ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Նախքան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումը, Սերկէյ Լաւրով եւ Արարատ Միրզոյեան տեսակցեցան։
Միրզոյեան յայտնեց, թէ սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան հարցերու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յանձնաժողովներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 16-17 Մայիսին, Մոսկուայի մէջ:
«Ուզում եմ տեղեկացնել, որ ադրբեջանցի գործընկերների հետ քննարկել ենք սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովների հարցը: Կարծեմ՝ Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկի հետ կայ համաձայնութիւն, որ Մայիսի 16ին եւ 17ին Մոսկուայում տեղի կ՛ունենան կոմունիկացիաների (հաղորդակցութեան միջոցներու) հարցով քննարկումներ, կայ պայմանաւորուածութիւն, որ այնտեղ նոյն օրերին կը կազմակերպուի նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան խնդրով երկկողմ հանդիպում», ըսաւ Միրզոյեան:
Նախարարները անդրադարձան եռակողմ յայտարարութիւններով ստանձնուած յանձնառութիւններու իրականացման ընթացքին, ապա ընդգծեցին տարածաշրջանին մէջ տնտեսական կապերու եւ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապաշրջափակման անհրաժեշտութիւնը:
Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղուած քայլերու եւ Ատրպէյճանի հետ կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ:
Նշուեցաւ նաեւ, որ, ըստ նախնական տուեալներու, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երկրորդ կիսամեակին՝ Հոկտեմբերէն Դեկտեմբերին պիտի այցելէ Հայաստան: