Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով. ուղերձներու փոխանակում

March 7, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով. ուղերձներու փոխանակում

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ 4 մարտին ուղերձներ փոխանակած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով:

Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ նշած է, որ 30 տարի առաջ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ` Հայաստան եւ Լիբանան ամրագրեցին երկու ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութիւնը պետական համագործակցութեան սկիզբով: Ան ընդգծած է լիբանանահայ համայնքի եզակի եւ անգնահատելի դերը երկու եղբայրական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման գործին մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտած է, որ երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը ամուր հիմք ստեղծեց ձեւաւորելու երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան լայնածիր եւ ընդգրկուն դաշտ, ինչպէս նաեւ` միջմարդկային յարաբերութիւններու լայն շրջանակ, որ լաւագոյնս դրսեւորուած է մարտահրաւէրները եւ դժուար օրերը կողք-կողքի յաղթահարելու վճռականութեամբ եւ պատրաստակամութեամբ:

Մեծապէս կարեւոր նկատելով հայ-լիբանանեան յարաբերութիւններու ջերմ աւանդութիւնները` Արարատ Միրզոյեան վստահութիւն յայտնած է, որ «միացեալ ջանքերով կարենանք նոր բովանդակութիւն հաղորդել երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան լայն շրջանակին»:

Իր կարգին, նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ իր ուղերձին մէջ ընդգծած է, որ հայ-լիբանանեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակը կը նշուի երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան խորացման ամուր հաստատակամութեամբ:

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան բնական շարունակականութիւնն էր, ուր իր ուրոյն դերը ունի Լիբանանի հայ համայնքը` իբրեւ լիբանանեան հասարակական կառուցուածքի ընդգրկուն եւ առանցքային բաղադրիչ:

Նախարար Պու Հապիպ իր ուղերձին մէջ կարեւոր նկատած է երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն ամուր բարեկամութիւնը խաղաղութեան եւ բարդ ժամանակներու ատեն` իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան համար եւ հաստատակամ մնալով Հայաստանի անվտանգութեան ու տարածքային ամբողջականութեան Լիբանանի անխախտ դիրքորոշման:

Previous Post

Face masks still needed, says health minister

Next Post

Իրանեան ընկերութիւններ պիտի մասնակցին Հայաստանի մէջ տարանցիկ ճամբաներու կառուցման

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.