ՖԻՖԱն Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբերին, հրապարակեց ազգային հաւաքականներու դասակարգման Նոյեմբեր ամսուան ցանկը: Հայաստանի ընտրանին, հաշուետու ժամանակահատուածին 6-2 յաղթելով Ճիպրալթարին եւ 2-2 հաւասարութեամբ Լիխտենշթայնի հետ, 211 հաւաքականներուն մէջ մնացած է նոյն՝ 101րդ հորիզոնական դիրքին վրայ:
Համաշխարհային դասակարգման առաջատարը կը շարունակէ մնալ աշխարհի վերջին ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր Պելճիքայի հաւաքականը: