյ իր երկրի դեսպան Փալավիչինիին. «Հայոց դէմ սպանդը կը շարունակուի Ատանայի մէջ եւ իր գագաթնակէտին հասած է երկու շաբաթէ ի վեր երբ հայու մը կողմէ, ինքնապաշտպանութեան մղումով եւ պատճառով երկու թուրքեր սպաննուած էին» (էջ 57):
«Ատանայի Կոտորածը» խորագրին տակ (էջ 56-73) Վիեննաբնակ պատմաբան դոկտ. Արտեմ Օհանջանեան այս հարցը կը քննարկէ իր հեղինակած «Հայաստան 1915, Աւստրօ-Հունգարական Դիւանագիտական Զեկուցագիրները Կը Հաստատեն Հայոց Ցեղասպանութեան Փաստը» խորագիրով անգլերէն գիրքին չորրորդ գլուխին մէջ (Armenia 1915, Austro-Hungarian Diplomatic Reports Prove the Genocide, «Բաւիղ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2011, 322 էջ): Այս գիրքը անգլերէն ամփոփ ներկայացումն է հեղինակին հրատարակած 12 հատորնոց գերմաներէն աշխատութեան, որ կը կրէ «Աւստրիա-Հայաստան 1872-1936. Դիւանագիտական Փաստաթուղթերու Պատճէնահանուած Հաւաքածոյ» խորագիրը, որ 1995-էն 2011 տարիներու ընթացքին անոր ուսումնասիրած եւ ներկայացուցած Հայկական Հարցին վերաբերեալ աւստրօ-հունգարական պատմական պաշտօնական փաստաթուղթերը կ՛ընդգրկէ:
Նոյն օրը (15 Ապրիլ 1909-ին – Յ. Ի.) Մերսինի Աւստրօ-Հունգարիոյ հիւպատոսը երկրորդ հեռագիր մը կը յղէ Կ. Պոլիս, դեսպան Փալավիչինի. «Կոտորածները, կողոպուտը եւ հրձիգութիւնը կը շարունակուին Ատանայի մէջ: Տարսոնի մէջ պատահող խլրտումներուն մասին եւս լսեցինք: Տարսոնի զինուորական հրամանատարութիւնը շփոթի մէջ է: Փողոցները վտանգաւոր են, կացութիւնը լարուած է ու կը վատթարանայ: Մեծ թիւով զինուած հայեր Զէյթունէն Տարսոն կու գան» (էջ 57):
Աւստրօ-Հունգարիոյ Մերսինի հիւպատոսը ոչ միայն օրը օրին, այլ՝ ժամը ժամուն հեռագիրներու միջոցաւ անցուդարձերէն տեղեակ կը պահէր իր երկրին Կ. Պոլսոյ դեսպանն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը, այն յոյսով որ կարենար տառապող եւ խողխողուող հայոց օգնութիւն եւ փրկութիւն ապահովել: Ան նոր հեռագիրով մը կը գրէ. «Իսլամներու եւ հայոց միջեւ կռիւները կը շարունակուին Ատանայի մէջ ու կը տարածուին Կիլիկիոյ այլ քաղաքները: Ատանայի մեծ մասը կ՛այրի: Հայոց համար օգնութիւն ապահովելը անկարելի է: Մեզի շուտով թելադրեցէք թէ ի՞նչ կրնանք ընել: Կառավարութեան կողմէ նոր հրահանգ մը տրուած է հարուածելու միայն հայերը եւ զերծ պահելու միւս քրիստոնեաները, մանաւանդ օտարները» (էջ 57):
Աւստրօ-Հունգարիոյ Մերսինի հիւպատոսը 16 Ապրիլ 1909-ին կրկին կը հեռագրէ Կ. Պոլիս ըսելով. «Կացութիւնը յուսահատական է, ջարդերը, կողոպուտը եւ հրձիգութիւնները Ատանայի, Տարսոնի եւ Մերսինի մէջ մեծ համեմատութիւններու հասած են եւ ահռելի վնասներ կը պատճառեն հայոց» (էջ 57):
Դոկտ. Արտէմ Օհանջանեան կը յիշէ թէ եւրոպական երկիրները իրենց ռազմանաւերը կը ղրկեն Կիլիկիոյ նաւահանգիստները: Հիւպատոսը յոյս կը յայտնէ որ անոնք պիտի օգնեն հայոց: Սակայն ան շուտով յուսախափ կ՛ըլլայ: Այդ միջոցին Երիտթուրքերը նոր յեղաշրջումով մը Ապտիւլ Համիտը կը տապալեն եւ անոր տեղ իր եղբայրը՝ Մեհմէտ Ե. Կը թագադրեն իբրեւ Օսմանեան Պետութեան սուլթան: Այդուհանդերձ Կիլիկիոյ կոտորածները ոչ միայն կը շարունակուին այլ աւելի կը սաստկանան, Երիտթուրքերու կառավարութենէն տրուած հրամաններու հիման վրայ: Եւրոպական երկիրները այս բոլոր կատարուող նախճիրները անտարբեր աչքերով կը դիտեն: Ատանայէն Կ. Պոլիս Աւստրօ-հունգարական դեսպանատուն հասած հեռագիր մը հետեւեալը կ՛ըսէ. «Բրիտանական, ֆրանսական, իտալական, գերմանական եւ ռուսական ռազմանաւերուն Կիլիկիոյ նաւահանգիստները հասնիլը յոյս մը ներշնչեց հայերուն թէ Ատանայի մէջ կռիւները պիտի դադրին: Սակայն եւ այնպէս, Երիտթրքական բանակի զինուորներուն քաղաք հասնիլը եւ հայոց դէմ աւելի բուռն ջարդեր գործադրելը յուսախափ ըրին մէզ: Երիտթուրք զինուորները կը կողոպտեն, կրակի կու տան տուները եւ կը մորթեն հայերը բոլորին աչքերուն առջեւ» (էջ 59):
Աւստրօ-հունգարական դիւանագիտական արխիւներէն կը բացայայտուի թէ Ապտիւլ Համիտի գահընկեցութեան օրէն՝ 27 Ապրիլ 1909-էն ետք, Երիտթուրքերը հայոց սպանդի ղեկը իրենց ձեռքերուն մէջ առած են եւ աւելի ուժգին թափով սկսած են կոտորել հայերը, կողոպտել անոնց տուները, գործատեղիները կրակի տալ ու ընդհանրապէս հալածել զանոնք:
Աւստրօ-հունգարական իշխանութիւնները ի տես անզէն հայոց կոտորուելուն, կը նախագուշակեն թէ եղածը սկիզբն է եւ կամ սկզբնական փորձ մը հայ ազգը բնաջնջելու: Անոնք կ՛ըսեն թէ իսլամ թուրքերը քրիստոնեաներուն արեան ծարաւ են եւ թէ անոնց քաղաքական ու կրօնական իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ ամբոխը կազմ ու պատրաստ են արթուն վիճակով յարձակելու հայոց վրայ (էջ 59):
Այս միջոցին Կ. Պոլսոյ մէջ եւրոպական գրեթէ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչները բողոքելով պատահող դէպքերուն դէմ, Երիտթուրքերը պատասխանատու կը նկատեն: Անոնք կ՛ըսեն թէ Երիտթուրքերը ոչ միայն չդադրեցուցին սպանդը այլ Ապտիւլ Համիտի գործը իր լրումին հասցուցին հայերը հալածելով, սպաննելով եւ անոնց տուները կրակի տալով: (էջ 59):
«Հայոց զոհերուն թիւը 40,000-ը կ՛անցնի», կ՛ըսէ Մերսինի հիւպատոսը աւելցնելով, «Մէկ բառով, այս հայոց իսկական բնաջնջումն է… բոլոր հայ կիները բռնի կերպով իսլամացուած են եւ պարտադրուած մտնելու թուրքերու հարէմները, իրենց կեանքերը փրկելու համար» (էջ 59):
«Կիլիկիոյ աղէտին վերաբերեալ օսմանեան արագ դատավարութենէ մը ետք անմեղ հայեր կախաղան կը հանուին, քաւելու համար թուրք եւ քիւրտ ոճրագործներու մեղքերը», կ՛ըսէ Աւստրօ-Հունգարիոյ Մերսինի հիւպատոսը (էջ 60):
Կիլիկիոյ Աղէտին յաջորդող տարիներու ընթացքին հարցին քննարկումը տեղի կ՛ունենայ Օսմանեան Խորհրդարանին մէջ: Ամէն առիթով կոչեր կը սաւառնին օդին մէջ յորդորելով հայերն ու թուրքերը հաշտ ապրելու եւ իրար վստահելու: Այս ուղղութեամբ բազմաթիւ հայ քաղաքական եւ ազգային անձնաւորութիւններ վերապահութիւն ցոյց կու տան: Ամենէն առողջ կեցուածքը կ՛արձանագրէ Զօրավար Անդրանիկ ըստ Աւստրօ Հունգարական զեկուցումներուն, երբ ան հետեւեալը կը յայտարարէ. «Ես անոնց [թուրքերուն-Յ. Ի.] չեմ հաւատար: Այդ հրէշները կրկին պիտի մորթեն մեզ: Ամէն ինչ որ կ՛ըսեն ու կ՛ընեն անոնք սուտ են: Դուք խաբուա՛ծ էք եւ մեր ժողովուրդը կը խաբէ՛ք: Մենք մեզ պաշտպանելու գաղափարը մէկդի պէտք չէ ձգենք: Ժողովուրդը պատրաստեցէ՛ք այդ ոգիով: Տիգրանակերտէն մինչեւ պարսկական սահման 160 հազար զինուած քիւրտեր կան: Երիտթուրքերը զանոնք չզինաթափեցին, այլ անոնք պատրաստ կը կենան մինչեւ որ մեզ կոտորելու ճիշդ ժամը հասնի» (էջ 64-65):