Հայաստանի խորհրդարանին մէջ լսումներ կ’իրականացուին «Սումգայիթեան ջարդեր: Հայերու նկատմամբ ատելութեան հրահրումը որպէս Ատրպէյճանի պետական քաղաքականութիւն» թեմայով: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, լսումներ իրականացնելու որոշումն ընդունեց Հայաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովը:
«Լսումներուն կը հրաւիրեն փորձագէտներու, իրադարձութիւններու անմիջական ականատեսներու, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու ներկայացուցիչներու: Լսումներու նպատակն է միջազգային հանրութիւնը տեղեկացնել այս իրադարձութիւններուն եւ Ատրպէյճանի կողմէ վարած պետական քաղաքականութեան մասին»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` ընդգծեց ՀՀ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան:
Լսումները կ’իրականացուին փետրուար 22-ին, ժամը 12:00-ին: Յանձնաժողովի անդամները միաձայն կողմ արտայայտուեցան լսումներ իրականացնելու որոշման: