ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր, Արցախի բնակիչները զրկուած են կազէ՝ Ատրպէյճանի կողմէ եղած խոչընդոտներուն պատճառով, այս հարցը 23 Մարտին քննարկումի նիւթ եղաւ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, միւս կողմէ, Պաքու արձագանգեց 22 Մարտին այս արարքը դատապարտող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան։
Արդարեւ, Պաքու Երեւանին խորհուրդ տուաւ «անհիմն» յայտարարութիւններ չկատարել եւ «չմիջամտել Ատրպէյճանի ներքին գործերուն»՝ պատասխանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան` Արցախի մէջ կազամատակարարման խափանման վերաբերեալ:
«Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը փորձէ միջամտել Ատրպէյճանի ներքին գործերուն` օրեր առաջ Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառման միջազգային կազմակերպութիւններու մասնակցութեան, իսկ հիմա` այլ թեմայով», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Լէյլա Ապտուլաեւա:
«Մենք Հայաստանին խորհուրդ կու տանք ապահովել եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնած պարտաւորութիւններու կատարումը, որոնց կարգին` տարածաշրջանէն զինուած ուժերու մնացորդներու դուրսբերումը, եւ այդպիսով ալ նպաստել տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան, անհիմն ու ապօրինի մեղադրանքներ չհնչեցնել», ըսաւ ան։
Մինչ այդ Ազգային ժողով-կառավարութիւն հարցում-պատասխանի օրակարգին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան բացատրեց, թէ ի՛նչ քայլերու դիմած է նախարարութիւնը՝ Արցախի մէջ կազամատակարարման հարցի լուծման ուղղութեամբ:
«Ինչպէս առաջին անգամ գազամատակարարման խափանման դէպքում, այնպէս էլ երկրորդ անգամ մենք անմիջապէս գործի ենք դրել մեր բոլոր դիւանագիտական հնարաւոր ջանքերը: Նախ եւ առաջ մենք սերտ կապի մէջ ենք ռուսաստանցի գործընկերների հետ, որովհետեւ գիտէք, որ վթարը, այս դէպքում արդէն վթար չէ, վնասուած կամ վթարուած տեղանքը գտնւում է խաղաղապահների պատասխանատուութեան գօտում: Բայց նաեւ ողջ մնացեալ քաղաքակիրթ աշխարհի հետ է մեր կապը: Երէկ ԱԳՆն յայտարարութիւն է տարածել, բացի դրանից, տեղի ունեցածի մասին նոտա է յղուել մեր բոլոր միջազգային գործընկերներին: Եւ արձագանգներն արդէն ստացւում են: Նախորդ անգամ վարչապետը խօսել է եւ ԱՄՆ պետքարտուղարի հետ, եւ ՌԴ նախագահի հետ, եւ Ֆրանսիայի նախագահի հետ, եւ նաեւ արտգործնախարարութիւնը` իրեն հասանելի խողովակներով: Նոյնը եւ այս անգամ է, արդէն արձագանգները տեսում ենք, ցաւօք սրտի, տեղում հարցը դեռ լուծուած չէ», յայտնեց Արարատ Միրզոյեան:
Եւրոպական Միութիւնը եւ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութիւնը անդրադարձան Արցախի մէջ տիրող տագնապալի վիճակին՝ 8 Մարտէն ի վեր կազի չգոյութեան պատճառով ստեղծուած։
Եւրոպական Միութեան դիւանագիտական գերատեսչութեան բանբեր Փիթըր Սթանոյի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ միութիւնը մտահոգուած է Ստեփանակերտի մէջ կազամատակարարման խափանման մասին հաղորդումներով։ «Շտապ անհրաժեշտութիւն կայ ապահովելու տուժած տեղւոյն բնակչութեան կազամատակարարման անյապաղ վերսկսումը, մասնաւորապէս, եղանակային վատ պայմաններու լոյսին տակ», նշեց ան:
Յայտարարութեան մէջ Եւրոպական Միութիւնը անհասցէ կոչ կ՛ուղղէ՝ թոյլ տալու վերականգնել կազամատակարարումը` նշելով, որ ուշադրութեամբ կը հետեւի այս եւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներուն ու պիտի շարունակէ իր ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան համար:
Մարդկային իրաւանց պաշտպան Human Rights Watch կազմակերպութեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ բաժինի տնօրէն Կիորկի Կոկիա եւս իր մտահոգութիւնը յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակիn գծով։
«Թուիթրը»ի իր էջին վրայ ան կը յայտնէ, որ երկու շաբաթէ ի վեր՝ սառնամանիքի պայմաններու մէջ, Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչները երկրորդ անգամ ըլլալով մնացած են առանց ջեռուցման, որովհետեւ կազատարին մէկ բաժինը կ՛անցնի Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուող տարածքով:
«Բազմաթիւ հացի փուռեր չեն աշխատիր, այդ պատճառով ալ հացի մեծ պակաս կայ: Կազի անջատումը կ՛ազդէ նաեւ ուսումնական հաստատութիւններու` մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու գործունէութեան վրայ: Անոնք կը մնան փակ, որովհետեւ անոնք չեն ջեռուցուիր: Շտապ քայլեր անհրաժեշտ են հետագայ մարդասիրական ճգնաժամէն խուսափելու համար», կ՛ըսէ Կոկիա: