ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի դպրոցներուն մէջ ներկայիս կրթութիւն կը ստանան առաւել քան 7 հազար արցախցի մանուկներ, թէեւ այս թիւը փոփոխական է:
Այս մասին յայտնեց կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ժաննա Անդրէասեան՝ նշելով, որ այս փուլը այնպիսին է, երբ պարբերաբար ընտանիքները կը վերադառնան Արցախ:
«Մենք ի սկզբանէ խնդիր էինք դրել, որ երեխաների փաստաթղթերի առկայութիւնը խոչընդոտ չլինի նրանց դպրոցում սովորելու համար: Ասեմ, որ հետեւողականօրէն այս հարցը կարգաւորում ենք», յայտնեց Անդրէասեան:
Արցախցի մանուկները դասագիրքերով ապահովելու գծով ան յայտնեց, որ սկիզբէն համաձայնութիւն ձեռք բերուած է, որ բոլոր պարագաներու մէջ անոնք պէտք է ապահովուած ըլլան դասագիրքերով: Մնացած բոլոր հարցերը կը դասաւորուին մարզպետարաններուն հետ համագործակցելով: