«Եւրոտեսիլ 2019» երգի միջազգային մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը երէկ երեկոյեան յաղթահարեցին Հիւսիսային Մակեդոնիան, Հոլանտան, Ալպանիան, Շուէտը, Ռուսիան, Ատրպէյճանը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Մալթան:
Հայաստանը այս մրցումին ներկայացնող Սրբուհի Սարգսեան «Ուոքինկ աութ» երգով հրաշալի ելոյթ ունեցաւ, բայց չանցաւ եզրափակիչ:
14 Մայիսին տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչէն ետք՝ եզրափակիչ փուլ անցած էին Յունաստանը, Պիելոռուսիան, Սերպիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Չեխիան, Աւստրալիան, Իսլանտան, Սան Մարինոն եւ Սլովենիան:
Եզրափակիչ փուլը տեղի պիտի ունենայ 18 Մայիսին: