ԱԹԷՆՔ, «Ազատ Օր»․- Մօտէն հետեւելով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ ատրպէյճանցիներու կատարած ոտնձգութիւններու ծաւալումը, Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Twitter-ի իր էջին վրայ կատարեց հրապարակում մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Նախարարութիւնը, ակնարկելով նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի սահմաններու հատումին ու ներթափանցումին՝ կը նշէ, թէ պէտք է կանգ առնեն միակողմի արարքները, որոնք կը խափանեն շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը։
Ստորեւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան գրառումը․
«Մասնաւորապէս մտահոգիչ է լարուածութիւնը, որ ստեղծուած է Հայաստանի սահմաններու երկայնքին։ Պէտք է յարգուի Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը։ Անհրաժեշտ է խուսափիլ որեւէ միակողմի արարքներէ, որոնք կրնան խափանել շրջանային խաղաղութիւնը եւ կայութիւնը»։