Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մեկնաբանեց Երկուշաբթի, 20 Մայիսի առաւօտէն Հայաստանի բոլոր դատարաններու մուտքերը արգելափակելու իր կոչին խորհուրդն ու նպատակը: Ըստ Armenpress.am-ի՝ դատաիրաւական համակարգին վերաբերեալ իր ուղերձին մէջ ՀՀ վարչապետը մանրամասնեց, որ այդ շարժման առանցքային խորհրդանիշը այն է, որ Հայաստանի մէջ չի կրնար դատական համակարգ ըլլալ, որ չունի ժողովուրդին վստահութիւնը:
«Հակառակ պարագային նոյնիսկ ամենահիմնաւորուած որոշումը ժողովուրդը պիտի ընկալէ իբրեւ վիրաւորանք, որովհետեւ դատավճիռները կը կայացուին յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին անունով: Եւ այդ վճիռները կրնան կայացնել միայն այնպիսի մարդիկ, որոնք ունին Հայաստանի Հանրապետութեան, այսինքն՝ ժողովուրդին անունով խօսելու օրինական իրաւունք»,- ըսաւ ՀՀ վարչապետը:
Յիշեցնենք, որ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ քաղաքացիներուն կոչ ըրած էր 20 Մայիսի առաւօտեան ժամը 08:30-էն սկսեալ, արգելափակելու Հանրապետութեան դատարաններուն մուտքերն ու ելքերը: