Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանի Մէջ Պիտի Արտադրուին Թոքերու Արհեստական Շնչառութեան Սարքեր

April 17, 2020
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Հայաստանի Մէջ Պիտի Արտադրուին Թոքերու Արհեստական Շնչառութեան Սարքեր

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կառավարութիւնը 2020-ի պետական ամավարկին մէջ վերաբաշխում կատարեց եւ առանց մրցոյթի` դրամաշնորհ տրամադրելու համար գումար յատկացուց Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան։

Որոշումով թոյլ տրուեցաւ Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութեան` նախատեսուած գումարէն Թոքերու արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման համար՝ գաղափարի, նախագծման եւ նմուշի նախատիպի մշակման աշխատանքներու իրականացման նպատակով 2020-ի առաջին կիսամեակին, «Ճարտարարուեստի միութիւն կազմակերպութեան առանց մրցոյթի որպէս դրամաշնորհ տրամադրելու 90 միլիոն դրամ:

Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ, նախարարութիւնը յայտարարած էր թոքերու արհեստական շնչառական սարքերու ստեղծման գաղափարներու մասնագիտական ուսումնասիրութեան, նախագծման աշխատանքներու գործընթաց, եւ ստացած է 300 յայտեր ու առաջարկներ:

Ըստ անոր՝ այս որոշումով կարելիութիւն պիտի ստեղծուի թոքերու արհեստական շնչառութեան սարքերու ներքին պահանջարկը բաւարարելու, աջակցիլ առողջապահական համակարգին։ Ան աւելցուց, որ 4-6 ամիսներու ընթացքին կարելի է հասնիլ արտադրական վիճակի եւ ունենալ աշխատող սարքեր: Այդ պարագային սարքերը շուկայական գինէն կրկնակի աժան պիտի ըլլան: Հնարաւորութիւնը պիտի ունենան արտադրելու ամսական 40-50 սարքեր:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր կարգին նշեց, որ թէեւ կայ տեսակէտ, որ եղանակը երբ սկսի տաքնալու «Քորոնա» ժահրի համաճառակը անկում կրնայ ունենալ, բայց կրնայ ըլլալ, որ աշնան, ապա նաեւ ձմրան ունենանք վարակի թիւի աճ: Այնպէս որ վարչապետը կարեւոր համարեց նախագիծը:

Առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան նկատել տուաւ, որ եթէ նոյնիսկ համաճարակը անցնի, այդ սարքերը մեզի պէտք պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք ընթացքին շարքէ դուրս կու գան:

Previous Post

Մեղադրանք Նաւասարդ Արքեպիսկոպոս Կճոյեանի Դէմ

Next Post

«Հայաստան Կը Պաշտպանի Արցախի Ժողովրդի Ինքնորոշման Իրաւունքի Իրականացումը՝ Առանց Որեւէ Սահմանափակման»․ ԱԳՆ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.