ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ 16 Մարտին մեկնարկեցին մարտավարական եւ մարտավարամասնագիտական միացեալ զօրավարժութիւններ:
Զօրավարժութիւններուն մէջ ներառուած են զօրամասերը, իսկ ստորաբաժանումները բերուած են մարտական պատրաստականութեան համապատասխան աստիճաններու եւ անձնակազմը մեկնած է տեղակայման շրջաններ:
Վարժութիւնները ծաւալեցան զինուած ուժերու, զօրամիաւորումներու եւ զինուած ուժերու զօրատեսակներու կառավարման կէտերուն մէջ, ուր կ՛իրականացուին զօրավարժութիւններու մարտական հրաձգութեան փուլերու եւ հաշուարկներու ճշգրտման, ստորաբաժանումներու ու կրակի կառավարման մարզումներու նախապատրաստական աշխատանքներ: