ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար ԶօհրապՄնացականեան Պելառուսի իր պաշտօնակից Վլադիմիր Մակէյի հետ Ուրբաթ, 22 Յունիսին կայացած հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ գործընկեր երկիրները պէտք է ձեռնպահ մնան այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան նպաստել տարածաշրջանին մէջ սպառազինութիւններու մրցավազքին, խաթարել ղարաբաղեան բանակցութիւններու համաձայնեցուած ձեւաչափի բնականոն աշխատանքը:
«Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնահարցին՝ նախարար Մնացականեանն ընդգծեց, որ խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտն առանցքային նշանակութիւն ունի բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութեան համար: Այս առումով նա կարեւորեց, որ գործընկեր երկրները ձեռնպահ պէտք է մնան այնպիսի քայլերից, որոնք կարող են վտանգել այդ մթնոլորտը, նպաստել տարածաշրջանում սպառազինութիւնների մրցավազքին, խաթարել բանակցութիւնների համաձայնեցուած ձեւաչափի բնականոն աշխատանքը», գրուած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: