Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ-ՊԱՅՔԱՐ 243
Քաթիա Փէլթէքեանի աշխատութիւններու լոյսին տակ- թիւ 4
Պալքանեան Պատերազմը Օսմանեան Պետութեան հայոց վիճակը բարելաւելու նոր հորիզոններ բացած էր: Ֆրանսացիները, անգլիացիներն ու իտալացիները հետամուտ էին Թուրքիոյ վրայ Գերմանիոյ ազդեցութիւնն ու միջամտութիւնը սահմանափակելու: Այս միջոցին Ռուսիա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը կը քաջալերէ որ Կովկասի ռուս կառավարիչին խողովակով Օսմանեան Պետութեան դիմէ հայոց վիճակին հարցը արծարծելով: Այս ծրագիրը կը մշակուի Կ. Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան բարձրաստիճան պաշտօնեայ Անտրէ Մանտըլշթամի եւ Հայոց Ազգային Ժողովին կողմէ միասնաբար, նաեւ կը քննարկուի Կ. Պոլսոյ Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իտալիոյ դեսպաններու ժողովին:
Սոյն ծրագրին մէջ կը թելադրուէր վեց վիլայէթները՝ Կարին, Վան, Բաղէշ, Տիգրանակերտ, Խարբերդ եւ Սեբաստիա միացնել ու կազմել մէկ նահանգ, որ պիտի ենթարկուէր կամ քրիստոնեայ օսմանցիի մը եւ կամ եւրոպացի կառավարիչի մը տնօրինութեան: Այս կառավարիչին նշանակումը պէտք է վաւերացուէր եւրոպական ոյժերու կողմէ եւ ան ծառայէր հինգ տարի ժամանակով: Գերմանիա դէմ կեցաւ այս ծրագրին եւ յաջողեցաւ ապահովել կարգ մը փոփոխութիւններ անոր մէջ, ինչպէս՝ վեց վիլայէթներէն ստեղծել երկու անջատ նահանգներ: Վերոյիշեալ ծրագիրը կը կոչուի Ենիքէօյի ծրագիր՝ Պոլսոյ այդ արուարձանին մէջ պատրաստուած ըլլալուն համար, որուն իրականացման մէջ մասնակցած են եւրոպական երկիրները, 1912-1914 թուականներուն: Ըստ անոր կը նախատեսուի նշանակել երկու եւրոպացի կառավարիչներ Հայաստանի արեւմտեան հատուածին համար: Այս համաձայնութիւնը կը գոյանայ Օսմանեան Պետութեան եւ Ռուսիոյ միջեւ եւ կը ստորագրուի 8 Փետրուար 1914-ին: Կը նշանակուին երկու կառավարիչներ՝ հոլանտացի Լուիս Քոնսթանթ Վեսթենենք եւ նորվեկիացի Նիքոլայ Հոֆֆ https://en.wikipedia.org/wiki/1914_Armenian_reforms:
Այս ծրագիրին կ’անդրադառնայ անգլիական «Տը Մանչեսթըր Կարտիըն» օրաթերթը 26 Յունուար 1914-ի համարով, որ Քաթիա Փելթէքեան ընդգրկած է իր պատրաստած «Հայոց Ցեղասպանութեան Ժամանակը- Տեղեկագրութիւններ Բրիտանական Մամուլին Մէջ», Ա. Հատոր 1914-1919, 450 էջ, Բ. Հատոր 1920-1923, 526 էջ, Ֆոր Ռօծ, Պէյրութ, 2013 (The Times of the Armenian Genocide- Reports in the British Press, Volume 1: 1914-1919, 450 p., Vol 2: 1920-1923, 526 p., Four Roads, Beirut, 2013) խորագրեալ գիրքին Ա. հատորին էջ 12-14ի մէջ:
Թղթակից-յօդուածագիրը կը տեղեկացնէ թէ Կ. Պոլսոյ ռուս դեսպանը՝ Կիրզ խորհրդակցութեան համար մեկնած է իր երկիրը, Հայաստանի արեւմտեան հատուածի բարենորոգումներուն շուրջ հիմնական կէտերու վրայ թուրքերու հետ համաձայնութեան գալէ ետք, բացի կարգ մը մանրամասնութիւններէ, որոնց շուրջ տարակարծութիւն կար: Յստակ էր թէ եւրոպական միջամտութեան չափը միշտ ի նպաստ հայոց պիտի ըլլար, սակայն Հայաստանի մէջ եւրոպական հակակշիռի տարողութիւնը պէտք է ընդունելի ըլլար Թուրքիոյ համար, բայց կողմնակի արտաքին ճնշումներ կային: Կ’արժէ կեդրոնանալ այս կէտին վրայ եւ յիշել թէ թրքամէտ ոյժերը մեծ ազդեցութիւն կը գործէին ոչ միայն օսմանեան վերնախաւին վրայ, այլ նաեւ եւրոպական կառավարութիւններու բարձր ոլորտներուն մէջ: Անոնք իրենց բոլոր լծակները ի գործ կը դնէին եթէ ոչ արգիլելու, այլ ուշացնելու բարկարգումներու գծով որեւէ համաձայնութեան մը գոյացումը: Այս գծով այդ կառավարութիւններէն ամենէն շահագրգռուածը բրիտանականն էր, որ Ռուսիոյ հետ իր յարատեւ հակամարտութեան մէջ սակարկութեան գործիք դարձուցած էր հայոց բարենորոգումներու պարագան:
Թրքասիրութիւն խաղցողները իրենց հակահայ գործին մէջ շատ ազդու դարձած էին եւրոպական վերնախաւերու ոլորտը թափանցելով: Հակառակ այն իրողութեան թէ Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետներէն ոմանք հայանպաստ կեցուածք ունեցած են, սակայն թրքանպաստ ոյժերու լծակները միշտ այս հարցին բարենպաստ լուծումի անիւի թաւալման արգելքներ դրած են: Անոնք սուտ փիլիսոփաներ հաւաքագրելով թուրքերուն մէջ տարածած են ազգայնամոլութեան ամենէն վատ տեսակը եւ գրգռած են թուրք վերնախաւը հայոց դէմ, պատրաստելով հայոց կոտորածներու եւ Մեծ Եղեռնի զոհասեղանը: Քանդիչ ոյժերու ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութիւնը յաջողած էր աւելի քան քանի մը տասնամեակներ Հայաստանի բարենորոգումներու գծով սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ը ետ մղել որեւէ ձեւով համաձայնելէ եւրոպական կառավարութիւններու հետ: Այս անգամ խանգարողները ուղղակի կը ճնշէին Երիտթուրքերը ետ պահելու հայոց հետ որեւէ համաձայնութեան գալէ: Հարցը այս պարագային աւելի զգայուն էր որովհետեւ թուրք-ռուս համաձայնութեան մաս կը կազմէր նաեւ Գերմանիոյ հաւանութիւնը:
Վերոյիշեալ բանակցութիւններուն մէջ ազդու կերպով ընդգրկուած էին թրքական ազգայնամոլական գործունէութիւններն ու քարոզչութիւնը՝ յանձինս Երիտթուրք ղեկավարներէն Զիա Կէօքալփի, որ 1912-1914-ին աշխուժօրէն կը գործէր մթնոլորտը մթագնեցնելու եւ հայոց դէմ գրգռելու թուրք վերնախաւը եւ ուսանողութիւնը: Զիա Կէօքալփ կ’առաջարկէր վերադառնալ հին օսմանեան ըմբռնողութեան եւ ետդարձ մը ընելով վերջ դնելու «իսլամ-քրիստոնեայ հաւասարութեան ցնորք»ին, ինչպէս ինք կը կոչէր, որովհետեւ երբ Երիտթուրքերը իշխանութեան գլուխ հասան այս հաւասարութեան հասկացողութիւնը քարոզեցին բայց չգործադրեցին: Յստակ էր որ նախկին օսմանիզմը շատ ճնշած էր հայերը եւ ամէն ինչէ զուրկ դարձուցած զանոնք: Ճիշդ այս կէտին էր որ Կէօքալփ կ’ուզէր վերադարձնել երկրին ղեկավարումը:
Թղթակից-յօդուածագիրը կ’ըսէ թէ Ռուսիան էր որ ամիսներ առաջ նախաձեռնած էր՝ հայոց բարեկարգումներու հարցը կրկին օրակարգի վրայ բերելու շուտափոյթ գործադրութեան համար, սակայն Բ. Դուռը ընդդիմացած էր այս առաջարկին: Գերմանիոյ միջամտութեամբ երկար դադարէ ետք կարելի դարձած էր կեանքի կոչել այս հարցին քննարկումը ու ան արծարծուած էր հիմնականօրէն Գերմանիոյ եւ Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ: Այս անգամ Գերմանիան յաջողած էր համոզել Բ. Դուռը ընդունելու լուծում մը որ հայոց վիճակը պիտի բարելաւէր Հայաստանի արեւմտեան հատուածին մէջ: Ռուսիոյ այդքան մօտէն հետաքրքրուիլը այս հարցով կը բխէր այն իրողութենէն թէ խնդրոյ առարկայ շրջանը իրեն սահմանակից էր: Համաձայնութեան մէջ օսմանեան գերակշռութեան հարցը այդ շրջանին վրայ կը մնար անորոշ վիճակի մէջ եւ ան կը ձգուէր գալիք օրերուն՝ երբ համաձայնութիւնը պիտի գործադրուէր: Եւրոպական պետութիւնները կը փութային հանգստացնել Օսմանեան կառավարութիւնը, վստահեցնելով անոր թէ տեղւոյն վալիները պիտի մնային իրենց պաշտօններուն վրայ եւ անոնք մասնայատուկ յարաբերութիւն պիտի մշակէին եւրոպացի կառավարիչներուն հետ: Բ. Դուռը պիտի նշանակէր եւրոպացի քննիչներն ու անոնց խորհրդականները եւ անոնք Օսմանեան Պետութեան ծառայելու ծիրին մէջ պիտի մնային:
Կը նկատենք թէ հայոց բարեկարգումներու հարցը միշտ անծանօթ մութ ոյժերու կողմէ կ’արգելափակուէր եւ անելի առջեւ կը դրուէր: Թէեւ այս անգամ կարելի եղած էր ապահովել վերջնական համաձայնութիւն մը բարեկարգումներու գծով, բայց ափսո՜ս որ ան զուգադիպեցաւ Ա. Աշխարհամարտի սկսելու իրարանցումին եւ առիթ տուաւ երիտթուրքերուն այդ հարցը ջնջելու, որով վերջնականապէս կորսուեցաւ հայոց մեծ երազը, որուն հետեւանքով Հայաստանի արեւմտեան հատուածը մնաց անջատուած արեւելեանէն: Թրքանպաստ մութ ոյժեր կը կանգնին այս բոլոր հակահայկական ձախողումներու եւ աղէտներու ետին: Անոնք երկարաշունչ ծրագիրներ կը մշակեն ու ամենայն յամառութեամբ տարիներու ընթացքին զանոնք կը գործադրեն անմեղ քաղաքացիներու կեանքերու հաշւոյն, նաեւ անոնց պատճառելով նիւթական մեծ կորուստներ: Հայաստանի արեւմտեան հատուածի բարենորոգումներու ծրագիրը ունէր այն հեռանկարը, որ վերջ ի վերջոյ թօթափելով օսմանեան լուծը Հայաստանի արեւմտեան եւ արեւելեան հատուածները պիտի միանային:
Չար ուժերու երկարաշունչ սատանայական ծրագիրներէն է նաեւ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան հարաւային Զանգեզուրի շրջանը թուրքերուն յանձնելու սին պատրանքը՝ անօրինաբար եւ զանազան խաղերով Ազրպէյճանի կազմին մէջ ներդրուած Նախիջեւանը հողային ճամբով Ազրպէյճանի միւս մասին միացնելու կրկին ապօրինաբար Ազրպէյճանի կազմին մէջ գտնուող Արցախի վրայով: Այս հարցին վերաբերեալ ամերիկացի դիւանագէտ Փոլ Կոպըլ քարտէս մը պատրաստած էր եւ հրապարակ նետած անցեալ դարու իննիսունական թուականներուն, իսկ այս օրերուն մեծ ջանք կը թափուի Սիւնիքը, որ ազերիները կեղծաւորաբար Զանգեզուր կը կոչեն, անջատելու Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ նուիրելու Ազրպէյճանին: Քանդիչ ուժերու չերեւցող վարչամեքենան հետամուտ է ստեղծելու փոքր անջատ երկիներ եւ հաւաքականութիւններ՝ «բաժնէ որ տիրես» սաթայէլական նպատակով: Արցախի վերջին պատերազմին ակնյայտ էր Իսրայէլի միջամտութիւնը ի նպաստ թուրքերուն եւ ազերիներուն: Անոնք կը ձգտին իրականացնել իրենց ծրագիրը՝ Մեծն Իսրայէլի եւ Մեծն Թուրանի ստեղծումը եւ զանոնք իրար կապելու՝ Հայաստանի արեւելեան հատուածի հողային տարածքէն ալ հատուածներ փրցնելով: Թէեւ Ռուսիան ու Իրանը արգելք կը հանդիսանան ամէն ինչի որ դէմ է իրենց շահերուն, սակայն նաեւ արգելք չեն հանդիսանար այն ամէնուն որ իրենց վնաս չի հասցներ՝ թէկուզ Հայաստանը տկարացնելու հաշւոյն:
Հոս կարեւոր է վերյիշեցում մը իսրայելեան ինքնախոստովանութեան՝ սիոնափանթրքական հենքով: «Առանց մեր աջակցութեան Ադրբեջանն ի վիճակի չէր լինի շարունակել իր գործողութիունն այս ինտենսիվութեամբ», – Asia Times- ին (https://en.wikipedia.org/wiki/Asia_Times) վերջերս ըսաւ Իսրայելի Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան աղբիւրը՝ անանուն մնալով: Նախարարութիւնը պատասխանատու է իսրայելական բոլոր պաշտօնական զէնքերու համար, աւելցուց ան: