Կիրակի« 18 Սեպտեմբերին« 2011« Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը իր տարիներու գեղեցիկ աւանդութիւնը շարունակելով« համաժողովրդային փառատօնով մը նշեց մեր փառապանծ հայրենիքի նորանկախ Հանրապետութեան 20րդ տարեդարձը: Այս տարուանը բնորոշիչ էր նաեւ այլ հաճելի զուգադիպութեամբ մը« որով միեւնոյն քաղաքին մէջ “Կլենտէյլ” բացումը կը կատարուէր Հայաստանի Հանրապետութեան աւագ հիւպատոսարանի սեփական կեդրոնատեղիին:
ՆՍՄՄ-ի կազմակերպած փառատօնին առիթով Կլենտէյլի Վերտուկօ հանրածանօթ զբօսայգին զգեցած էր տօնական տեսք եւ դարձած հարաւային Գալիֆորնիոյ տարբեր շրջաններէն ժամանած հազարաւոր հայերու հանդիպման վայրը:
Արդարեւ« այս տարեդարձը միանգամայն ճակատագրական հանգրուանի մը առջեւ կը դնէր մեր հայրենիքը: Քանի որ խիստ աննպաստ զարգացումներու դիմաց էր մեր երկիրը, (հայ թրքական յարաբերութիւններ արտագաղթ« անգործութիւն« եւայլն: Հայ ժողովուրդին կը մնար միաձայն եւ միակամ կանգնիլ« յաղթահարելու համար առկայ դժուարութիւնները:
Կէսօրուան ժամը 12ին« Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան անդամներէն Ստեփան Յովակիմեան փառատօնի բեմահարթակէն ելոյթ ունենալով« կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ողջունեց բազմահազար ներկայ հասարակութիւնը: Շնորհաւորելէ ետք մեր Հայրենիքի անկախութեան 20րդ տարեդարձը« մաղթեց խաղաղ ու բարգաւաճ տարիներ« ուր միշտ թեւածեն ազատութիւնը« ժողովրդավարութիւնն ու արժանապատիւ կեանքը:
Այնուհետեւ, ան բեմ հրաւիրեց երգիչ Արա Սահակեանը, որ գեղեցկօրէն հնչեցուց ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի քայլերգները:
Ապա բեմ բարձրացան թեմիս բարեխնամ առաջնորդª Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչª Տ. Պարէթ Ծ. Վրդ. Երէցեան եւ Տ. Մամբրէ Քհնյ. Քէսապեան, որոնք եկեղեցական արարողութեամբ բացումը կատարեցին օրուան հանդիսութեան: Հուսկ, պաշտօնական բաժնով յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Կլենտէյլի քաղաքապետª Լորա Ֆրիտման, Քաղաքապետական որհուրդի անդամներª Արա Նաճարեան եւ Ֆրէնք Քինթէրօ, Գալիֆորնիոյ Նահանգային որհուրդի անդամներª Անթոնի Փորթանթինօ եւ Մայք Կաթոյի ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ ծերակուտական Ատամ Շիֆ: Բոլոր ելոյթ ունեցողները շնորհաւորեցին Հայաստանի անկախութեան քսանամեակը եւ դրուատեցին ամերիկահայութեան ներդրումը թէ Հայաստանի եւ թէ Ամերիկեան կեանքին: Այս պաշտօնական բաժնի աւարտին ելոյթ ունեցաւ ՆՍՄՄ-ի ժրաջան ատենապետ Յարութ Տէր Դաւիթեան որ ըսաւ ՚Ժողովրդային քուէարկութեամբ ստեղծուած Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնը եւ Արցախեան ազատամարտի յաջողութիւնը մեր պատմութեան մեծագոյն յաղթանակներու շարքին դասելով« Յարութ Տէր Դաւիթեան ցաւ յայտնեց որ անցնող տարիներուն մենք չկրցանք ամրակայել զանոնք: Աւատապետական դրութեան մը հաստատումը« օրէնքներու քմահաճ կիրարկումը« շարունակուող արտագաղթը եւ այլ ժահրեր կը սպառնան փճացնել այդ յաղթանակները« եթէ մենք մեր մէջ չի վերականգնենք այն ազնիւ ու ազգասէր ոգին« որ ծնունդ տուաւ այդ յաղթանակներուն: Հետեւաբար ան կոչ ուղղեց բոլորին« որ թիկունք կանգնին բոլոր անոնց« որոնք կը պայքարին յանուն ժողովրդավար ու արդար Հայաստանի մը գոյառմանՙ:
Ժողովուրդի ուրախ տրամադրութիւնն իր գագաթնակէտին հասաւ գեղարուեստական աննախընթաց ճոխ յայտագիրի գործադրութեամբ, որուն մաս կազմեցին արուեստագէտներª Յարութ Յակոբեան, Գաբօ, Արշամ, Շիրազ, աչիկ Քարատանեան, Սարգիս, Յովհաննէս, Շահպազեան, Տիքօ Ասատրեան, Արա Մարտիրոսեան, ջութակահար Ալըն, տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեան եւ 12 ամեայ յայտնութիւն Էլիանա Յակոբեան:
Այս տարի եւս Լիլիա պարախումբի անդամները ղեկավարութեամբ Լիլիա Մարգարեանի հանդիսատեսները գրաւեցին իրենց բարձրարուեստ կատարումներով: Օրուան յայտնութիւնն էր Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան նորակազմ մանկական պարախումբը, որու դեռատի անդամները իրենց հայկական եւ օտար պարերով հմայեցին ներկաները: Շատ հաճելի անակնկալ էր նաեւ Սէմ աքրոպաթիք ակատեմիայի անդամներու կատարումները, որ ապշեցուցին հանդիսատեսները:
Քսանամեակի տօնական ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան առաջին ժամերը£ Տօնական զուարթ մթնոլորտի մէջ շարունակուեցան տարբեր տարիքի եւ խմբաւորումներու յատուկ հաճելի միջոցառումնե£ Իսկ տասնեակ մը տաղաւարներու մօտª այցելուները առիթ ունեցան ծանօթանալու հայ արուեստի նմոյշներու, գնելով տարբեր տեսակի յուշանուէրներ եւ հայկական ու միջին արեւելեան համադամ ուտելիքներ եւ այլն:
Այս մեծածաւալ միջոցառումին առթիւ մեր գնահատանքը կÿերթայ ՆՍՄՄի վարչութեան եւ իրեն աջակցող նուիրեալ կամաւորներուն« մասնաւորաբար Հ©Մ©Մ©ի եւ ՚Կայծՙի պատանեկան ու երիտասարդական միաւորներուն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմնին« որոնց շնորհիւ իրականութիւն դարձաւ սոյն հայրենանուէր ու արդիւնաւէտ իրադրութիւնը:
ՏՈՔԹ. ԱՐՇԱԿ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ
www.araraddailynews.com