Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Հակադարձեց Լուքաշենքոյի Յայտարարութեան

February 9, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
The next meeting of the special representatives of Armenia, Turkey will take place on February 24 in Vienna

ԵՐԵՒԱՆ.- Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ռուսական «Ռոսիա» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած էր Ռուսիա-Պելոռուս միութենական պետութեան մասին եւ այդ ծիրին մէջ արտայայտութիւններ ունեցած էր  Հայաստանի հասցէին:

«Պելոռուսը արդէն այնտեղ է։ Կը կարծեմ, Ղազախստանի համար լաւ դաս էր: Եթէ կ՛ըսէք, ժամկէտը 15 տարի է, վստահ եմ, որ Ուքրանիան հոն պիտի ըլլայ, եթէ սխալներ թոյլ չտանք: Իսկ մնացածը՝ ըստ պարագիծի… այդ հզօրութեան միաւորման աւարտէն ետք, կամ միաւորման ընթացքին… իրենք ո՞ւր պիտի յայտնուին: Հայաստանը փախչելու տեղ չունի… ի՞նչ է, կը կարծեք, անոնք մէկու մը պէ՞տք են… իրենք արդէն տեսած են, Նիկոլ Վովաեւիչը ատիկա արդէն տեսած է», ըսած էր Լուքաշենքօ:

8 Փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Հայաստանի մասին Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի յայտարարութիւններուն:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեանը, լրատուամիջոցներու հարցումներուն ի պատասխան, Պիելոռուսիոյ նախագահի յայտարարութեան արձագանգած է հետեւեալ ձեւով. «Համոզուած ենք, որ Պիելոռուսիոյ նախագահին աշխարհաքաղաքական ինքնատիպ վերլուծութիւնները նպատակ ունին սպասարկելու նախ եւ առաջ սեփական ներքին քաղաքական օրակարգը եւ որեւէ առնչութիւն չունին Հայաստանի եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան հետ»:

Վահան Յունանեան նաեւ հաստատած է այն տեղեկութիւնը, որ Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ալեքսանտր Քոնիւք երէկ` 8 փետրուարին, եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ:

Previous Post

Կը Դատապարտուի «Հայացուած Ալպանական Յուշարձաններ»ը Ուսումնասիրող Ատրպէյճանական Յանձնախումբ Կազմելու Որոշումը

Next Post

Ազգային Քաղաքական Հայեացք, Մինսքի Խումբի Համանախագահներ, Մենք Եւ Հայաստան-Արցախ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.