ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՀԱՍԱՐԱԿԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՉ, ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԳԻՐ, Yerepouni-news.com ԿԱՅՔԻ ԽՄԲԱԳԻՐ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆԻ ՀԵՏ
Ստորեւ թարգմանաբար կը ներկայացնենք Իրանի Իսլամական հանրապետութեան www.tasnimnews.com- Tasnim News Agency լրատուական գործակալութեան հարցազրոյցը լիբանանահայ հասարակական գործիչ, հրապարակագիր, խմբագիր Ահարոն Շխրտըմեանի հետ:
Question – how do you see armenian-iranian relations after the elections in the two countries ?
Պատասխան- Իրանը եւ Հայաստանը դարերէ ի վեր դրացի պետութիւններ եղած են: Երկու պետութիւնները շրջանային եւ միջազգային աշխարհաքաղաքական շատ կարեւոր զարգացումներու ականատես դարձան վերջին տարիներուն: Երկու պետութիւններուն մէջ տեղի ունեցան կարեւոր եւ անկիւնադարձային ընտրութիւններ: Հայաստանի պարագային՝ խորհրդարանական, Իրանի՝ նախագահական: Զոյգ ընտրութիւնները տեղի ունեցան ազատ, թափանցիկ պայմաններու մէջ:
Հայաստանի երեսնամեայ շրջափակումի ընթացքին, Իրանը այն պետութիւնն էր, որ շարունակեց Հայաստանի հետ գործակցութիւնը զանազան ոլորտներու մէջ, յատկապէս՝ տնտեսական:
Միջազգային եւ շրջանային շատ ուժեր հաշտ աչքով չեն դիտեր Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ զարգացող փոխյարաբերութիւնները: Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Մայք Փոմփէուն այդ առաքելութեամբ ժամանեց Երեւան եւ վարչապետ Փաշինեանէն պահանջեց մաս կազմել Իրանի դէմ Ուաշինկթընի ստեղծած ճակատին՝ խզել Թեհրանի հետ յարաբերութիւնները: Հայաստանի վարչապետը մասամբ տեղի տուաւ ամերիկեան ճնշումներուն: Սակայն Հայաստան եւ Իրան ունին նոյնանման մտահոգութիւններ: Հետեւաբար անհրաժեշտ է աւելի ամուր հիմքերու վրայ դնել երկու պետութիւններուն միջեւ փոխյարաբերութիւնները:
Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը նաեւ կայունութեան կարեւոր գործօն կրնայ ծառայել Կովկասի բոլոր պետութիւններուն համար: Այդ գործակցութիւնը կրնայ աշխարհաքաղական նոր հաւասարակշութիւն մը ստեղծել տարածարջանին մէջ: Յոյսով եմ, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը լուրջ վերատեսութեան կ’ենթարկէ հայ-իրանական յարաբերութիւնները:
Իմ կարծիքով, ինչպէս ընտրութիւններէն առաջ, ընտրութիւններէն ետք նոյնպէս համագորակցութեան եւ փոխհասկացողութեան ճանապարհով պիտի շարունակեն զարգանալ հայ-իրանական յարաբերութիւնները:
Պէտք է ըսել, որ Հայաստանը Իրանի դրացի այն միակ պետութիւնն է, որ քաղաքական բնոյթի ոչ մէկ հակասութիւն ունի անոր հետ:
Question- After Armenian elections foreign policy will be a key issue given that Armenia/s noticeable lack of true allies during last year’s war with Azerbaijan. Russia stood by idly until the end, when it brokered the ceasfire, Iran- like Russia- pusued a neutral official approach. In your opinion, what are the challenges that Armenia faces with the allies. And how do you expect to draw its foreign policy ?
Պատասխան- Իրան միշտ ալ կառուցողական եւ չափաւորական կեցուածք ցուցաբերած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ, միշտ շեշտելով հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը եւ մինչեւ իսկ նախաձեռնութիւններ ստանձնած է այս ուղղութեամբ: Թեհրանը աշխարհի այն քիչ պետութիւններէն է, որ տուրք չտուաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը կրօնական շղարշի տակ ներկայացնելու Ազրպէյճանի քայլերուն:
Մի մոռնաք, որ Իրան կարմիր գիծ յայտարարած է Հայաստանի հանրապետութեան սահմանագիծերը փոփոխութեան ենթարկելու փորձերը:
Իրան միշտ շեշտած է՝ բացառապէս խաղաղ ճանապարհով լուծել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ լուծման ընդմէջէն, Իրանի համար ամենակարեւորը անոր սահմաններուն անվտանգութիւնն է եւ անշուշտ Կովկասի մէջ իր ներազդեցութեան պահպանումը: Իրան, շատ մը երկիրներու նման հաշտ աչքով չի դիտեր Կովկասի մէջ թրքական գործօնին հզօրացումը, ինչպէս նաեւ Պաքու- Անգարա, Պաքու-Թել Աւիւ-Անգարա սերտ համագորակցութիւնը:
Question- Iran supports both sides Armenia and Azerbaijan. But during the latest round of fighting Azerbaijan enjoyed support from relatively powerful nations: Israel and Turkey, but Armenia withdrew its ambassador in Tel Aviv in protest
In your opinion, Iran’s political and economix interests are alignes with whom, with Armenia or Azerbaijan.
Պատասխան- 2015 թուականի ամռանը Արեւմուտքի հետ միջուկային համաձայնագիրը կնքելէ ետք, Իրան աւելի արագ կերպով զարգացուց Հայաստանի եւ Ազրպէճանի հետ իր յարաբերութիւնները: Իրան միաժամանակ աւելի յաճախակի շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մէջ իր միջնորդութեան անհրաժեշտութիւնը: Թեհրան սկսաւ բոլորին բացատրել, որ առանց իր մասնակցութեան դժուար պիտի ըլլայ կայուն խաղաղութիւն հաստատել տարածաշրջանին մէջ: Թեհրանի համար անընդունելի է արմատական կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ներկայութիւնը յատկապէս իր սահմաններուն կից շրջաններու մէջ:
Իրան շրջանային հզօր ուժ մը դարձած է այսօր: Ոչ ոք կրնայ անտեսել այս իրողութիւնը: Հայաստանի համար շատ կարեւոր է իր կողքին ունենալ Իրանի եւ Ռուսիոյ նման հզօր դաշնակիցներ: Ռուսիոյ եւ Իրանի թուլացումէն առաջին տուժողը Հայաստանը կրնայ դառնալ Կովկասի մէջ:
Ղարաբաղի հարցը նոր կացութիւններու առջեւ կրնայ դնել շրջանի պետութիւնները: Հայաստանը իբրեւ մնայուն թշնամի ունենալով Թուրքիան, կրնայ մնայուն բարեկամ մը ունենալ ի դէմս Իրանի:
Գալով Հայաստանին, վստահ եմ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Հայաստան աւելի յստակ քաղաքականութիւն պարտի վարել շատ մը պետութիւններու հետ, սկսելով Իսրայէլէն: Հայաստանի համար լուրջ մտահոգութիւն պէտք է ըլլայ Պաքու- Անգարա գործակցութիւնը եւ անկէ բխող սպառնալիքները:
Այո’ բացթողումներ ալ կան հայ-իրանական յարաբերութիւններուն, մէջ, որոնք անհրաժեշտ է շուտափոյթ կարգաւորել:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նշանակալից կարեւորութիւն կը ներկայացնեն հայ-իրանական յարաբերութիւնները եւ անոնց զարգացման հեռանկարները:
Իրան պիտի շարունակէ մնալ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը: