ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- «Քորոնա» ժահրի տարածման եւ վարակման պարագաներու թիւի կտրուկ աճին պատճառով, Հայաստան դարձեալ յայտնուեցաւ Եւրոպական Միութեան չափանիշներով համաճարակային վտանգաւոր՝ «կարմիր» գօտիին մէջ: Այս կը նշանակէ, որ Հայաստանի քաղաքացիներուն համար մուտքի սահմանափակումները կրնան խստանալ: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
Ամրան սկիզբը, Հայաստան «կարմիր» գօտիէն անցաւ դէպի «կանաչ», սակայն ընդամէնը մէկ ամիս ետք «Տելթա» տեսակի արագ տարածման պատճառով, Հայաստան համաճարակաբանական առումով դարձեալ կը նկատուի ոչ-ապահով երկիր: