ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԱՊՀ եօթը երկիրներու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու միացեալ համակարգի մարտական պատրաստութեան բարձրացման միջոցառումներու շրջագիծին մէջ՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու վարժանքը։ «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Շուշան Ստեփանեան։ Ըստ անոր՝ վարժանքը կազմակերպուեցաւ երեք փուլով՝ պայմանական թշնամիի օդային թիրախներու յայտնաբերում, ոչնչացում եւ մնացորդներու ոչնչացում նիւթով:
Մամլոյ բանբերը ընդգծեց, որ Հայաստանի զինուած ուժերու Հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները բաւական բարձր մակարդակով կատարեցին իրենց դիմաց առաջադրուած հարցները։
«Վարժանքին ներգրաւուած են եղել ե՛ւ կործանիչ աւիացիան, ե՛ւ զենիթահրթիռային զօրքերը, ե՛ւ տեխնիկական զօրքերը։ Վարժանքի ընդհանուր արդիւնքներով ստորաբաժանումները ստացել են «լաւ» գնահատական», ըսաւ Ստեփանեան։