ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատութիւնը կը կազմէ շուրջ 2,3 տոկոս:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կենսաթոշակի նուազագոյն շեմ սահմանելու մասին օրէնքի ներկայացման ատեն Ազգային ժողովին մէջ ըսաւ Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու փոխնախարար Սմբատ Սաիեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Միքայէլ Մելքումեան հետաքրքրուեցաւ երկրին մէջ ծայրայեղ աղքատներուն թիւով:
«Ծայրայեղ աղքատութիւնը երկրին մէջ կը կազմէ շուրջ 2,3 տոկոս: Բայց այս չի նշանակեր, թէ պետութիւնը գիտէ բոլոր ծայրայեղ աղքատներուն տեղը: Շուրջ 60-70 հազար անձեր Հայաստանի մէջ ծայրայեղ աղքատ են: Սակայն բոլորը կենսաթոշակառուներ չեն: 2,3 տոկոսին չնչին մասն է, որ կենսաթոշակառու է: Նոյն ժամանակ՝ կենսաթոշակառուները աղքատութեան վտանգին աւելի ենթակայ են՝ նկատի ունենալով աշխատանքային եկամուտներ ունենալու հնարաւորութեան սահմանափակումը», նշեց Սաիեան:
Ան տեղեկացուց, որ կենսաթոշակի չափի 1000 դրամով բարձրացումը կ՛ենթադրէ շուրջ 5 միլիառ դրամ լրացուցիչ ծախս: Սաիեան շեշտեց, որ օրէնքին մէջ ամրագրուած է յստակ նպատակ՝ ապահովել առնուազն գնաճի նկատմամբ յառաջանցիկ կենսաթոշակի միջին չափի աճ: