ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինուած ուժերը 19 Յուլիսի երեկոյեան, անգամ մը եւս սադրիչ գործողութիւններու դիմեցին եւ երեկոյեան ժամը 6:40էն սկսեալ, ատրպէյճանական ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացին հայ-ատրպէյճանական սահմանի Երասխի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք ծաւալած է փոխհրաձգութիւն: Այս մասին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ շեշտելով, որ հայկական կողմէ զոհեր եւ վիրաւորներ չկան:
Ըստ աղբիւրին` Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը խստիւ կը դատապատէ ատրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքը եւ կը նախազգուշացնէ, որ նման որեւէ գործողութիւն պիտի արժանանայ հայկական կողմի կոշտ արձագանգին: «Իրադրութեան սրման ողջ պատասխանատուութիւնն ընկնում է Ադրբեջանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ», հաստատեց նախարարութիւնը։
Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ 19 Յուլիսին, միջադէպ մը արձանագրուեցաւ նաեւ Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի սահմանային հատուածին մէջ: Արդարեւ, համայնքի բնակիչ հնձան վարողը, ապակողմնորոշուելով տարածքին մէջ, յայտնուեցաւ ատրպէյճանական զինուած ուժերու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքին մէջ:
«Հայ դիրքապահների, ռուս սահմանապահների եւ համայնքի ղեկավարութեան ջանքերով հնձան վարողը, ինչպէս նաեւ հնձանը վերադարձուել են հայկական կողմին», կը տեղեկացնէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: