Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան առիթով, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումին մասնակցեցան Հ.Ե.Ը.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեանը, փոխատենապետ Համբար Եսայեանը եւ Արթիւր Գունտաքճեանը: