ՊԱՔՈՒ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, մեկնաբանելով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները՝ յայտարարեց, որ Պաքու Երեւանէն ճիշդ եզրակացութիւններ կ՛ակնկալէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական ճգնաժամին վերաբերեալ՝ պնդելով. «Այդ ճգնաժամին արմատները կը խորանան, իսկ պատճառը Հայաստանի կողմէ միջազգային իրաւունքի եւ ուժային ճամբով միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու խախտումն է»:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճան Հայաստանին առաջարկած է երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորել:
«Ատրպէյճան, հիմնուելով միջազգային օրէնքի արժեչափերուն եւ սկզբունքներուն, տարածքային ամբողջականութեան, գերիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը յարգելու վրայ՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման կողմնակից է, եւ այդ ուղղութեամբ առաջարկ կատարուած է», ըսաւ Պայրամով: