ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա», «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ, 8 Ապրիլին յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով՝ աւելցնելով, որ յաջորդ շաբաթ Պաքու եւ Երեւան միաժամանակ պիտի յայտարարեն նախարարներուն հանդիպման թուականը:
Ըստ Մամետեարովի՝ Մոսկուայի մէջ տեղի ունենալիք հանդիպման պիտի մասնակցի նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ անձամբ մասնակցելու փափաք յայտնած է, «ինչ որ լաւ է, քանի որ Ռուսիա ծանր հրետանի է»՝ աւելցնելով. «Ռուսիա կը գտնուի մեր կողքին եւ մեր միջեւ կայ ռազմավարական գործընկերութիւն: Եթէ Ռուսիոյ ղեկավարը որոշած է իր ծանրութիւնը դնել կշիռքի վրայ՝ հասկանալու համար իրավիճակը, եւ մենք մանրակրկիտ կերպով վերլուծած ենք իրադրութիւնը, Աստուած տայ, որ յառաջդիմութիւն իրականանայ»:
«Ատրպէյճանի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հանդիպումէն որոշ ժամանակ ետք, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը կատարեց բացարձակապէս ռազմատենչ յայտարարութիւն մը՝ նոր պատերազմի, նոր տարածքներու մասին գոչիւններով: Յայտարարութիւնը, անշուշտ, նախատեսուած է ներքին լսարանի համար», ըսաւ Մամետեարով՝ աւելցնելով, որ հակամարտութեան 30 տարիներուն ընթացքին Հայաստանի մէջ վատթարացած է տնտեսական ու ժողովրդագրական վիճակը, մինչ Ատրպէյճան «դարձած է տարածաշրջանի առաջատար տնտեսութիւնը», ըսաւ նախարարը, «Մոսկուա-Պաքու» լրատուականին հետ հարցազրոյցին ընթացքին։
«Պաքու բազմաթիւ անգամներ պնդած է, թէ կարելի չէ տարածք գրաւել եւ փախչիլ դէպի Լուսին, այլ պէտք է ձգտիլ բարի դրացիութեան», ըսաւ Մամետեարով՝ աւելցնելով, որ «Սփիւռքը չ՛աջակցիր Հայաստանին»՝ պնդելով, որ «այս տարիներուն հայրենադարձ եղած է միայն նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան, որ հրաժարած է ամերիկեան քաղաքացիութենէն եւ կնոջ ու որդիներուն հետ հաստատուած է Հայաստան 1990ականներուն…
«Ներկայիս գնդակը հայերու դաշտը կը գտնուի եւ անոնք պէտք է համոզեն երկրի բնակչութեան, որ խաղաղութիւն պէտք է հաստատուի, որովհետեւ Հայաստան ապագայ չունի, եթէ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները չկարգաւորէ», նշեց ան, նոյն ժամանակ պնդելով, որ Ատրպէյճանի բնակչութիւնը կը պատրաստուի խաղաղութեան։
Բացատրելով ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի վերջին յայտարարութեան մէջ յիշատակուած մարդասիրական քայլերը՝ Մամետեարով նկատել տուաւ, որ «խօսքը երկու ատրպէյճանցիներուն մասին է, որոնք ազատազրկուած են Ղարաբաղի մէջ»՝ աւելցնելով. «Այս մէկը շատ զգայուն հարց է: Նոյնը հայկական կողմին համար, որ կը խօսի Զաւէն Կարապետեանի մասին: Այս պարունակին մէջ պէտք է փնտռել մարդոց միջեւ յարաբերութեանց ձեւեր: Անոնք որքան շատ շփուին, այնքան լաւ: Այլ տարբերակ չկայ: Միւս տարբերակը պատերազմն է: Անիկա պէ՞տք է: Պատերազմը ամբողջ տարածաշրջանը նահանջի պիտի մատնէ, ըսաւ ան՝ չյիշատակելով Ատրպէյճանի մէջ 20 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած Կարէն Ղազարեանի պարագան։
Ներկայիս Ատրպէյճան գերի կը պահէ Հայաստանի քաղաքացիներ՝ Կարէն Ղազարեանը, Արսէն Բաղդասարեանը եւ Զաւէն Կարապետեանը:
Մամետեարով խօսեցաւ նաեւ Արցախի տագնապի կարգաւորման գործընթացին մէջ բեկման հաւանականութեան մասին: Ըստ անոր՝ բեկում մը տեղի ունեցած էր 2004ին։
«Յանուն արդարութեան, մենք Վարդան Օսկանեանի հետ (Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար 1998էն 2008) այն ատեն աշխուժօրէն կը քննարկէինք կարգաւորման յստակ եւ մանրակրկիտ ծրագիրներ: Անոնց մասին հրապարակային յայտարարութիւն չէին կատարած, սակայն մեր միջեւ փոխըմբռնում կար», ըսաւ Մամետեարով:
Նշենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը չհաստատեց Մոսկուայի մէջ հանդիպման մասին տեղեկութիւնը: Նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղդալեան նշեց, որ «հանդիպման համաձայնութիւնը կը վերջնականանայ, ապա համակարգուած ձեւով յայտարարութիւն կը կատարուի, ինչպէս միշտ»: