Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռուսիքօ Սիխարվլիձէի բաժակ» մարմնամարզութեան միջազգային մրցաշարքը, որուն ընթացքին Հայաստանի խումբը նուաճեց 5 ոսկիէ, 3 արծաթէ եւ 5 պրոնզէ մետալներ:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի հաւաքականը այս մրցաշարքին մասնակցեցաւ տղաներու եւ աղջիկներու խումբերով (աղջիկներէն մրցումներուն մասնակցեցան միայն երկու մարզիկներ): Տղաներու հաւաքականը՝ 9 մասնակցող երկիրներու հաշուարկին մէջ գրաւեց 3րդ տեղը:
Մասնակցող խումբերն էին՝ Ռուսիա, Պելառուս, Ուքրանիա, Ղազախստան, Իւզպեքիստան, Լաթվիա, Վրաստան եւ Հայաստան:
Մեծահասակներու պայքարին մէջ Արթուր Աւետիսեան բազմամարտի մէջ գրաւեց 3րդ, օղակներու վարժութեան՝ առաջին, իսկ նժոյգթափերու՝ 3րդ տեղը: Երիտասարդներու պայքարին մէջ Էրիկ Պաղտասարեան նուաճեց 2 ոսկիէ մետալ (զուգափայտեր եւ պտտաձող): Ժորա Սմբատեան բազմամարտի մէջ 3-րդն էր, իսկ ազատ վարժութեան ու օղակներու մէջ‘ 1-ինը, միայն նժոյգթափերու մէջ ան գրաւեց 2-րդ տեղը: Գագիկ Խաչիկեան երկու արծաթէ մետալ նուաճեց ազատ վարժութեան մէջ եւ պտտաձողերու վրայ, իսկ Նարպէյ Յակոբեան բաւարարուեցաւ մէկ պրոնզէ մետալով: