ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Կը պատրաստուէի արձագանգել «Ազդակ»-ի 11 հոկտեմբեր 2021-ի թիւին մէջ Միհրան Քիւրտօղլեանի տեսակէտին, երբ տեղի ունեցաւ լիբանանեան տագնապի շղթայական հանգրուաններուն ամէնէն անսպասելին. զինեալ բախումը: Քանի մը ժամ տեւած բախումը պատճառած է 7 զոհ եւ 31 վիրաւոր: Պատճա՞ռը բախումին: 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դատական հետաքննութեան շուրջ քաղաքական սուր տարակարծութիւն մը, որուն մասնակիցները թքած ունին իշխանութիւններու տարանջատման ու դատական համակարգի անկախութեան վրայ:
1990-ին պաշտօնապէս հաշտութեամբ աւարտած լիբանանեան երկարատեւ զինեալ տագնապը խորքին մէջ կը շարունակուի քաղաքական անկայունութեան եւ պարբերական տագնապներու տեսքով: Լիբանանի քաղաքական ղեկավարութիւնը, հակառակ համաձայնութեան, չէ յաջողած երկրի ապագային մասին ռազմավարութիւն մը մշակել եւ… ժողովրդավարական հիմունքներով կառավարել երկիրը: Սպառնալիքի ու պետական հաստատութիւնները պարբերաբար անդամալուծելու ոճը այլեւս սովորական դարձած է: Նոյնիսկ ներկայ տնտեսական ճգնաժամի պայմաններուն տակ, հակամարտող կողմերը կը շարունակեն հետապնդել նեղ, սեփական ու կողմնակալ շահեր ու չեն զիջանիր խելամիտ զիջումներով ազգային միասնականութիւն յառաջացնել ու պետութիւնը փրկել ամբողջական փլուզումէ: Իսկ անոնց հովանաւոր օտար ուժերը կը շարունակեն օժանդակել Լիբանանին` տարակարծութիւնները հրահրելով:
Կացութիւնը տարբեր չէ Հայաստանի մէջ: Իր «Սթափելու օրահրամանը…» յօդուածին մէջ Միհրան Քիւրտօղլեան դիտել կու տայ. «Անհաշտ կողմերու վերածուած, իրարու որոգայթ լարելու հետամուտ, երկար ատենէ եւ հետզհետէ սաստկացող թափով թաղուած է հիներու-նորերու անշահ, անհամ, պիտի ըսէի` նաեւ անճաշակ պայքարի մը թակարդին մէջ` հոն ընկղմելու վտանգով»:
Այս սիւնակներուն մէջ բազմիցս անդրադարձած ենք պետական-ազգային ռազմավարութիւն մը մշակելու անհրաժեշտութեան: Վերադառնանք Միհրան Քիւրտօղլեանի սթափումի ճիչին. «Յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան կը փոխակերպուի եւ ժողովուրդին յոյս կը ներշնչուի այն պարագային, երբ ղեկավար տարրը օրինակը տայ, որ յանուն հայրենիքի ապագային ինք առժամաբար երկրորդական կը դասէ բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները, կ՛առկախէ հին ու նոր ոխերը եւ ձեռք-ձեռքի տուած` կ՛աշխատի, որ մէկտեղէ ազգի բոլոր ուժերը»:
Այսպէս կը վարուին հասուն ու արմատաւորուած ժողովրդավարութիւն կիրարկող պետութիւններու քաղաքական ղեկավարները: Երբ երկիրը ճգնաժամի մատնուած է, երբ պետութեան գոյութիւնն իսկ վտանգուած է, գործող իշխանութիւնները չեն խօսիր «ժողովուրդին տրուած մանտայի» մասին, չեն արհամարհեր տարբեր տեսակէտները, այլ կը նախաձեռնեն բոլորը ազգային փրկութեան ծրագիրի մը շուրջ համախմբելու գործընթաց մը: Նման գործընթաց կ՛ենթադրէ կացութեան աննախապաշար քննարկում, բոլոր կողմերու կողմէ գործուած սխալներու անկեղծ խոստովանութիւն, միասնական աշխատանք տանելու յանձնառութիւն: Տարակարծութիւնները թող սպասեն. երբ վերահաստատուած կ՛ըլլայ ապահովութիւնը, երբ ապահովուած կ՛ըլլան Հայաստանի, Արցախի ու հայ ժողովուրդի իրաւունքները, կրնանք վերադառնալ տարակարծութիւններու արծարծումին, եթէ անոնք տակաւին շարունակեն այժմէական մնալ:
Թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ շատոնց հրամայական դարձած է հակամարտութեան ու աննահանջ հակադրութեան կացինը թաղելու անհրաժեշտութիւնը: Եթէ կը դաւանինք, որ հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, եթէ կ՛ընդունինք, որ անկախութիւնն ու ազատութիւնը անբռնաբարելի են, ուրեմն կարելի է մնացածին շուրջ համաձայնիլ ու նետել հիմերը ազգային միասնականութեան ու համագործակցիլ ի խնդիր կենսական խնդիրներու լուծման: Հաւատք է պէտք ու կամք:
Սթափելու Օրահրամանը…
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
Սկսինք դրուագով մը` յունական պատմութենէն:
Սպարապետը յաղթական պատերազմէն վերադարձին շքախումբովը կը ներկայանայ իր թագաւորին ու` «յաղթեցինք թշնամիին եւ անոնց երկիրը գրաւեցինք» կը ծանուցէ պարծանքով:
Արքան հարց կու տայ, թէ այդ յաղթանակը ի՞նչ գին արժեց իրենց` յունական կողմին: Սպարապետը միշտ հպարտ, այլեւ ձայնը մեղմացնելով` կը պատասխանէ. «Մեր զինուորներու համրանքին միայն կէսը կորսնցուցինք…»: Թագաւորը մտմտուքի մէջ կ՛իյնայ եւ բարձրաձայն կը խորհրդածէ. «Այո՛, յաղթե՜ր ենք… Այս գնով եւ այսպիսի երկրորդ յաղթանակ մը եւս` արդէն զօրքին մնացած միւս կէսն ալ կը կորսնցնենք եւ ո՛չ բանակ կը մնայ, ո՛չ պետութիւն եւ ո՛չ ալ թագաւորութիւն…»:
Այս դրուագին թելադրականութիւնը թերեւս պատշաճի Ալիեւին` զգուշացնելով անոր, որ յաղթանակէն գոռոզացած ու գինով` նոր յաղթանակի մը արկածախնդրութեան մէջ եթէ մտնէ, իր երկիրը իւրայատկութիւնը պիտի կորսնցնէ, ամբողջութեամբ պիտի յանձնուի, անձնատուր պիտի ըլլայ Փութինին կամ Էրտողանին, թերեւս` Իրանին… Բայց թողունք Ալիեւը իր գոռոզ գինովութեան մէջ եւ շրջելով դրուագին պատգամը` շեշտակի ահազանգենք մեր ազգի ներքին ճակատին, որ` ռազմաքաղաքական թէ դիւանագիտական նոր պարտութիւն, անպայման որ մեզի պիտի վերապահէ չարագուշակ ապագայ մը… Սա անխուսափելի է եւ բոլորին կողմէ գիտակցուած, նախատեսելի: Բայց…
Այս այսպէս ըլլալով հանդերձ, ի՞նչ կ՛ընենք մենք: Ի՞նչ կ՛ընէ մանաւանդ մեր քաղաքական ղեկավարութիւնը: Անհաշտ կողմերու վերածուած, իրարու որոգայթ լարելու հետամուտ, երկար ատենէ եւ հետզհետէ սաստկացող թափով թաղուած է հիներու-նորերու անշահ, անհամ, պիտի ըսէի` նաեւ անճաշակ պայքարի մը թակարդին մէջ` հոն ընկղմելու վտանգով:
Մեր պարտութենէն ահա տարի մը անցաւ, եւ դեռ ազգային-համաձայնուած ռազմավարութեան մը գէթ տեսլականը բանաձեւելու, ներկայ պայմաններու մէջ նոր ուղիի մը փնտռտուքին համար ազգի «ղեկավար տարրը» քով-քովի չեկաւ: Մեր տկարութիւնները, պարտութեան պատճառները միասնաբար հետաքննելու եւ ստուգելու փոխարէն` այդ տարրին երկու կողմերէն իւրաքանչիւրը, շերլոքհոմսեան երեւակայութեամբ ենթադրական եզրակացութիւններու կը յանգի եւ այդ հիմունքով ալ պարտութեան ամբողջ մեղքը կը բարդէ միւսին վրայ` յուսալով, որ քաղաքացիներու համոզումը կը փոխէ ու կը սիրաշահի զանոնք: Ա՜խ, այս աթոռ ըսուածը ու քուէն…
Ազգի բարոյահոգեբանական համատարած յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան չի փոխակերպուիր պարզապէս անոր համար, որ կան անձեր, որոնք, փորձառուի հանգամանքին յենած, Հայաստանի չարագուշակ ապագան փրկելու իրենց յաւակնոտութիւնը կը բարձրաձայնեն, կամ հայրենիքին համար խաղաղութեան ու բարգաւաճման դարաշրջան բանալու մարգարէաշունչ ու սին խոստումներ կու տան: Յուսաբեկութիւնը ինքնավստահութեան կը փոխակերպուի, եւ ժողովուրդին յոյս կը ներշնչուի այն պարագային, երբ ղեկավար տարրը օրինակը տայ, որ յանուն հայրենիքի ապագային ինք առժամաբար երկրորդական կը դասէ բոլոր տեսակի տարակարծութիւնները, կ՛առկախէ հին ու նոր ոխերը եւ ձեռք-ձեռքի տուած` կ՛աշխատի, որ մէկտեղէ ազգի բոլոր ուժերը: Սա քրիստոնեայ քարոզիչի բարոյախօսութիւն չէ, այլ մեր պարզած ներկայ կացութենէն բխող անհրաժեշտ ՕՐԱՀՐԱՄԱՆՆ Է:
Հասած ենք տեղ մը, ուր շատցած են քաղաքական այրեր ու վերլուծող գրիչներ, որոնք, անորոշ ապագայի մղձաւանջէն տագնապահար, Հայաստանի անվտանգութեան ապաւէնը կը տեսնեն օտարին` Ռուսիոյ, Ամերիկային, Ֆրանսային, Իրանին, նոյնիսկ Թուրքիոյ մէջ: Առնուազն զարմանալի է տակաւին օտարին մեր կառչածութիւնը: Մեր պատմութեան երկայնքին այնքան շատ օտարին յոյս կապած եւ ամէն անգամուն ալ այնքա՜ն մեծ յուսախաբութիւն կրած ենք, որ կը կարծուէր, թէ այլեւս մեր յոյսը պիտի փնտռենք ու գտնենք միա՛յն մեր մէջ, միա՛յն մեր ազգային ուժականութեան մէջ: Կ՛անգիտանանք, որ օտարը կը յարգէ արժանաւո՛րը, թերեւս նաեւ ի հարկին նեցուկ կ՛ըլլայ անոր: Բայց երբ ի յառաջագունէ անոր ապաւէնը փնտռես, արդէն արժանաւորութիւնդ կորսնցուցած ես: Կ՛ըսուի, չէ՞, թէ մուրացիկը կ՛առնէ այն, ինչ որ տրուի իրեն: Դարերու իմաստութիւն կը խտացնէ-կը ցոլացնէ «եղունգ ունիս գլուխդ քերէ» ժողովրդային ասոյթը…
Հասած ենք տեղ մը, ուր չի բացառուիր նաեւ Ռուսիոյ հետ միութիւն կազմելու օրակարգ քննարկելը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անկախութիւնը սակարկելի է, բացարձակ արժէք չէ: Հապա՞..
Կրկնենք. ռազմաքաղաքական թէ դիւանագիտական նոր պարտութիւն մը «շնորհի հարուած»-ի մը պէս շա՜տ, շա՛տ սուղ կրնայ արժել Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային պետականութեան համար:
Սթափինք` ազգովին: Ուշացած ենք արդէն
Աթէնք, 4 հոկտեմբեր 2021