Կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին, նախագահութեամբ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանի եւ Երուանդ Փամպուքեանի, Անթիլիասի մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ եռօրեայ համաժողով` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին:
Դահլիճին մէջ համախմբուած ակադեմիկոսներն ու պատմաբանները, ինչպէս նաեւ պետական ու հասարակական գործիչները ցարդ գումարած են 6 նիստեր, որոնք կ՛անդրադառնան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմական նշանակութեան (դասախօսներ` փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեան եւ Երուանդ Փամպուքեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման պատմաքաղաքական ենթահողին (զեկուցաբերներ` փրոֆ. Վահան Մելիքեան, փրոֆ. Ռուբէն Սահակեան եւ փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան, ատենապետ` Շահան արք. Սարգիսեան), Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան պետաիրաւական կառուցուածքին եւ ներքին դրութեան (զեկուցաբերներ` փրոֆ. Արարատ Յակոբեան, փրոֆ. Վահրամ Բալայեան, դոկտ. Սուրէն Սարգսեան, ատենապետ` ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան), Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան (զեկուցաբերներ` փրոֆ. Գեղամ Պետրոսեան, դոկտ. Արմենուհի Ղամբարեան, դոկտ. Վարդան Ոսկանեան, ատենապետ` Կիրօ Մանոյեան), Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացման (զեկուցաբերներ` փրոֆ. Ռուբէն Սաֆրաստեան, փրոֆ. Կարէն Խաչատրեան, փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան, ատենապետ` դոկտ. Կարէն Խանլարեան) եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դերը հայկական իրաւունքներու հետապնդման գործին մէջ (զեկուցաբերներ` դոկտ. Վլատիմիր Վարդանեան, դոկտ. Արմէն Մարուքեան, դոկտ. Արման Կիրակոսեան, ատենապետ փրոֆ. Համլեթ Յարութիւնեան):
Ժողովականները կէսօրին ուղղուեցան Ժիպէյլ եւ այցելեցին «Թռչնոց բոյն» ու Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան: Հոն անոնք ծանօթացան «Թռչնոց բոյն»-ի հիմնադրութեան պատմութեան եւ ներկայ իրավիճակին ու մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ լսեցին թանգարանին շինութեան հոլովոյթին ու ապագայ ծրագիրներուն մասին:
Նշենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին նուիրուած համաժողովը իր նիստերը կ՛աւարտէ այսօր` ուրբաթ, 23 մարտ 2018-ին: