Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) իրաւասութեան չի վերաբերիր: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Արկիւմենթի է Ֆաքթի» օրաթերթի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է դիւանագէտ, Ռուսիոյ դաշնակցային ժողովի դաշնակցութեան խորհուրդի փոխնախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւը` պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ կրնա՞ն արդեօք ՀԱՊԿ-ն ու Ռուսիան` իբրեւ կառոյցի ամէնէն հզօր անդամ, Հայաստանին աւելի եռանդուն աջակցութիւն ցուցաբերել Ազրպէյճանի դէմ տագնապին մէջ, նախ եւ առաջ` զինուորական բնագաւառին մէջ, թէ՞ «Ռուսիան հիմա Հայաստանի ժամանակ չունի»:
«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապը, իմ կարծիքովս, կազմակերպութեան իրաւասութեան չի վերաբերիր: ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներէն իւրաքանչիւրը ինքնուրոյն կ՛որոշէ իր վերաբերմունքը ատոր վերաբերեալ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ, ապա յայտնի է, որ մենք ամէնէն անկեղծ ձեւով կ՛աջակցինք լուծման: Մեր ջանքերը հաւասարապէս պահանջուած են ե՛ւ այս, ե՛ւ միւս կողմէ: Այլ ձեւով ալ կարելի չի կրնար ըլլալ, կացութիւնը կրնայ զարգանալ միայն այդ ճամբով», ըսած է Քոսաչեւ:
Ռուսիոյ դաշնակցային ժողովի դաշնակցութեան խորհուրդի փոխնախագահին համաձայն, հայ-ազրպէյճանական տագնապին մէջ միայն մէկ կողմի աջակցութեան դիրք բռնելը պիտի նշանակէր զայն աւելի խորացնել:
«Պէտք է խաղաղ լուծման դիրքորոշում որդեգրել եւ աջակցիլ, որպէսզի այդ լուծման պայմանները ընդունելի ըլլան բոլոր կողմերուն համար», նշած է Քոսաչեւ: