Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 փետրուարին ընդունած է Զուիցերիոյ խորհրդարանի նախագահ Տոմինիք Տը Պիւմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին խորհրդարանի փոխնախագահներ, հոն ներկայացուած բոլոր խմբակցութիւններուն ներկայացուցիչները:
Ողջունելով հիւրերը` նախագահ Սարգսեան նշած է, թէ առաջին անգամ է, որ բարեկամ Զուիցերիայէն այսպիսի ներկայացուցչական պատուիրակութիւն մը Հայաստան կ’այցելէ, եւ ասիկա վկայութիւն է այն մասին, որ հայ-զուիցերիական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են, ինչպէս նաեւ երկու ժողովուրդներուն միջեւ առկայ է փոխադարձ համակրանք: Նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ խօսած է մնայուն թափով զարգացող երկկողմանի միջպետական յարաբերութիւններուն մասին եւ վստահութիւն յայտնած, որ պատուիրակութեան յագեցած օրակարգով այցելութիւնը անպայման իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հայ-զուիցերիական համագործակցութեան ամրապնդման վրայ:
Նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է Տոմինիք Տը Պիւմանին` հայ-զուիցերիական կապերու ամրապնդման մէջ ցարդ ունեցած հետեւողական աշխատանքին եւ նուիրումին համար: Ընդգծելով, որ Զուիցերիան Հայաստանի համար միշտ ալ եղած է վստահելի գործընկեր, նախագահ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է այդ բարեկամ երկրին` Հայաստանի բոլոր դժուար պահերուն հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալուն եւ անոր աջակցելուն համար:
Հանրապետութեան նախագահն ու Զուիցերիոյ խորհրդարանի նախագահը միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ երկուստեք կարեւոր նկատած են միջխորհրդարանական համագործակցութեան դերը, որ, ըստ զրուցակիցներուն, լաւագոյնս կը համընկնի միջպետական օրակարգին` իւրովի նպաստելով ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման: Այդ պարունակին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհրդանշական նկատած է այն հետաքրքրական զուգադիպութիւնը, ըստ որուն, Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ խորհրդարանական բարեկամութեան խումբերու նախկին նախագահները ներկայիս կը ղեկավարեն Հայաստանի եւ Զուիցերիոյ օրէնսդիր մարմինները, ինչ որ կրկնակի պարտականութիւն կը դնէ անոնց ուսերուն` խորացնելու կապերը երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութիւնը, որ նաեւ կը ծառայէ երկու երկիրներու կապերուն սերտացման:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու Տոմինիք Տը Պիւմանը կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու խորհրդարանականներուն սերտ համագործակցութիւնը միջազգային հարթակներու վրայ: Նախագահ Սարգսեան յատկապէս բարձր գնահատած է 2012 թուականին, Տոմինիք Տը Պիւմանի գլխաւորութեամբ, Զուիցերիոյ խորհրդարանականներու բարեկամական խումբին այցելութիւնը Արցախ` նշելով, որ նման այցելութիւնները առիթ են տեղւոյն վրայ եւ անձամբ ծանօթանալու իրավիճակին:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին շուրջ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է Զուիցերիոյ` այս տագնապին մէջ հաւասարակշռուած դիրքորոշման, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աջակցելու եւ տագնապի հանգուցալուծման նպաստելու պատրաստակամութեան եւ ջանքերուն համար: