2014 թուականը ԱՊՀ-ի մէջ հռչակուած է զբօսաշրջութեան տարի: Ոլորտի պատասխանատուներուն համար այս առումով տարին բաւական խճողուած պիտի ըլլայ, յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մեխակ Ապրեսեանը: «Ոլորտի զարգացման գլխաւոր գրաւականներից է ակտիւ եւ արդիւնաւէտ միջազգային համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս՝ ԱՊՀ տարածքում, որտեղից մեծ է զբօսաշրջիկների հոսքը մեր երկիր: Արդէն պատրաստ է միջոցառումների նախնական ծրագիրը, որը կը հաստատուի Մարտին կայանալիք ԱՊՀ զբօսաշրջութեան հարցերով խորհրդի նիստում: Այդ գործընթացին ակտիւօրէն մասնակցում է նաեւ մեր երկիրը», նշեց ան:
Զբօսաշրջութեան տարին խթան պիտի հանդիսանայ բնագաւառի զարգացման եւ մասնագէտներու միջեւ փոխգործակցութեան, մասնաւորապէս՝ միացեալ զբօսաշրջային արդիւնք ստեղծելու եւ շուկայ հանելու իմաստով: Ռուսիոյ զբօսաշրջութեան գործակալութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Վալերի Քորովքինը յայտարարած է, որ պատրաստ է ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւնը ԱՊՀ տարածքին մէջ: «Ատիկա լուրջ փաստաթուղթ է, որով փորձած ենք ներկայացնել ոլորտի երկարաժամկէտ զարգացման ուղենիշները: Յոյսով ենք, որ այս փաստաթուղթը պիտի նպաստէ զբօսաշրջութեան ոլորտին մէջ ջանքերու միաւորման», յայտնած է ան:
Առաջին հերթին կարեւոր են ենթակառուցուածքներու զարգացումը եւ ծառայութիւններու որակը, մատչելիութիւնը եւ արդիականացումը: Այս առումով Հայաստանի մէջ տարուէ տարի կը կատարուի մեծ աշխատանք: Ամէն տարի Հայաստանի մէջ կը սկսի գործելու 10 նոր պանդոկ: Հայաստանի մէջ կան տարատեսակ զբօսաշրջութեան զարգացման հնարաւորութիւններ: Միայն պատմամշակութային կառոյցներուն թիւը կը հասնի 24 հազարի: