ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները 14 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցան Մինսքի մէջ՝ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Անոնք հոն կը գտնուէին՝ մասնակցելու ԱՊՀի արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին:
Ըստ հայկական կողմին՝ անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին վերաբերող հարցեր, որոնց կարգին՝ 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան իրականացման ընթացքը։
Արարատ Միրզոյեան արցախահայութեան անվտանգութեան ապահովման պարունակին մէջ, կարեւոր նկատեց ռուս խաղաղապահներուն ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց եռակողմ յայտարարութեան կարգ մը դրոյթներու իրականացած չըլլալը՝ ընդգծելով հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ եւ անվերապահ հայրենադարձման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ Պաքուի պաշտօնական հաղորդագրութեան` Պայրամով հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առաւ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանին մէջ յետ-պատերազմեան իրավիճակին եւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ շեշտեց յայտարարութեան կէտերու գործադրութեան կարեւորութիւնը:
Արարատ Միրզոյեան, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, վերահաստատեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ եւ տեւական լուծումը պէտք է իրականացուի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափին եւ այդ ձեւաչափին տրուած միջազգային հանգամանքի ծիրին մէջ՝ կողմերուն յայտնի սկզբունքներուն եւ տարրերու հիման վրայ:
Նախքան եռակողմանի հանդիպումը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով առանձին հանդիպումներ ունեցաւ երկու պաշտօնակիցներուն հետ: Միրզոյեանի հետ հանդիպման Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը դիտել տուաւ, թէ «Ղարաբաղը միշտ պէտք է օգտուի մեր ուշադրութենէն»:
Նախարարները քննարկեցին նաեւ հայ-ռուսական բազմոլորտ համագործակցութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր: Անոնք միտքեր փոխանակեցին նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: Արարատ Միրզոյեան եւ Սերգէյ Լաւրով քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:
Նախարար Միրզոյեան նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ԱՊՀին մասնակցող պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Նախ նեղ, ապա ընդլայնուած ձեւաչափով հանդիպումներուն ԱՊՀին մասնակցող պետութիւններու արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները՝ կառոյցի հետագայ զարգացման պարունակին մէջ, միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու շուրջ, մանրամասնօրէն քննարկեցին ԱՊՀի ծիրին մէջ քաղաքական, առեւտրական-տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր։
Անոնք նաեւ ամփոփեցին ԱՊՀի հիմնադրութենէն ի վեր՝ անցած երեսուն տարիներուն իրականացուած աշխատանքները եւ իրագործուած ծրագիրները, դիտարկեցին ԱՊՀի զարգացման հեռանկարները եւ գործունէութեան առաջնահերթ ուղղութիւնները:
Նիստին ընթացքին նախարար Միրզոյեան, անդրադառնալով կառոյցի հետագայ զարգացման՝ ընդգծեց մասնակցող պետութիւններուն կողմէ ԱՊՀի հիմնարար փաստաթուղթերուն մէջ արտացոլուած ինքնիշխանութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքի, պետական սահմաններու անխախտելիութեան, ուժ եւ ուժի սպառնալիք չգործածելու ու վէճերը՝ խաղաղ միջոցներով լուծելու սկզբունքներուն հաւատարմութեան կարեւորութիւնը:
Վերոնշեալը շեշտուեցաւ Արցախի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական յարձակման ծիրին մէջ: Կարեւոր նկատելով 9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներու, մասնաւորաբար՝ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու անյապաղ ազատ արձակումը եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը՝ նախարար Միրզոյեան շեշտեց նաեւ, որ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ կարգաւորումը մեծապէս պիտի նպաստէ Հարաւային Կովկասի մէջ մնայուն խաղաղութեան հաստատման: